Թաթուլ Մովսիսեան, ուսողութեան ուսանող
Արեւմուտքին ճանչցած հայը ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ իր ազգին
Ցեղասպանութիւնը մարեց մեծ եւ զօրաւոր ազգ ըլլալու հայ Ժողովուրդին յոյսը։ Այնուամենայնիւ, ամէն հայ կ’ապրի իր կեանքը ինչպէս պիտի ապրէր որեւէ ազգի պատկանող անձ, առանց թոյլ տալու, որ Հայկական Դատի առնչուած խնդիրները զինք խենթեցնեն։
Սակայն, այս երեւոյթին զուգահեռ կը հաստատենք, որ Հայաստանէն դուրս, եւ յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, մարդիկ հայ ժողովուրդին ծանօթ են ցեղասպանութեան պատմութեամբ։ Պէտք է նաեւ յիշեցնել, որ մեծաւ մասամբ հայերը Արեւմուտքի մէջ ճանչցուեցան քսաներորդ դարու կէսէն ետք, երբ այնտեղ արդէն մարդոց մտածելակերպը կը փոխուէր եւ հանդուրժող հայեացք մը կ’ընդունուէր խեղճերու կամ մերժուածներու հանդէպ։ Ամէն պարագայի, խեղճի հանդէպ այդ հայեացքը, որ կ’առաջնորդէ մարդիկը ընդունելու նեղութեան մէջ եղողները կամ տարբերութիւններ ունեցողները, ուղղուեցաւ նաեւ հայերուն։ Հետեւաբար, զոհի պատկեր կը կրէ հայ Ժողովուրդը։
Հիմա որ այս գիտենք, ի՞նչ կրնանք ընել, որ իբր սփիւռք կարենանք յառաջ տանիլ հայ ազգի հետ կապուած հարցերը, որոնք են՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, անշուշտ նաեւ այն ամէնը, որոնք կրնան ապահովել հայ ազգի գոյութիւնն ու զարգացումը։ Թէեւ մարդիկ մեզի ծանօթ են իբրեւ ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդ, որ մինչեւ այսօր կը պայքարի ապրելու համար, ամէն հայ պէտք է ի գործ դնէ իր կարելիութիւնը աշխատանքի մէջ, մասնագիտութեամբ, ազդեցութիւնով, որպէսզի իր գիտելիքներով, պաշտօնով կամ շրջապատին մէջ իր ձգած տպաւորութիւնով ծառայէ իր ազգային նպատակին։ Այսինքն, պէտք է, որ անձնականը ծառայէ ազգին։
Ամէն պարագայի, հայերը միշտ ալ ապրած են բաժնուած եւ նոյն ժամանակ չեն եկած Արեւմուտք։ Ուրեմն մտածելակերպի տարբերութիւններ կան։ Օրինակ՝ Ֆրանսայի հայերը ցոյց են տուած, որ կրնան ֆրանսացիներուն հետ համերաշխ ապրիլ։ Դժբախտաբար, այսօրուան նոր սերունդը երբեմն իր պահուածքով լաւ տպաւորութիւն չի ձգեր։ Ոմանք չեն ուզեր կապ հաստատել տեղի միջավայրին հետ եւ հաղորդուիլ նոր մշակոյթներու։ Այսպիսի կեցուածք հիասթափութիւն կը պատճառէ եւ վնաս կը հասցնէ ազգային յառաջդիմութեան։
Ամբողջ կեանքի աշխատանք է, որ ամէն հայ պէտք է տանի իր ազգի յառաջադիմութիւնը ապահովելու համար։
30 Ապրիլ 2023