ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ. մաս Գ.

Վահէ Օշականի ծննդեան հարիւրեամեակին առթիւ Ծիծեռնակի երիտասարդուհիներէն Անուշ Պանիքեանի յօդուածը լոյս տեսաւ Գանատայի Հորիզոն Գրականի Հոկտեմբերի թիւին մէջ։ Ստորեւ՝ յօդուածը։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ

ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

ՙԱսոնք մարդ պիտի չըլլան՚ կ’ըսենք մենք՝ հայերս խօսելով անսկզբունք մարդոց մասին։ Արդեօք քանի՞ անգամ այս խօսքը ըսուեցաւ Հայաստանի վերջին դէպքերէն ի վեր։

Բայց, արդեօք ի՞նչ է մարդ ըլլալը եւ ի՞նչ է հայ ըլլալը։ Վահէ Օշականի ՙՏարեդարձ՚ բանաստեղծութիւնը կարդալով, այս հարցումները կ’ուղղենք մենք մեզի։

Ահաւասիկ, մեր հոգեխոցումի (traumatisme) ծիները նորէն կ’արթննան։ Քանի մը շաբաթէ ի վեր թշնամին նորէն կը յարձակի, այս անգամ մեր երկրին եւ մեր մարմինին վրայ։ Նորէն առիթ մը՝ յիշելու ցեղասպանութեան զոհերը, նորէն առիթ մը՝ տօնելու մեր սիրելի Վրէժին տարեդարձը։  

Վահէ Օշականի ՙՏարեդարձ՚ը հրաւէր է մտածելու վրէժի իմաստին եւ օրինականութեան մասին։  

Բանաստեղծութիւնը կը նկարագրէ Լիբանանի հայկական թաղամասին կեանքը (կամ մահը)։ Գրողը խօսքը կ’ուղղէ պարոն Վրէժին՝ խանութպան մը, որ շրջապատուած է հոտերով, գացող-եկողներով, եկեղեցիի բակերու եւ հանդէսներու մէջ պարապ-սարապ խօսողներով, պոռացողներով, աղմկողներով։

Բայց պարոն Վրէժ ժողովուրդին հետ չի շփուիր։ Մինակ է, պահուըտած իր խանութին անկիւնը, առանց իր զաւակներուն։ Լուր անգամ չունի, թէ ու՞ր են անոնք, արդեօք ի՞նչ կ’ընեն։ Վահէ Օշական կը հասկցնէ նոյնիսկ, որ պարոն Վրէժին զաւակները իրենց կեանքի նպատակը դեռ չեն գտած, կ’ապրին փողոցայիններու պէս։ Պարոն Վրէժին միակ հոգը իր ամենօրեայ ապրուստն է, իր դրամը, որպէսզի հոգայ եւ գոհացնէ իր նախնական պէտքերը եւ հաճոյքները, ինչպէս՝ լէհմէճին ուտել, պառկիլ, օթօ գնել եւ դեռ դրամ շահիլ։ Բայց, վերջ ի վերջոյ, պարոն Վրէժին անունը վրէժ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ իսկապէս այդ վրէժ անունին մարդ ըլլալը։

Մեր զրոյցին սկիզբը փորձեցինք ՙվրէժ՚ը սահմանել։ Ըսուեցաւ, որ վրէժը յարձակողական տրամադրութիւն մըն է, պարտութենէ մը ետք թշնամին պատժելու, անոր վնաս հասցնելու գործողութիւն մը։ Բայց ասիկա վրէժի նպատակն է։ Վրէժ առնելու միջոցը ուրի՜շ հարց է, որուն շուրջ չյաջողեցանք համաձայնիլ. վրէժը անպայման գործունէութիւ՞ն է միւսին դէմ, թէ՞ կրնայ նաեւ կրաւորական ձեւով արտայայտուիլ։      

Խանութի մէջի Վրէժը վնաս հասցնող տեսակէն չէ։ Բայց ինչո՞ւ։ Առաւել, ինչո՞ւ ինք հեռացած է ժողովուրդէն։ Մեր զրոյցին, միտքերու փոխանակման ընթացքին անդրադարձանք, որ պէտք է հասկնայինք հայ ժողովուրդին կապը վրէժին հետ, նաեւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր հայ ըլլալը։ Արդեօք այսօրուայ հայու ինքնութիւնը եւ զգացումը անբաժանելի՞ են վրէժխնդրութենէն

Մենք՝ հայ ժողովուրդս, յարձակողական նկարագիր չունինք։ Կ’ուզենք գաղտնի պահել մեր վախը, կը դիմենք ցուցադրական եղանակներու, պոռալ-աղմկելու, փաստելու համար, որ վախկոտ չենք։ Անդրադարձանք, որ մեր հոգեխոցումը շատ մեծ էր, այնքան մեծ, որ կորսնցուցած էինք մեր ինքնութիւնը, այսինքն՝ ազգային նկարագիրը, մեր իրականութիւնը, հոգեկան բարձրութիւնը, նախնական հաճոյքներով չբաւարարուելու մեր ընդունակութիւնը։

Տարեդարձ տօնող հայուն երեւակայած վրէժը կը ծնի այն ատեն, երբ ան կը փորձէ պաշտպանել իր կարծած արժանապատւութիւնը, որ յաճախ ինքնախաբէութիւն է, ՙգիջացնող խանդավառում՚, ինչպէս կ’ըսէ Օշական, հետեւաբար արդարացած չէ։ Արդարացած ըլլալու համար ազգի մը արժանապատւութիւնը պէտք է կապուած ըլլայ իր ինքնութեան, այսինքն ժողովուրդը պէտք է գիտակցի իր թէ՜ տկար եւ թէ՜ ուժեղ կողմերուն եւ զանոնք ընդունի։ Մեր պարագան այսպէս չէ դեռ։  

Մինչ տարեդարձ տօնող հայը այս վիճակին մէջ է, ՙմարդկութիւնը հարիւր տարուայ ավանս ունի քու վրադ՚ կ’ըսէ Վ. Օշական Վրէժին։ Այնքան հեռացած է ան ներկայէն ու ժամավաճառ կ’ըլլայ իր մեռած հերոսներու խամաճիկներուն հետ խաղալով, որ մոռցած է կենդանի պայքարները, մոռցած է սնուցանել իր  այսօրուան ու վաղուան ապրող հերոսները, որոնք կը շնչեն ու կ’ապրին, Վրէժին տղոց պէս, որոնք ՙաստուած գիտէ որտեղերը կը թափառին՚։   

Հայուն ինքնութիւնը աղօտած է, նաեւ որովհետեւ ժողովուրդի միտքի առաջնորդները տարիներէ ի վեր ոչ թէ միայն անօգուտ եղած են, այլեւ վնասաբեր։ Անոնք՝ կուզը տնկած վարժապետ, խման լալկան գրոց բրոց, Ամերիկա երազող վարդապետ, քացխած խօսքի ճառախօս, աժան գնուած խմբագիր, պատանութեան մէջ ապաստանած բանաստեղծ, արգիլած են որ ան աճի. ՙինչ որ մնաց ջարդերէն այս մարդիկը մաքրեցին // կաթիլ կաթիլ քու արիւնը ծծելով որ ապրին՚։

 Ժողովուրդ մը ինչպէ՞ս կրնայ առանց միտքի առաջնորդի ինքզինք գտնել եւ ճամբայ առնել դէպի գիտակցութիւն։ Վահէ Օշական մտաւորականութեան դատը կը բանայ. գրող, բանաստեղծ, վարժապետ, խմբագիր, ճառախօս, հոգեւորական։ Մեր մեկնաբանութեամբ, միայն միտքի արուեստագէտն է, որ ստեղծագործելով պիտի կարողանայ բանալ ազգին վէրքերը, պիտի տանի ժողովուրդը դէպի գիտակցութիւն, ու այդ միջոցով՝ ինքնութիւն։

Հայկական թաղամասի Վրէժը միշտ ապրած է պզտիկ երազներով։ Եւ ահա, երէկուան մեր պզտիկ Հայաստանին պզտիկ երազը սպառնալիքի տակ է։ Օր մը չէ օր մը պարոն Վրէժ պէտք է վերջ դնէ աշխարհ դիտելուն իր խանութի պզտիկ ծակէն. դուռը կտրէ՜, դո՜ւրս ելլէ իր անցեալի խանութէն, անջատուի այս ողորմելի վիճակէն, որ կը կապէ զինք ՙքառսուն կաշին՚երով։ Նետուի դէպի վնասը, վտանգը, անծանօթը, օտարը, Ապագան։ Այս վիճակին մէջէն է, որ ստեղծագործութիւնը կը սկսի, ու կը վառի հայ գիտակցութեան լոյսը։

Իսկ այս վերածնունդէն ետք արդեօք դեռ ժամանակ կա՞յ պարոն Վրէժին տարեդարձը տօնելու, դեռ պէտք կա՞յ պզտիկ մոմի մը լոյսին առջեւ նոյն մաղթանքները ու աղօթքները ընելու։

21 Սեպտեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

One Response

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան