Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ՓՆՏՌԵԼՈՎ ՀԱՒԱՔԵՑԻՆՔ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Յովհաննիսեան Յովհաննէս
Իմ ազգանունս Յովհաննիսեան է, բայց առաջ մենք ունեցած ենք Սողոմոնեան ազգանունը։ Մեծ պապիկիս պապիկին անունը եղած է Յովհաննէս եւ իր տղան է, որ ազգանունը փոխեր է եւ վերածեր է Յովհաննիսեանի։
Նայիրի Շահինեան
Այսօր իմ մականունիս պատմութիւնը պիտի պատմեմ։
Մօրս կողմէն մեծ հօրս հայրը Մուսալեռցի է։ Ապրած են տեղ մը, որ թրքերէն քէօշէ (անկիւն) է։ Ատոր համար մականունը եղեր է Քէօշէեան։ Յետոյ, երբ մեծ հայրս եկեր է Ֆրանսա, անձնաթուղթին մէջ չեն գրած Քէօշէեան, այլ՝ Քօշայեան։
Իսկ հօրս կողմէն մեծ հօրս հայրը Թուրքիայէն է։ Հոն Շահինեան են եղեր, մնացեր են Շահինեան։ Շահին պարսկերէն (կամ իրաներէն) բառ է, որ կը նշանակէ սպիտակ բազէ, կամ fauconnier՝ բազէ պահողը։ Այս արհեստը կար Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ։ Կրնայ ըլլալ որ մեր մականունը այդ բառէն եկած է։
Էդուարդ Խաչատրեան
Իմ ազգանունս Խաչատրեան է, քանի որ պապիկիս պապիկը Խաչատուր էր։ Խաչատուր անունը կու գայ ՙխաչ՚ եւ ՙտուր՚ բառերէն, որոնք կը նշանակեն խաչի տուածը, այսինքն՝ սուրբի զաւակ։ Բայց պապիկիս հայրը ստիպուած եղեր է փոխելու ազգանունը, քանի որ ինք եւ այլ արհեստաւոր մը ունէին նոյն ազգանունը եւ իմ նախապապս ստիպուած կ’ըլլար երկու անգամ աւելի հարկ վճարելու։ Ուրեմն, ազգանունը փոխեր է Շարոյեանի։ Բայց յետոյ, դարձեր է իր հին ազգանունին եղբօրը թուղթին շնորհիւ, քանի որ եղբայրը տակաւին Խաչատրեան ազգանունը կը կրէր։
Այս պատմութիւնը տեղի ունեցած է Էջմիածին։
Սեդրակեան Էրիկա
Սեդրակեան մականունը կու գայ Սեդրակ անունէն։ Ունի բաբելական ծագում, կը նշանակէ անապաստան, այսինքն՝ ապաստան, բնակալու տեղ, տանիք չունեցող։ Ուրիշ տարբերակ մըն ալ կայ. Սեդրակ կը նշանակէ ՙստինք փափուկ՚։
Սեդրակ հայրիկիս հայրիկին անունն է։
Մովսիսեան Սիմոն
Մովսիսեան ազգանունը կու գայ իմ պապիկիս պապիկէն։ Ինք ֆիտայի էր։ Զոհուած է 1918-ին։ Պապիկիս ընտանիքը Տիգրանակերտէն փախեր է Սուրիա՝ Ղամիշլի։ 1966-ին պապիկս եկեր է Հայաստան։ Ան գացեր է Թուրքիա իր պապիկին գերեզմանին յուշաքարը տեսնելու։
Սիլվա Պաղտասարեան
Պաղտասարեան մականունը կու գայ Պաղտասարէն։ Պաղտասարը թագաւոր մըն է, որ Յիսուս նորածին մանուկին այցելեց։
Ժուլիանա Աւագեան-Իսրայէլեան
Իմ մայրիկիս մեծ հայրը գաղթած է Մուշէն։ Անոնք եղեր են վեց եղբայր։ Վեց եղբայրները բաժնուեր են երեք մասի. երկու եղբայր գացեր է Ռուսաստան եւ առեր է Բասենցեան ազգանունը. երկու եղբայր գացեր է Իսրայէլ եւ առեր է Իսրայէլեան ազգանունը. իսկ միւս երկուքը մնացեր են Մուշ եւ կրեր են Մելքոնեան ազգանունը։
Գայանէ Սարգսեան
Սարգսեան կամ Սարգիսեան, Սարգիս անունով ստեղծուած ազգանուն մըն է։ Մենք կը պատկանինք Սարգիսեաններու տոհմին։
Սարգիս անունը կու գայ Սուրբ Սարգիսէն։ Ան երիտասարդներու սուրբն է, ունի իր անունին օրը, որ կ’իյնայ Զատիկէն 63 օր առաջ, Յունուար 18-էն Փետրուար 23-ի միջեւ Շաբաթ օր մը։ Սուրբ Սարգիսի տօնը հայերը կը նշէին ոչ միայն աղօթքներով, այլեւ ժողովրդական աւանդոյթնեով։ Նախորդ գիշերը երիտասարդ աղջիկները աղի բլիթ կ’ուտէին եւ կ’ակնկալէին երազի մէջ տեսնել ապագայ փեսացուն։
Գայանէ Ֆորէլ
Մականունիս եւ անունիս պատմութիւնը.
Թօփալեան. Մօրս կողմէ մեծ հօրս հայրը Այնթէպի մէջ դպրոցի տնօրէն եղած է։ Թօփալ կը նշանակէ կաղ։
Տէմիրճեան. Մօրս կողմէ մեծ մօրս մեծ հայրը, Մխիթար անունով, Տէմիրճեան էր։ Տէմիրճի կը նշանակէ երկաթագործ։
Գայանէ անունը հռոմէական անուն մըն է։ Հռիփսիմէ եւ Գայանէ նոյն տեղէն կու գան։
Մարաթ Աւետիսեան
Աւետիսեան ազգանունը կու գայ աւետիս բառէն, որ կը նշանակէ բարի լուր։
Նոյեմբեր 2021
One Response
Շատ հետաքրքրական նիւթ,կարեւոր, գիտնալ թէ ի՞նչ է արմատը մեր անուններուն ,որոնք կամայ թէ ակամայ աղաւաղուած են
․․․․