Հիւկօ Խանչարեան,
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Լուսնթագ – Jupiter
Լուսնթագի տրամագիծն է 143000 քմ։ Արեգակի շուրջ մէկ ամբողջական պտոյտը կը տեւէ մօտաւորապէս 12 երկրային տարի, իսկ ինքն իր վրայ պտտման տեւողութիւնը 10 ժամէն քիչ մը պակաս է:
Իր ներքին ուժեղ ջերմութիւնը կը ստեղծէ կատաղի քամիներ՝ մօտ 600 քմ. արագութեամբ:
Լուսնթագը ունի 82 յայտնի արբանեակներ:
Լուսնթագը Արեգակնային համակարգի միակ մոլորակն է, որ ունի իր շուրջը դարձող օղակ։ Այդ օղակը կազմուած է ժայռէ։
Երեւակ – Saturne
Երեւակի տրամագիծը մօտաւորապէս 121000 քմ է։ Արեգակի շուրջ պտտման տեւողութիւնը 30 տարի է, իսկ օրը 10 ժամ, 33 վայրկեան, 41 երկվայրկեան է։
Մոլորակի ամենայայտնի առանձնայատկութիւնը անոր նշանաւոր օղակներու համակարգն է: Հիմնականին մէջ կազմուած է սառոյցի մասնիկներէ եւ փոշիէ։ Երեւակի վրայ քամիները կ’ընթանան մինչեւ 1800 քմ/ժ արագութեամբ։
Ուրան – Uranus
Ուրանի մոլորակ ըլլալը յայտնաբերուած է 1781 թուականին անգլիացի Ուիլիըմ Հերշելի կողմէն։
Հսկայ մոլորակներէն ամենաքիչ զանգուած ունեցողն է: Անոր տրամագիծը մօտաւորապէս 51000 քմ է: Արեգակնային համակարգի ամենացուրտ մոլորակն է, ջերմաստիճանը կ’իջնէ մինչեւ -224°C աստիճան։ Ունի 900 քմ/ժ արագութեամբ փչող քամիներ։
Նեպտուն – Neptune
Նեպտունը Արեգակէն ամենահեռու մոլորակն է։ Տրամագիծը մօտաւորապէս 49500 քմ է։ Արեգակի շուրջ անոր մէկ ամբողջական պտոյտը կը տեւէ մօտաւորապէս 165 տարի, իսկ իր վրայ պտտման շրջանը՝ 16 ժամէն քիչ մը աւելի։
Եղանակը պայմանաւորուած է ուժեղ քամիներով, որոնք կը հասնին 2100 քմ/ժ արագութեան: Արեգակէն իր հեռաւորութեան պատճառով անոր մթնոլորտի արտաքին մասը Արեգակնային համակարգի ամենացուրտ վայրերէն մէկն է։
24 Յունիս 2024
Գ. եւ վերջին մասով՝ խաղ