ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐ.
ԴԷՊԻ Ի՞ՆՉ ԱՊԱԳԱՅ
ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՙԿրթութիւնը այն բանն է, որ կը մնայ, երբ մէկը մոռնայ դպրոցը սորվածը՚, ըսած է Ալպէրդ Այնշդայն։ Կարեւոր է մտածել սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներու դերին եւ պատասխանատւութեան մասին։ Կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ եկող սերունդներու կրթութեան հանդէպ բոլորիս պարտականութեան մասին։
Մայրենի լեզուն սորվիլը բաւական դժուար է օտար հողի վրայ։ Այն կը դառնայ ա՛լ աւելի դժուար, երբ դպրոցները նեղութեան մէջ են, երբ ընտանիքներուն նախասիրութիւնը հայկական դաստիարակութեան չ’երթար եւ երբ գաղութը չէ ստեղծած տարբեր միջավայրեր, ուր լեզուն կը խօսուի, կը լսուի, կը կարդացուի եւ կը գրուի, այդպիսով դառնալով սովորական։
Միայն պարզամիտ մէկը կրնայ հաւատալ, որ հայկական դպրոցները պէտք է առանձինն եւ ամբողջովին շալկեն հայերէնը սփիւռքի մէջ ողջ պահելու ծանր աշխատանքը (նկատեցէք, որ աշխատանք գրեցի եւ ոչ բեռ։ Երբեք չեմ հաւատար, որ լեզու մը սորվեցնելը, գործածելը կամ պաշտպանելը բեռ է)։
Հայկական վարժարանները սփիւռքի մէջ միշտ եղած են կեդրոնական եւ ապահով վայրեր, ուր ոչ միայն աշակերտներ կրթութիւն կը ստանան սորվելով եւ գործածելով հայերէնը, այլ նաեւ կը ծանօթանան ուրիշ հայերու, ստեղծելով հայկական շրջանակ։
Պէտք է համաձայնինք մէկ բանի շուրջ. լեզուն ողջ պահելու համար, ամէն անձ, ամէն կազմակերպութիւն եւ ընտանիք ունի իր դերը։ Դերերը առնչուած են։ Ուսուցիչը եւ ծնողքը նոյն դերերը չունին, բայց յաջողելու համար իրարու պէտք ունին։ Յաջողութիւնը ակնկալելի կը դառնայ, երբ իւրաքանչիւրին գործը յստակօրէն հասկցուի։
Հայ ծնողքին դերը ամենայայտնին է. գործածել հայերէնը ամենօրեայ կեանքի մէջ։ Պարզ կամ պաշտօնական ձեւով, նպատակը հայերէնով արտայայտուիլն է։ Տան մէջ առիթներ ստեղծելով է, որ երեխան ո՛չ թէ միայն պիտի շփուի լեզուին հետ, այլեւ անդրադառնայ, որ հայերէնը գործածական լեզու է։ Ծնողքին գործը կանխամտածութեամբ հայերէն խօսիլն է։ Ըլլալով մեր մայրենի լեզուն, հայերէնը պէտք է խօսուի տան մէջ։ Միայն ա՛յս ժամանակ ծնողքները յաջողած կ’ըլլան իրենց պարտականութեան մէջ։
Գալով հայկական դպրոցին, ան ունի շատ յատուկ պարտականութիւն. սիրցնել հայերէնը աշակերտներուն։ Այս գործին մէջ, ուսուցիչներուն մասնագիտութիւնը իրենց առաւելութիւնն է, եթէ զանոնք համեմատենք ծնողներուն հետ։ Ուսուցիչները ունին հայկական մշակոյթին գիտութիւնը եւ փորձառութիւն։ Այս տուեալը անհրաժեշտ դեր կը խաղայ հայկական լեզուին հանդէպ աշակերտին կեցուածքն ու զգացումները յղկելու մէջ։ Տան տարրական հայերէնը կը սկսի կեանք առնել դպրոցին մէջ, դառնալով աշխոյժ եւ հետաքրքրական։ Այս լեզուն կ’արտայայտէ հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը։ Կը բանայ նաեւ դուռը հին եւ նոր աշխարհի մը, տարբեր զգացումներու եւ յատուկ մշակոյթի մը։
Հայկական դպրոցին դերն է աշակերտը դիմաւորել դուռին միւս կողմէն։ Այո, հսկայական գործ կ’երեւի, բայց հայկական սփիւռքին համար ասոր հատուցումը մեծ է։ Հայկական վարժարաններուն պարտականութիւնն է նոր սերունդը միացնել իր մշակոյթին եւ գաղութին։
Մեր ծնողներուն հետ բաղդատելով, մենք այսօր կը գտնուինք տարբեր վիճակի մէջ։ Մեր գաղութը տկարացած է։ Մեր սերունդը կը խօսի շատ աւելի մաքուր ֆրանսերէն եւ ունի բազմաթիւ միջավայրեր, ուր կրնայ զարգանալ հայութենէն հեռու։ Բայց ունինք նաեւ նոր եւ հիմնական առաւելութիւն մը։ Տարիներու ընթացքին, մեր կապի միջոցները աւելցան եւ դիւրացուցին կապակցութիւնը աշխարհի բոլոր հայերուն հետ։ Մենք ունինք շատ աւելի ձեւեր հանդիպելու անծանօթ հայրենակիցներու, միասին սորվելու մեր մշակոյթին մասին եւ ինչո՞ւ չէ՝ զարգացնելու զայն։
Ապագայի հայկական դպրոցները պէտք ունին վերածնունդի։ Երեւակայեցէք կեդրոններ, ֆիզիքական կամ համացանցի վրայ, ուր հարիւրաւոր աշակերտներ հետաքրքրուած արձանագրուին ո՛չ թէ հայ ըլլալնուն պատճառով, այլ որովհետեւ հայկական մշակոյթը արժէքաւոր է եւ ուսումնասիրութեան կարիք ունի։ Մեզի կը մնայ այս մտապատկերը իրական դարձնել։
9 Յունուար 2021