Նազլը Թէմիր, ընկերաբան
Դաշտային աշխատանք մը
Կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել նոր աշխատանք մը, որ սկիզբ առաւ թուրքիոյ հայ հասարակութեան մէջ 2023-ի ամրան։ Իբրեւ հետազօտող, Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, պատերազմի արձագանգին ու հետեւանքներուն մասին ուզեցի դաշտային աշխատանք մը տանիլ Թուրքիոյ հայերու հետ. միջավայր մը, ուր հայեր ու ոչ հայեր քով քովի կ’ապրին։
Ուրեմն, նպատակս էր զանազան հայերու հետ տեսակցելով ջանալ հասկնալ, թէ ի՞նչ եղած էին իրենց զգացումներն ու հոգեվիճակները պատերազմի սկիզբը, ընթացքին եւ պարտութենէն յետոյ։ Նաեւ՝ հայկական կողմին պարտութիւնը ինչեր փոխած էր իրենց դիրքորոշումներուն մէջ իրբեւ հայ, կամ իբրեւ թրքահպատակ քաղաքացի։
Այս ուղղութեամբ, 2023-ի Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու ընթացքին Պոլսոյ հայ հասարակութեան մէջ կատարեցի մօտ տասնեակ հարցազրոյցներ։
Պէտք է նկատի առնել, թէ երբ այս աշխատանքը սկսաւ, վերջ գտած էր պատերազմը հայկական պարտութեամբ, բայց Արցախը դեռ չէր քայքայուած։ Այսինքն, նշեալ աւելի քան 15 հարցազրոյցները կատարուած են նախքան Արցախի անկումը, հազիւ քանի մը ամիս առաջ, բայց պատերազմէն յետոյ, երբ դեռ զգացումներն ու դիրքորոշումները տաք էին անցուդարձերու նկատմամբ։
Նպատակս է երթալ ու տեղւոյն վրայ շարուանկել այս հարցազրոյցներու շարքը, տեսնելու թէ ինչեր փոխեց Արցախի անկումը սոյն հասարակութենէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, յարմար կը գտնեմ ընթերցողին ներկայացնել Թուրքիոյ հայերուն տեսանկիւնը, զոր ինծի փոխանցեցին անմիջապէս պատերազմէն ետք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու արգելքներուն, որոնց պիտի անդրադառնամ։
Աւելցնեմ նաեւ, որ առաջին անգամ չէ, որ արգելքներու հանդիպած եմ դաշտային աշխատանքիս մէջ։ Նախորդ աշխատանքս, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ հայերու հասարակաց յիշողութեան, կրցած էի աւարտին հասցնել հակառակ առջեւս ծառացած արգելքներուն։ Նպատակներէս մին է այսօր շարունակել 2015-ին կանգ առած այդ գործը։ Այդ ժամանակէն ի վեր ինչե՞ր փոխուած են, մանաւանդ հայերը ինչպէ՞ս կ’ապրին հոն ու ինչպէ՞ս կ’ընկալեն Արցախեան պատերազմը։ Այս մէկը դաշտային աշխատանքիս մեկնարկի հարցումը եղաւ։ Կ’արժէր այսօր Թուրքիա ապրած հայերու հետ տեսակցիլ նիւթի մը շուրջ, որ երբեք չէ արծարծուած եւ կարգ մը պատճառներով չէ իրականացած։ Արդե՞օք իսկապէս քով քովի կ’ապրին ոչ հայերը եւ հայերը, վերջիններս՝ իրենց հայկական ինքնութեամբ։ Ինչպէ՞ս կ’ընթանան յարաբերութիւնները իրենց միջեւ յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք։ Հայերը ինչպէ՞ս կը զգան, ի՞նչ տարբերութիւններ՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու ետք, եթէ կարելի է այս պատերազմը բեկում նկատել։
Հետազօտական երկու խումբեր
Առաջին հարցումը անշուշտ հետեւեալը կ’ըլլայ. ո՞ր հայերու հետ տեսակցիլ։ Ո՞վ է ներկայացուցչական նմոյշը այս աշխատանքին։ Կան բնիկ պոլսահայեր եւ Անատոլուէն գաղթածներ, որոնք կը բաղկանան զանազան խաւերէ ու կրթութեան զանազան մակարդակներէ, կան մտաւորականներ ու քաղաքական կամ ընկերային խնդիրներով հետաքրքրուողներ եւ կան անոնք, զորս կարելի է սեպել պարզապէս հասարակ անդամ համայնքի, որոնք կը ջանան միայն գոյատեւել։ Ահաւասիկ բուն բառը, որ արդէն իսկ իր մէջ ունի իր պատասխանն ու վերլուծումը։ Գոյատեւե՜լ։ Հետեւաբար՝
խումբ Ա., որ կ’ընդգրկէ ենթախումբեր, զանոնք կարելի է անուանել «բնիկ թրքահայեր», այսինքն՝ պոլսեցի կամ անատոլուցի, բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ։
Խումբ Բ., որ կը բաղկանայ Հայաստանէն գաղթած ու Պոլիս հաստատուած հայերէ։ Այն ընկերա-տնտեսական տեսակէտով միատարր ըլլալ կը թուի։ Պարզ է, որ շատեր գաղթած են Թուրքիա իրենց նիւթական պայմանները բարելաւելու (ուսումնասիրելի նիւթ)։ Այս խումբի անդամները երկար տարիներէ ի վեր կ’ապրին իրենց երկրին, այսինքն՝ Հայաստանի կարօտով։ Խումբը կարելի է անուանել «գաղթական հայերու խումբ», հակառակ անոր, որ խումբի անդամներուն մէկ մասը չ’ուզեր վերադառնալ Հայաստան։
Հետազօտութեանս նիւթին վերաբերեալ գաղթական հայերու երկու խումբ յայտնուեցաւ. առաջինը՝ զանազան պատճառներով չէր ուզեր խօսիլ կամ արտայայտուիլ։ Երկրորդը՝ կ’ուզէր դրսեւորել իր հոգեկան, անձնական եւ հաւաքական ապրումները։
18 Յունուար 2024
2 Responses
Շնորհակալութիւն այս յօդուածին։ Անհամբեր կը սպասեմ կարդալ շարունակութիւնը։ Նոնիկ
Շնորհակալութիւն Նոնիկ, անդրադարձիդ համար։ Բ. մասը արդէն լոյս տեսաւ։