Կ’ընթերցէ Երազ Պանիքեան, առցանց թղթակից եւ դաշնակի ուսուցչուհի
Արմատ նետել (հատուածներ). Նիկողոս Սարաֆեան
Կ’ըսեն թէ առաքինութիւն մը կայ արմատախիլ ապրելուն մէջ։ Օտարութեան մէջ, մարդիկ կը վարժուին չարքաշութեան, քարէն հաց կը հանեն։ Հոգիները կը զօրանան ճիգին ու տառապանքին մէջ կ’աճին առաքինութիւնները, որ կը խաթարուին յաճախ՝ խաղաղութեան ու ապահովութեան մէջ։ Ազգային զգացումները աւելի բարձր կը հնչեն։ Մտաւորականը կը շահի օտար մշակոյթներ, աշխարհներ ու մարդեր ճանչնալով։ Զրադաշտ կը թելադրէր դուրս գալ հայրենիքէն եւ մերձաւորէն աւելի հեռաւորը սիրել։ Օտարութիւնը, կը գրէի շատ տարիներ առաջ, բարերար դժբախտութիւն մըն էր …
Անցեալ երջանկութեան մը կորուստը չէ միայն որ անցեալին կը տանի զիս, այլ հզօր զգացում մը, ժամանակին առջեւ՝ որ կը խլէ, կը տանի ամէն ինչ։ Հզօր պահանջ մը՝ նման անոր զոր մեր պանդուխտները կը զգային։ Վայրագ աշխարհէն եկող գիտակցութիւն մը, իմացական շատ բնական պահանջ մը վերադարձի՝ որ կը ստիպէ մեզ ըլլալ մեր անցեալին, մեր ցեղին կառչած մարդը ամէն բանէ առաջ եւ յետոյ համաշխարհայինը։ Եւ այս էր արդէն զոր ըսել կ’ուզէր Զրադաշտ։ Սիրել հեռաւորը՝ աւելի օգտակար ըլլալու համար մերձաւորին։ Այս է զոր կ’ուզէր Կէօթէ, հանճարեղ Եւրոպացին։ Այս ըմբռնումն է որ կը տեսնենք դարձեալ իր նմաններուն մէջ, որ իրենց ցեղին կը մօտենան՝ դուրս գալով անոր նախապաշարումներէն եւ նեղ պատերէն։
Իբրեւ անհրաժեշտութիւն է որ կը նայիմ անցեալին։ Անով է որ կ’ապրի ժողովուրդ մը։ Մեր պատմութիւնը յիշելով, մեր տառապանքն ու հերոսութիւնը յիշելով է որ կրնանք շարունակել մեր գոյութիւնը։ Ժողովուրդները կը մեծնան իրենց ժառանգութիւններով եւ կը մեռնին երբ կը խզեն կապերը անցեալին հետ։ Յեղափոխութիւններն իսկ կը վերադառնան դէպի աւանդութիւն։ Սերունդները կ’ապրին, կը քալեն դէպի ապագան անցեալէն առնելով իրենց ուժը։ Եւ կը պահեն այդ անցեալը, յեղաշրջելով հանդերձ զայն, տալով իրենց տալիքը։
Այսպէս, երբ անցեալը կը դառնայ հզօր զգացում մը, արմատախիլ կը զգամ մեզ եւ արմատներ նետելու կարօտ մը կ’ունենամ։
Այսպէս, աւելի արմատախիլ կը զգամ զիս՝ խորհելով անոնց մասին որ արմատ նետեցին այս կամ այլ օտար հողերուն վրայ եւ կորսուեցան, ինչպէս կորսուեցան, դարերու ընթացքին, երկրէն հեռացող զանգուածներ։ Անցեալին կարօտը աւելի խոր կը դառնայ մէջս։ Արմատներ նետելու կարօտը կը դառնայ աւելի հզօր զգացում մը եւ կը զգամ թէ կարելի չէ արմատ նետել հոս կամ տարբեր հորիզոնի տակ, մեր հողերուն վրայ իսկ …
Ինչո՞ւ արմատ նետել։ Որո՞ւ համար։
Եւ սակայն, կ’ունենամ արմատներ նետելու կարօտ մը։ Վասնզի կայ կարեւոր բան մը՝ երբ անկարեւոր կը թուին ուրախութիւններն ու տխրութիւնները, մարդերն ու իրերը որ կ’անցնին։ Կայ անկասկած կարեւոր բան մը՝ որուն առջեւ նշանակութիւն չունին այս բոլորը։ Անոր է որ կ’երթանք։ Անոր կը ծառայենք։
Որովհետեւ կայ մշակոյթը եւ կը սիրեմ մեծերը՝ հակառակ իրենց տկարութիւններուն։ Մեծ են միշտ։ Կայ մեր ժողովուրդը, եւ իր պզտիկ լոյսը։
Որովհետեւ ուժ մը կայ որ կ’ուզէ բարձրանալ եւ պէտք է բարձրանայ։ Մեր ժողովուրդը, որ տուած է իր ճարտարապետութիւնը, իր երաժշտութիւնը, իր գիրն ու լեզուն, որ գլուխ բարձրացուցած է միշտ ամէն կործանումէ վերջ եւ կերտած, ձգտած է համաշխարհային բարձրութեան մը եւ շատերէն աւելի լաւ կ’ըմբռնէ այդ բարձրութիւնը։ Պէտք է հասնի անպայման։
Գիշերները, երբ կը խորհիմ թէ արմատախիլ մէկն եմ, արմատախիլ ժողովուրդ մըն ենք, գիշերները երբ յուզումով կը նայիմ բերդին եւ պզտիկ, քաղցր, օգնութեան կարօտ լոյսին, արմատներ նետելու հզօր պահանջ մը կը զգամ այնքան հզօր, այնքան ցաւագին՝ որ անբաւարար պիտի ըլլային բոլոր արմատները անտառին ծառերուն, եթէ իմս ըլլային։ Մէկ բան կը խորհիմ – արմատներ նետել …
Մեր անցեալին մէջ։
«Յառաջ», 19-21 Յուլիս 1952
Վահան Մանճիկեան, տնտեսագէտ, Յառաջ կեդրոն, Երեւան
Չափածոյ գործեր. մաս Բ.2 (շարունակութիւն)
Երաժշտութիւն. Allégro (Emmit Fenn), Ludwig Van Beethoven
Piano concerto No. 3 op. 37 (main theme)
Աղբիւրներու եւ յաւելեալ ընթերցումի համար առաջարկուած ցանկին ծանօթանալ եութիւպային էջին վրայ։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
3 Հոկտեմբեր 2024
2 Responses
Որքան գեղեցիկ եւ արդիական ձեւով ներկայացուած։ Կրկին կը յայտնաբերեմ` Նիկողոս Սարաֆեանի ստեղծագործութիւնը եւ խոհերը։
Շնորհակալութի’ւն Ծիծեռնակ։
Մեր երիտասարդներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ, որ կը հետեւիք անոնց աշխատանքին։