ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՅՍ ՕՐՈՎ՝ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

24 ԱՊՐԻԼ 2021


ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԷՆ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
90-ԱՄԵԱՅ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆ

«Ով մեր գերութիւնը. քեզ ինչպէ՞ս մոռնալ։ Դուն ջարդերուն չափ ուժով ես իբր պատկեր, իբր քանդակ՝ մեր հոգիէն ներս ու անոնցմէ աւելի կսկծագին, վասնզի անյաղթ կը մնաս ժամանակէն ու միջոցէն ու կը կազմես մեր մտքին խորագոյն դժբախտութիւնը, կազմեր ես դարերով»։

Մաթիկ Մելիքխանեան, վէպ, 1942     
                                                                                                      

«Մի մոռնաք որ գերութիւնը բառով չի հերքուիր։ Թէ՝ կայ անիկա մեր ամէնուն ալ երակներուն, ստափուած կերի մը նման ու դար է հարկաւոր ու արդար հայրենիք, որպէսզի մենք դադրինք իրար այսքան ատելէ»։

Մնացորդաց, Գ. հատոր, վէպ, 1934                                                            

Ստորեւ՝ մէջբերումներ Մնացորդացի թուրք կերպար Մէհմէտ Սուրէյեա փաշայի խօսքերէն, ուղղուած երազատես հայ յեղափոխական Մաթիկին.

– «Չորս աւերակ, ութ եղանակ, քանի մը աղօթքի գիրք։ Տուած եղայ մեծ զսպանակները ձեր գեղեցկագիտական հպարտութեան։  …Մշակոյթը մեզի համար ուրիշ յղացք կը բովանդակէ։ Անիկա սուրը ձեռքին երկարաձգելն է ինքզինքը միշտ, աւելի շատ հողերու վրայ։ …

Մշակոյթը բանակ է, տղաս։ Սուտ են զայն ուրիշ տեղ գտնել փորձող փիլիսոփաները։ …Անոնք ամէնքն ալ ձեզի պէս պարտուած ժողովուրդի ծոցէն կը յառնեն … մարդիկ պէտք է տիրեն։ Քալելը քաղաքակրթուիլ է։ … Բայց մենք կը սրբագրենք մեր պատրանքները ու ձեզի պէս չենք սրբացներ։ …»

– «…Ձեզ ջարդեցինք, ու ատով ջերմ ու սրտագին բարեացակամութիւնը ապահովեցինք ձեր պաշտած ռուսին, որ մեզի չափ շահագրգռուած է ձեր բնաջնջումով»։

– «Վասնզի ձեր Եւրոպան հոգեպէս վար է մենէ… ինչ ալ ըլլայ յեղափոխականներուն կարծիքը մեր մասին, մենք մեծ ենք ձեզմէ, բանակ ունինք … Դու՞ք։ Մարդը միայն, այսինքն՝ մեքենաներու դարուն՝ ամենէն աժան ապրանքը։ … ։ Առայժմ ոչ մէկ ժողովուրդ կարիք ունի ձեր խելքին, որով կը պարծենաք օգտակար ըլլալ ուրիշ երկիրներու»։

– «…կը հաւատաք եւրոպական հիւպատոսներուն …դիւաններու տնօրէններ, թուղթերու աշխատաւոր։ Դուք պիտի մեռնիք, որպէսզի անոնք դէպքերը տոքիւմանի վերածեն»։

– « Պայքա՛ր։ Ո՞վ էք դուք սակայն։ Որքան աժանցուցած էք բառը»։

– « Նահատակուիլը, բայց կրաւոր, ձեր մեծ ուժն ու հմայքը եղաւ դարերով ։ Տակաւին այսօր այդ յիմարութիւնը կ’երգէք, կը քնարերգէք,… »։

– «Վճռապէս համոզուած եմ, որ ձեզի նուիրուած ազատութիւնը, ձեր ձեռքով գերութեան վերածելու համար պիտի գերազանցէիք ձեր նախահայրերը։ Ու երկու քսան տարիի մէջ, սրտի մեծ հանդարտութեամբ, իրար հալածելով, սպաննելով, պիտի կործանէիք ձեր ժողովուրդը»։

– «Պահպանողական բնազդը ազգ մը չ’աճեցներ»։

– « Ձեր հինցածութիւնը, մաշումը թարմացնելու համար զրկուած էք նորոգիչ երկու բարիքներէն, – հողէն ու արիւնէն»։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

24 Ապրիլ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան