ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Նիկողոս Սարաֆեան. մաս Գ.

Վահան Մանճիկեան, տնտեսագէտ, Յառաջ կեդրոն, Երեւան

Երաժշտութիւն. Asher Fulero – Web Weaver’s Dance

Աղբիւրներու եւ յաւելեալ ընթերցումի համար առաջարկուած ցանկին ծանօթանալ եութիւպային էջին վրայ։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

3 Հոկտեմբեր 2024

Անուշ Պանիքեան, ծրագրաւորող

Մէկէն միւսը, միւսէն մէկը

Նիկողոս Սարաֆեան թէ´ պէտք ունի արմատ նետելու իր անցեալին մէջ, որովհետեւ մէջէն կրակոտ կարօտ մը կը վառի, թէ´ պէտք ունի ազատելու իր արմատներէն, որպէսզի յառաջանայ։ Այսպէս, Նիկողոս Սարաֆեան մեզի կը յիշեցնէ մեր հակասութիւնները։

Այս գնացքի պատմութիւնը ինծի յիշեցուց նաեւ իմ վերջին ճամբորդութիւնս դէպի Հայաստան։ Ֆրանսացի ընկերոջս հետ որոշեցինք Հայաստան երթալ, որպէսզի իրեն ծանօթացնեմ մեր երկիրէն մեզի մնացած հատուածը։ Երեւանը շատ փոխուած տեսայ, կարծես նոր քաղաք մըն էր, եւրոպականացած, շատ հաճելի, նման մեր գիտցած արեւմտեան քաղաքներուն։ Վերջին օրերը որոշեցինք գնացք նստիլ ու երթալ Գիւմրի։

Չափահասները չեն սիրեր Երեւանը, կը նախընտրեն Գիւմրին, որովհետեւ հայկական հարազատ մշակոյթն է եւ կը յիշեցնէ մեր բացառիկ պատմութիւնը, մեր ինքնութիւնը։ Ահա, նստեցանք գնացք ու ձգեցինք նորը դէպի հինը։ Ես չէի ճանչնար Գիւմրին եւ նոր տեսայ անեղծ Հայաստանս։ 

Միտքս եկաւ այս երկու քաղաքներուն գոյութիւնը երբ այս զրոյցին նիւթը մեզի առաջարկուեցաւ։ Գիւմրի «արմատ» քաղաքը պահպանելը անհրաժեշտ է թէ´ սփիւռքահայերուն եւ թէ´ հայաստանցիներուն համար։ Երեւան «կենդանի» քաղաքը նոյնքան անհարժեշտ է զարգացնել։ «Արմատ»ը ջրես՝ ծառը ծաղիկ կ’աճեցնէ, «կենդանի»ն կերակրես այդ ծաղիկներով՝ բեղմնափոշին տունկեր կը ցանէ ուրիշ տեղ։ Մէկը միւսին պէտք ունի, մէկը միւսին պէտքն է, մէկը միւսին կարօտը կ’արթնցնէ եւ կը հրէ դէպի կայարան։ Մէկէն միւսը, միւսէն մէկը … կը շարժինք։ Իսկ այս շարժումն է, որ մեզի կեանք կու տայ։ 

Այո, ինչպէս Նիկողոս Սարաֆեանը, հակասութիւններ կը զգանք, որոնք իսկական տառապանք են մեզի համար։ Մէկ կողմէն՝ փոփոխութեան լուսաւոր յոյսը մեզ իրեն կը քաշէ եւ հեռուները կը տանի, միւս կողմէն՝ մեզ կը վախցնէ, քանի որ դէպի կորուստ կրնայ տանիլ։ Մէկ կողմէն՝ անցեալը մեզի կու տայ ուժ եւ փորձառութիւն, միւս կողմէն՝ միայն իրեն նայելով կրնանք քարանալ։

Բայց այս ամենօրեայ տառապանքը հայութիւնը արթուն կը պահէ եւ կ’արգիլէ անոր հանգստանալ։ Այս հանգստութիւնը վաղուց կ’ուզենք զգալ եւ ինչպէս ամէն ազգ, մեր նպատակն է անիկա։ Դարերէ ի վեր հակասութեան մէջ ենք։ Հանգստութիւն չենք զգար եւ կ’երեւի երբեք պիտի չզգանք։ Նիկողոս Սարաֆեան կ’ըսէ, թէ մեր ազգը այսպիսով չի կրնար ծնիլ եւ պտուղ տալ … լաւ որ։ Չէ՞ որ հանգիստը կրնայ անշարժացնել հայը եւ զսպել անոր ընթացքը դէպի յառաջդիմութիւն։   

Վերադարձանք ճամբորդութենէն. նշանածս հաստատեց զգացումներս։ Ըսաւ ինծի որ հայ մշակոյթը դժուար էր զետեղել թէ´ քարտէսի վրայ եւ թէ´ ժամանակի գիծին վրայ։ Իսկ ե՞ս ինչ կը զգամ։ Ընտանեկան ու պատմական բեռ մը, որ կը շալկեմ հետս, այդքան ծանր, որ չեմ կրնար մոռնալ, այդքան մեծ, որ օտարը անգամ կը տեսնէ։ Ինծի կ’իյնայ այլեւս ծանր բեռով քալել այն համարելով ֆիզիքական վարժանք մը ու չգանգատիլ յոգնութենէն եւ անարդարութենէն։ Ինծի կ’իյնայ բեռը թեթեւցնել, ձուլումի վախէն ազատելու համար եւ քալել դէպի յառաջ թէ´ անձիս առողջութեան եւ թէ´ ազգիս յառաջդիմութեան համար։

7 Օգոստոս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *