ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

Ժուլիանա Աւագեան եւ Էրիկա Սեդրակեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

 

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆ

Յիսուսի ծնունդը քրիստոնէութեան գլխաւոր տօներէն մէկն է։ Կը նշենք Յունուար 6-ին։ Կաթոլիկ եկեղեցին զայն կը նշէ Դեկտեմբեր 25-ին։ Մարդիկ զիրար կ’ողջունեն ըսելով՝ ՙՔրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս՚, ու պատասխան կը ստանան՝ ՙՕրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի՚։

Այդ օրը մարդիկ եկեղեցիէն վառած մոմեր իրենց տունը կը տանին եւ կը սկսին տօնել Սուրբ Ծնունդը։

Ես կը նշեմ ընտանիքիս հետ։ Սուրբ Ծնունդին տօնածառ կը դնենք, նուէրներ կու տանք իրարու, յիշելու համար մոգերը, որոնք ընծաներ նուիրաբերեցին Յիսուս մանուկին։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս

12 Նոյեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան