ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Արցախի պատերազմը Թուրքիոյ հայ հասարակութեան մէջ. արտայայտուելու անկարելիութիւն. գոյատեւելու հարց. մաս Բ.

Ծիծեռնակաբերդի յուշապատէն մաս մը

Նազլը Թէմիր, ընկերաբան

Գոյատեւելու հարց

Երկու գլխաւոր խումբերը նկատի առնելով կրնանք ըսել, թէ այսօր բոլորն ալ կը ջանան գոյատեւել երկրի մը մէջ, ուր ժխտողականութիւնը կը տիրապետէ թէ՜ քաղաքական եւ թէ՜ ընկերային գետնի վրայ։ Կրթական, գիտական եւ քաղաքական ճառախօսութիւններու մէջ միշտ ներկայ է ժխտողականութիւնը մինչեւ այսօր, հակառակ անոր, որ եղած են ժամանակներ, ուր կարելի եղած է աւելի քաջաբար ու բացայայտօրէն արտայայտուիլ որոշ նիւթերու շուրջ, յատկապէս ցեղասպանութեան մասին։

 1915 էն ի վեր գիտենք, թէ Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի բուն քաղաքականութիւնը եղած է ժխտել պատահածը ու կառուցել երկիր մը հիմնուած ոչ մահմետականներու բացակայութեան վարկածին վրայ։ Կը նշանակէ, որ հոն ապրող հայերը ընկերութենէն ալ ժխտուած են իրենց ինքնութեամբ ու յիշողութեամբ։ Այս կացութեան մէջ անոնց միակ ջանքը եղած է գոյատեւել, այսինքն ջանալ ապրիլ, զրկուած իրենց ինքնութեան առնչուած տուեալներէն, ինչպէս՝ չկարենալ հայերէն գործածել հանրային վայրերու մէջ, չկարենալ հայկական ոգին ապրեցնել եկեղեցիներուն մէջ, որովհետեւ անոնցմէ շատեր կիսափլատակ են։

Այսուհանդերձ, կա՜ր պայքարը ընդդէմ այս քաղաքականութեան, բայց գոյատեւելը կը մնար գլխաւոր ուղին։ Գոյատեւել. դիւրին արտայայտութիւն մը, բայց դժուար իրականութիւն։ Հանրապետական շրջաններուն կիրարկուած օրէնքներն ու  քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հայերը տնտեսական ու ընկերային գետնի վրայ ոչնչացնելու նպատակ կը հետապնդէին։

Հայկական եկեղեցին նորոգուելէ ետք՝ թանգարան. Սեբաստիա, Կիւրին -Massispost

Թրքացումի ու իսլամացումի քաղաքականութեան գլխաւոր թիրախը եղած էին ոչ մահմետականները, յատկապէս հայերը։ Կը կարծեմ, թէ սխալ չ’ըլլար ըսել, թէ հայերը հանրապետական շրջաններուն ենթարկուած են ուրիշ ջարդի մը «յետ- ցեղասպանական հասարակութեան» մը մէջ գտնուելով։

Աւելորդ չ’ըլլար շեշտել, թէ քեմալականներուն կիրարկած օրէնքները՝ ունեւորութեան տուրքը (1942),  հայկական վաքըֆներուն գրաւումը (1936), 6-7 Սեպտեմբերի  (1955) իրադարձութիւնները, եւլն., Թուրքիոյ հայերուն կը ձգէր միակ ճանապարհ՝ ջանալ ապրիլ իրենց ինքնութեամբ որքան որ կարելի էր։ Այսինքն գոյատեւել։

 Վերջին տարիներուն, այս իրավիճակին մաս կը կազմէ ուրիշ խումբ մը. Հայաստանէն գաղթած իրենց ազգակիցները։ Գիտենք թէ 90-ականներէն յետոյ Հայաստանէն զանգուածային գաղթեր տեղի կ’ունենան դէպի արտասահման։ Վայրերէն մէկը Թուրքիան է։ Կամաց կամաց հայերը կը գաղթեն դէպի Թուրքիա, շատեր ապաստանեալ ըլլալով, առանց օրինաւոր թուղթի։ Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, բայց որ հաւանական կը թուին, այսօր Հայաստանէն Թուրքիա գաղթած վերիվարոյ 20,000-ի չափ հայ կայ։ Ուրեմն պէտք է հարցնել հետեւեալ հարցումը. բուն նպատակը ի՞նչ էր այս գաղթին դէպի թրքական հասարակութիւն։ Պատասխանը դժուար չէ կարծեմ։ Գոյատեւե՜լ։ Այն հայերը, որոնք յաճախ Պոլիս կը ժամանեն, իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ճարելու համար կը մտնեն ընդհանրապէս ոչ որակաւոր գործերու մէջ, դառնալով  գոյատեւելու ջանքին մէջ գլխաւոր դերակատարներ։  

Կ’ուզէի գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր ապրիլ ընկերութեան մը մէջ, ուր դեռ չէ անհետացած վերոնշեալ քաղաքականութիւնը, զոր կ’անուանեմ յետ-ցեղասպանական։

Այսօր, այս հանգրուաններու վերջին օղակին կը միանայ չորս տարի առաջ սկսած Արցախեան վերջին պատերազմը։ Ի տարբերութիւն հայ-ատրպէյճանական նախորդ բախումներուն, այս պատերազմին մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ թրքական քաղաքականութենէն եւ այն հայերէն, որոնք կ’ապրին այս երկրին մէջ։  

Պատերազմը՝ բեկում. վերադա՞րձ դէպի Հայաստան

Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակի նուիրուած որմազդ՝ Երեւան, 2011

Այսօր, ըստ երեւոյթին, բեկում պատճառած է Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմը, չմոռնալով 2023 թուականի  Փետրուարին Թուրքիոյ  երկրաշարժը, որոնք հանդիսացած են դէպի Հայաստան վերադարձի գլխաւոր պատճառներ։ Անոր վրայ պէտք է աւելցնել Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան խառնակ վիճակը ու տնտեսական տագնապը։ Հայաստանէն եկողները գիտենք, թէ կը վարձատրուին տոլարով, իսկ քանի մը տարիէ ի վեր թրքական դրամին արժեզրկումը կը մղէ օտարները լքել այդ երկիրը։

Ուրեմն, երկու խումբէ հայեր՝ Հայաստանէն եկողներ ու բնիկ թուրքիացիներ, հակում ունին գաղթելու եւ կամ հաստատուելու/ վերահաստատուելու Հայաստան։

Գիտեմ խօսակիցներէս, թէ բազմաթիւ հայեր պատերազմէն ետք վերադարձած են Հայաստան եւ կամ կը խորհին վերադառնալու մասին։ Շատեր կ’արտայայտուին սապէս. «Օր մը չէ օր մը կ’ուզենք վերադառնալ, որովհետեւ հոս փուշի վրայ ենք իբրեւ հայ։ Եթէ բան մը ըլլայ հոս, հայերն են, որոնք անմիջական վտանգի տակ են»։ Իսկ թրքահայերը պատկանելիութեան հարց ունին ապրելով այս երկրին մէջ, ի մասնաւորի նոր սերունդի անդամները, որոնք կ’ուզեն հաստատուիլ Հայաստան, մանաւանդ պատերազմէն ետք։ Օրինակ խօսակիցներէս մէկը, որ բնիկ պոլսեցի մըն է, կ’ըսէ. «Պատկանելիութեան խնդիր կայ հոս, ատոր համար կ’երթամ Հայաստան»։

Ուրիշ մը, որ հայկական հպատակութիւն ստացած է վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ու կ’ուզէ օր մը հաստատուիլ Երեւան ու հոն աշխատիլ. «Տունդ ուր որ է, քու սիրտդ հոն է։ Իմ սիրտս Երեւան է»։ Հակառակ կարգ մը սփիւռքահայերու, Թուրքիոյ երիտասարդ սերունդի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կ’արտայայտուի այս ուղղութեամբ։ Այս մէկը կարելի է մեկնաբանել հետեւեալ ձեւով.

Բնիկ թրքահայերը, պոլսեցի եւ կամ անատոլուցի, իրենք զիրենք միշտ զգացած են տեղացի, ապրելով թրքահայկական մշակոյթով, աւանդութեամբ ու լեզուով։ Սակայն հիմա կը տեսնենք, որ օրէ օր,  յատկապէս նոր սերունդի անդամները իրենք զիրենք աւելի հարազատ կը գտնեն Հայաստանի հողերուն ու մօտիկ՝ հոնտեղի ապրելակերպին։ Դժբախտաբար չկան ճշգրիտ տուեալներ, բայց օրէ օր կը բազմանայ Հայաստանեան անցաթուղթ ձեռք բերողներուն թիւը։ Մէկ կողմէն՝ երիտասարդները կ’ուզեն իրենց կապերը զօրացնել Հայաստանի հետ, միւս կողմէն՝ անշուշտ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութենէն փախուստ տալու առիթ է այս։

Սխալ չըլլար հոս յիշել երիտասարդի մը արտայայտութիւնը. «Ես ֆրանսահայ չեմ ու այլընտրանք չունիմ, չեմ կրնար այս տարիքէս ետք հաստատուիլ Եւրոպա կամ Ամերիկա, բայց կրնամ՝ Երեւան, ուր գոնէ օտար չեմ սեպուիր»։

Այսօր, շատ հայերու համար Թուրքիոյ մէջ ապրիլ կը նշանակէ ապրիլ օտարութեան մէջ։ Հետզհետէ այս գաղափարը կը զօրանայ,  ըլլա՜յ Հայաստանէն եկողներուն համար, ըլլա՜յ բնիկներուն։ Հոն կը ջանան շարունակել վերապրողի կեանք մը, մինչդեռ Հայաստանը իրենց համար նոր ապաստան է, հակառակ անոր որ պատերազմի ձգած հետքերը իրենց յիշողութեան մէջ դեռ թարմ են։

ե

Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից անցագիր
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անցագրի օրինակ. կը պատկանի գիւմրեցի փիլիսոփայ Գէորգի Գիւրջիեւին,1920

18 Յունուար 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Շնորհակալութիւն երկրորդ մասին։ Շատ հետաքրքրական է և կը սպասեմ յաջորդին։ Նոնիկ Յովհաննէսեան

  2. Շնորակալութիւնէ Ծիծեռնակ, այս հետաքրքրական յօդուածին համար։ Իմ տպաւորութիւնս էր, որ պայմաններու բերումով, գրեթէ բոլորովին չեզոքացած գաղութ էր։ Ուրախ եմ, որ այլ կերպ է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *