Շաբաթ, 19 Նոյեմբերին, ԾԻԾԵՌՆԱԿ Դպրոցասէրի նորաւարտ աշակերտներուն նուիրեց կայքէջին մէջ անոնց երեք տարուան ներդրումը ամփոփող գիրքը։
Ստորեւ՝ ուսուցչուհիին խօսքը եւ գիրքին յղումը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Շաբաթ, 19 Նոյեմբերի հանդէսէն ուրախ պահ մը
ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻԻՆ ԽՕՍՔԸ
Թանկագին աշակերտներս,
ԾԻԾԵՌՆԱԿ կայքէջի եռանդուն աշխատակիցները եղաք երեք տարի, 7-րդ դասարանէն սկսեալ։
Կայքէջը իր անունը կը պարտի ձեզի։ Ղազարոս Աղայեանի «կրկին բոյն շինող» ծիծեռնակը բացաւ անոր առաջին էջը։ Դո՜ւք զայն պատգամեցիք, նկարեցիք, խաղ պատրաստեցիք ու մտածել տուիք ինծի։
Յետոյ, միասնաբար առինք թեւեր, սաւառնեցանք իսկական ծիծեռնակներու պէս, սկսանք ըմբռնել բանաստեղծութիւնը, սորվեցանք մտածել, փնտռել, ազատօրէն ստեղծելու համը առինք։ Մօտեցանք մարդկային եւ ազգային արժէքներու, գլխաւորը՝ մեր լեզուին, որուն շուրջ քաղցրօրէն բոլորուեցանք ու մեր կարողութեան չափով զայն արժեւորել ու անով արժեւորուիլ փորձեցինք։
Դուք աւարտեցիք Դպրոցասէրը։ Շնորհաւոր ըլլայ։ Հիմա դարձած էք նախկին դպրոցասէրցիներ։ Եւ իբրեւ Դպրոցասէրի մէջ հասունցած երիտասարդներ արդէն այլ ձեւով պիտի համախմբուինք ԾԻԾԵՌՆԱԿի ծրագիրներուն շուրջ եւ Դպրոցասէրին, որուն մշտական սաներն էք, թանկագին աշակերտներս։
Իմ եւ ձեր կողմէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ դպրոցի տնօրէն՝ պարոն Հայկ Սարգիսեանին։ Անոր արգելազրկող «այո»ն մեզ զերծ կը պահէ յուսահատութենէ։
Սիրելիներ, մենք միասին դեռ ճամբայ ունինք կտրելիք։ Հիմակուհիմա՝ բարի շարունակութիւն։
Ձեր ուսուցչուհին՝
Նորա Պարութճեան
16 Նոյեմբեր 2022
19 Նոյեմբեր 2022