2024-ի Ողիմպիական խաղերը տեղի կ’ունենան Փարիզ, 26 Յուլիսէն 11 Օգոստոս։ Անոնց կը յաջորդեն հաշմանդամներու մրցախաղերը, 28 Օգոստոսէն 18 Սեպտեմբեր։
Այստեղ՝ մրցախաղերու ծնունդին մասին պատմական կարգ մը տուեալներով մեզ կը լուսաբանեն դպրոցասէրցի երկու պատանիներ։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Նշան Էրիցեան եւ Հիւկօ Գարասօ
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
Ողիմպիական խաղեր. պատմական
Ողիմպիական խաղերը սկսած են պատմական հին ժամանակներուն, Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրը։ Կը կազմակերպուէին 4 տարին մէկ, քանի որ այդ դարերուն ժամանակը չէին հաշուեր տարիով, այլ Ողիմպիատայով։ Կը կարծենք, որ Ողիմպիական խաղերը սկսած են Ք.Ա. 776-ին։ Չենք գիտեր ի՞նչն է պատճառը այս մրցաշարքին։
Ողիմպիական մրցախաղերը ստեղծուած են ի պատիւ յունական 4 աստուածներու եւ մէկ կիսաստուածի.
Առաջինը՝ Զեւս. երկինքի եւ կայծակի աստուածն է։ Զինք կը բնորոշեն արքայական գաւազանը, գահը, արծիւը, կայծակը։
Երկրորդը՝ Աթենա. պատերազմի աստուածուհին է։ Զինք կը բնորոշեն սաղաւարտը, բուն, ձիթենիի ճիւղը։
Երրորդը՝ Հերա. ամուսնութեան աստուածուհին է։ Նուռն ու սիրամարգը կը բնորոշեն զինք։
Չորրորդը՝ Ապողոն. լոյսի եւ երգի աստուածն է։ Քնարն ու աղեղը կը բնորոշեն զինք։
Հերագլէս (Հերգիւլ) կիսաստուած մըն է, Զեւսի եւ մահկանացու Ալգմէնի մահկանացու որդին։ Մարզիկներու պաշտպանն է։ Ան ստեղծած է Ողիմպիական մրցախաղերը ի պատիւ իր հօրը՝ Զեւսին, երբ ան յաղթեց Էլիտի թագաւոր Աւկիասի։
Յաջորդով՝ խաղերը
30 Մայիս 2024