19 Մայիս 2024-ին Ծիծեռնակի երիտասարդական խումբը հաւաքուեցաւ զրուցելու Նիկողոս Սարաֆեան բանաստեղծին շուրջ։ Գրուեցան յօդուածներ, պատրաստուեցան տեսերիզներ եւ ընթերցում։ Լոյս պիտի տեսնեն մի քանի մասով։ Անոնք աշխատեցան, մեզի կ’իյնայ վայելել։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Նիկողոս Սարաֆեան. Գնացք
Կը կարդայ Նոյեմի Շահմիրեան. մանրակենսաբան
Հրայր Եսայեան. հայերէնի ուսուցիչ
Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւն
Լճեցի[1] ծնողներու զաւակ՝ Նիկողոս Սարաֆեան ծնած է 1900-ականներու սկիզբը[2], Պուլկարիա գացող նաւու մը վրայ: Մանկութիւնը ապրած է Վառնա. նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն վարժարաններուն մէջ (Ճիէրճեան,Ազգ. վարժարան, Ֆրէրներու վարժարան): Համաշխարհային պատերազմին Սարաֆեան իր եղբօր հետ կը մեկնի Ռումանիա, այնուհետեւ կը թափառի զանազան քաղաքներ:
1919-ին ընտանեօք Պոլիս փոխադրուած է, յաճախած է Կեդրոնական վարժարան՝ աշակերտելով Յակոբ Օշականի: Աւարտած է Կեդրոնականը 1922-ին:
1922-1923 թուականներուն Սարաֆեան Փարիզ անցած է, ուր ապրած է իր ամբողջ կեանքը՝ աշխատելով իբր տողաշար:
Սարաֆեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Անջրպետի մը գրաւումը», լոյս տեսած է 1928-ին:
1930-40-ական թուականներուն փարիզեան «Մենք» շարժումի հիմնադիր խմբակին մաս կազմելէ ետք՝ Սարաֆեան յաջորդաբար հրատարակած է հետեւեալ գործերը՝ «Տասնչորս», «Իշխանուհին», «Տեղատուութիւն եւ Մակընթացութիւն», «Միջնաբերդ» եւ «Միջերկրական»: Ան նաեւ աշխատակցած է «Հայրենիք», «Զուարթնոց», «Նայիրի», «Անահիտ», «Բագին» եւ «Ահեկան» պարբերաթերթերուն:
Սարաֆեան գրած է արձակ եւ ոտանաւոր:
Մահացած է Փարիզ, 16 Դեկտեմբեր 1972-ին:
Մահէն ետք հատորով հրատարակուած են Սարաֆեանի ամբողջական «Չափածոյ Երկեր»-ը, «Վէնսէնի Անտառը», «Տեսարանները, Մարդիկ եւ Ես»-ը եւ «Լոյսի Ցաւեր»-ը: «Վէնսէնի Անտառը» եւ «Լոյսի Ցաւեր»-ը ֆրանսերէնի թարգմանուած են:
[1] Լիճք՝ Խարբերդի շրջանի՝ Ակն գաւառի գիւղերէն:
[2] Թէեւ տարածում գտած է, թէ Սարաֆեան ծնած է 30 Մարտ 1902-ին, սակայն ըստ մահուան վկայագիրին՝ ան ծնած է 14 Ապրիլ 1904-ին: Ըստ 1939-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած «Արդի Հայ Գրականութիւն Ա. Հատոր» ժողովածուին՝ ան ծնած է 14 Ապրիլ 1905-ին:
Նիկողոս Սարաֆեանի մահուան վկայագիրը
Յուլիս 2024
One Response
Հիանալի եւ պատկերաւոր բանաստեղծութիւն` կատարուած եռանդով եւ զգացումով։