Նազլը Թէմիր, ընկերաբան
Պատերազմը՝ բեկում. վերադա՞րձ դէպի 1915
Հարցազրոյցի սկսելէ առաջ անձին հետ վստահութեան որոշ կապ մը ստեղծելը անհրաժեշտ էր։ Անգամ մը, որ այդ կապը հաստատուէր, յետոյ արտայայտուիլը կը դիւրանար, մանաւանդ անոնց հետ, որոնք աւելի հետաքրքրուած էին հայոց խնդիրներով, կ’ուզէին դրսեւորել իրենց ներքին ապրումները։ Երիտասարդներէն մին սկսաւ ըսելով. «Կ’ուզեմ անմիջապէս արտայարտուիլ պատերազի մասին։ Նայեցէք հոս միշտ գաղտնի ձեւով սպառնալիքի տակ ենք մենք։ Օրինակ, պատերազմը որ սկսաւ ի՞նչ եղաւ [Պոլսոյ] Պատրիարքարանին առջեւ. ցոյցեր եղան ազերիի դրօշակներով։ Ասիկա կը նշանակէ թէ հայ ըլլալով հոս փուշի վրայ ես միշտ»։
Շատեր կը տեսնեն, թէ այս 44-օրեայ պատերազմը Թուրքիոյ եւ աշխարհի բոլոր հայերուն համար վերադարձ մըն է դէպի 1915։ Թուրքիոյ մէջ համայնքի՜ն դէմ սպառնալիք է, ո՜չ անհատի։ Վախ մըն է թէ՜ Հայաստանէն եկողներու եւ թէ՜ բնիկներու համար, որ ժողովուրդին կալուածները եւ հաստատութիւնները կրնան վտանգի ենթարկուիլ, ինչպէս ցեղասպանութեան օրերուն։
Հետեւեալ արտայայտութիւնը կը հաստատէր այս վախը եւ Թուրքիոյ հանրապետական ժամանակներու յետցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որուն վերջին օղակը եղաւ 44-օրեայ պատերազմը.«Ես քիչ մը վախցայ, ո՜չ թէ ինքիզինքիս համար, այլ հայերու համար։ Դպրոցներ ունինք, կրնան ռմբակոծել, օրինակ, կամ ուրիշ վտանգ մը հասցնել, որովհետեւ օլիկարքներու կողմէ կը ղեկավարուինք, ինչպէս Ատրպէյճանը։ Նոյն մտայնութիւնն է։ [… ] Արդէն ես կ’ըսեմ, թէ հանրապետութիւնը [թուրք] եղած է մեր [հայերուն] վերջը – ես ատոր կը հաւատամ եւ այս տեղերը բոլորովին եղած են ժխտողականութեան հողեր [inkaristan] եւ ոչ ուրիշ բան»։ Իսկապէս, Արցախեան վերջին պատերազմը վերադա՞րձ մըն է դէպի 1915։ Եթէ շատեր կը պատասխանեն՝ այո, հասկնալի է, որ անհատական գետնի վրայ այդ զգացումին կ’երթայ անհատը, խորհելով որ անոր ժառանգուած ու փոխանցուած է այս իրականութիւնը։ Սակայն նկատի առնել պէտք է նաեւ, թէ այսօրուայ իրավիճակն ու 1915-ինը նոյնը չէ։ Խօսակիցներէն մին կ’արտայայտուի այս ուղղութեամբ, երիտասարդ զոհերու վերաբերեալ իր բարկութիւնը արտայայտելով. «Ասիկա ցեղասպանութեան վերագրելը մեծ վիրաւորանք է։ Անշուշտ, 1915-ը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ բոլորիս վրայ, բայց պէտք չէ մոռնանք, թէ այս մէկը քաղաքական անկարողութեան արդիւնքն է։ Դուն ունիս բանակ եւ կը կռուիս կանոնաւոր բանակի դէմ, համազգեստ ունիս։ Ի՞նչ կապ կայ 1915-ի հետ։ Ես չեմ կրնար ընդունիլ, որ երկու կողմէն ալ այդքան շատ երիտասարդներ զոհ ինկան»։
Համոզումս է, որ խորհիլ պէտք է այս բոլոր դիտողութիւններուն շուրջ, որոնք կը ցոլացնեն սփիւռքի բազմատարր ըլլալու վիճակն ու զանազանութիւնները։ Կարծիքները բազմաթիւ են Արցախի պատերազմի առնչութեամբ, սակայն բան մը կայ, որ նման է բոլորին մէջ. անհատին անորոշ հոգեվիճակը, յատկապէս ապագայ մշակելու գաղափարին առջեւ։
5 Հոկտեմբեր 2023