ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Վերարտադրութիւն կամ փոփոփոխութիւն. մաս Ա.

2023-ի Ծիծեռնակի երիտասարդական վերջին զրոյցի նիւթն էր «Վերարտադրութիւն կամ փոփոխութիւն»։ Նիւթը առաջարկուած եւ պատրաստուած էր Ազատ Ագռաւի կողմէ, որ նաեւ վարեց բանավէճը։ Երեւանէն մեզի միացաւ Յառաջ արեւմտահայերէնի կեդրոնի երիտասարդական խմբակը։ Ստորեւ կու տանք նիւթը իբրեւ նախաբան եւ մասնակիցներէն ոմանց խորհրդածութիւնները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Ազատ Ագռաւ, ճարտարագէտ

Նախաբան

Մենք աշխարհ կու գանք շարունակականութեան ծրագրի մը իբրեւ արդիւնք։ Տոհմածառին վրայ մեր պապերը, ամէն սերունդ իր կարգին, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մէկ ճիւղ աւելցուցած է վերարտադրելով իր ծիները՝ աշխարհ բերելով զաւակներ եւ մշակոյթը՝ փոխանցելով որոշ կրթութիւն։  
Ուրեմն, մեր ծնունդին պատճառը ծինային եւ մշակութային յաւերժացումին ծրագիրն է։ Այս ծրագիրը մենք չենք ընտրած, բայց առանց անոր գոյութիւն ունեցած չէինք ըլլար։
Ասիկա գիտնալով, արդեօ՞ք պէտք է մեր գոյութիւնը նուիրենք շարունակելու այս ծրագիրը, որ մենք չենք որոշած, բայց եւ այնպէս մեր էութեան պատճառն է։
Քանի´ այս ծրագիրը ընտրողը մեր քննադատական ոգին չէ, այլ ճակատագիր/բախտն է, ուրեմն չե՞նք կրնար ըսել, որ մեր վրայ կ’առնենք պատասխանատւութիւն մը կամայական ձեւով։  
Եթէ մեր դիրքորոշումը այն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտականութիւն ունի կէտ առ կէտ պահելու այդ ծրագիրը, որուն մէջ ծնած է, կը նշանակէ որ ձեւով մը կը քաջալերենք, որ՝ օրինակ հայը շարունակէ իր հողը պաշտպանել, նոյնպէս եւ թուրքը, որ շարունակէ նուաճել նոյն հողը ըստ իր փանթուրքական ծրագրին։  
Եթէ առաջին հարցումին պատասխանը այո է, ուրեմն պիտի հաստատենք, որ պէտք է վերարտադրենք մեր ծիները եւ մեր մշակոյթը (ներամուսնական սերնդագործութիւն/ամուսնութիւն նոյն խումբի անդամներուն միջեւ, հետեւիլ պապենական աւանդութիւններուն ու կանոններուն)։ Բայց անդադար յեղաշրջուող աշխարհի մէջ միշտ նոյնը վերարտադրելը պիտի նշանակէ, որ ուշ կամ կանուխ պիտի դատապարտուինք ետ մնալու։
Քանի մը օրինակ. առանց արտաքին նպաստի ներխմբային ծինային խառնումը սերունդներ ետք պատճառ կը դառնայ ախտաւոր արարածներու ծնունդին։ Կամ, մեր պապերուն գործիքներն ու մեթոտները նոյնութեամբ գործածելը, անոնց կենցաղը նոյնութեամբ շարունակելը յառաջդիմութենէն դուրս կը նետէ մեզ։  
Անցեալը կրկնօրինակելով տեւելու ջանքը միմիայն ճահճացում կու տայ զարգացման ընթացքին եւ թուլութիւն կը բերէ։ Օրինակ, այն խումբերը, որոնք որոշած են նիզակով գոհանալ իբրեւ զէնք, կը ջարդուին ատրճանակը որդեգրողներուն կողմէ։ Անոնք որոնք երաժշտական արուեստի մէջ մնացած են հասարակ թամթամի մակարդակին, չեն կրնար մրցակցիլ դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու հետ։ Անոնք որոնք կը շարունակեն  ուտել նախապատմական անհամեմ ուտելիքները, չեն վայելեր նուրբ ճաշատեսակներու հաճոյքը։ եւլ…
Հետեւաբար, ո՞ւր է սահմանը բարելաւումին, որ չընկալուի իբրեւ փոփոխութիւն եւ դաւաճանութիւն մեր ժառանգութեան հանդէպ։
Ի՞նչ կրնանք փոխել մեր էութեան եւ մշակոյթին մէջ, առանց ուրանալու մեր պապերուն ծրագիրը։
10 Դեկտեմբեր 2023
Հայկ Թումանեան, բժշկութեան ուսանող

Մշակոյթը բնական թողուլ

Մշակոյթը բնական կ’ըլլայ, երբ ազգ մը իր մշակոյթով կ’ապրի առանց անապահովութիւն զգալու: Մշակութային անապահովութիւնը երկու աղբիւրէ կու գայ.  ազգայնականութենէն եւ ընկերային ցանցերէն։
Ազգայնականութեան միտքի արդի ներկայացումը այն է, որ երկիրդ բացառիկ է եւ այս պատճառով յատուկ դիրք մը ունի աշխարհի մէջ։ Այսպէս, եթէ երկիր մը կայ, որ նման մշակոյթ ունի, ուրեմն, ըստ այս միտքին, քեզմէ մշակոյթ գողցած է։
Յաջորդ աղբիւրը ընկերային ցանցն է, որ կը միացնէ բոլոր ազգերը եւ կարելիութիւն կու տայ, որ ազգայնական մարդիկը մշակութային պայքարին մէջ իյնան։ Ես կրնամ ըսել, որ նման բազմաթիւ պայքարներ տեսած եմ, ոմանք ամենաանմիտ պատճառներով սկսած են։ Օրինակներ տամ․ անգամ մը տեսայ հայեր եւ վրացիներ գլխարկի պատճառով կռիւ կ’ընէին։ Հայը կ’ըսէր, որ գլխարկի այդ ոճը հայկական էր եւ վրացին՝ որ վրացական էր, կարելի չէր, որ հայեր եւ վրացիներ նման գլխարկ ունենան, ո´չ, միայն վրացիները ունին այս գլխարկին ոճը եւ պարզ է, որ հայը վրացիէն գողցած է։ Նմանապէս, անգամ մը տեսայ չէչէն մարդ մը, որ կը պնդէր, որ թրահարուածը չէչէն յատուկ պարի շարժում էր։ Այսպէս, ազգեր սահմաններ կը ստեղծեն, վրացին «իր» մշակոյթը պարզ սահմաններու մէջ կը դնէ եւ հայը նոյնը կ’ընէ։ Մշակոյթը կը դարձնեն հպարտութեան միջոց, ոչ սիրելու համար, այլ բոլորին ցոյց տալու, թէ որքան բացառիկ եւ յատուկ են։
Ես չեմ ըսեր, որ մեր մշակոյթը պիտի չպաշտպանենք, երբ Ազրպէյճանը կ’ըսէ, որ մեր եկեղեցիները հայկական չեն, անշուշտ այս յստակ իրականութիւնը պիտի պաշտպանենք։ Ուղղակի՝ պէտք չէ, որ մանրուքներու ետեւէ վազենք եւ անիրապաշտ սահմաններ ստեղծենք։
Ուստի, ինչպէ՞ս կը հասնինք բնական մշակոյթին։ Սիրով եւ համեստութեամբ: Նախ եւ առաջ, հայ մշակոյթը պիտի սիրենք, նոյնիսկ եթէ մեր մշակոյթէն մաս մը ուրիշ մշակոյթէ ազդուած է, քանի որ մշակոյթ չկայ, որ ազդեցութիւն չի կրեր։ Ուսումնասիրութեամբ փաստուած է, որ այն մշակոյթը, որ սիրով գոյատեւած է, պահպանուած է։ Նաեւ մեր մշակոյթով համեստ պիտի ապրինք։ Պիտի չկարծենք, թէ յատուկ կամ սուրբ ենք մեր մշակոյթին պատճառով եւ փոփոխութիւններէն պիտի չվախնանք: Այն մշակոյթը, որ համեստութեամբ կ’ապրի, կրնայ զարգանալ։
12 Դեկտեմբեր 2023
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *