Կիրակի, 5 Փետրուար 2023-ին Ծիծեռնակի երիտասարդական խումբը կրկին հաւաքուեցաւ։ Այս անգամ վիճարկումի նիւթ դարձաւ կրթութեան խնդիրը։ Զրոյցը զարգացաւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ նորահաստատ հայ ծնողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ՝ մեր նիւթը հայթայթող ու զրուցավար Ալինա Իգիթեանի մտորումները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ԱԼԻՆԱ ԻԳԻԹԵԱՆ,
Միջազգային եւ միջմշակութային տնօրինումի (management international et interculturel) մասնագիտութեան ուսանողուհի
ԼԵԶՈՒ, ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՅԱՐՄԱՐԻԼ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ
Կրթութեան խնդիրը բոլորիս կը պատկանի: Ամենայն հաւանականութեամբ, կեանքի մէկ շրջանին ծնող պիտի դառնանք։ Ի՞նչ կը նշանակէ ծնող դառնալ։ Այս միտքը ոմանց կը վախցնէ, ուրիշներուն՝ ընդհակառակը, յուզում եւ խանդավառութիւն կը պատճառէ։
Թէեւ մենք՝ հայերս ունինք ընդհանուր արժէքներ, սակայն չի նշանակեր, որ բոլորս նոյն կրթութիւնը ստացեր ենք։ Մեր անձնական փորձառութիւնները կարելիութիւն կուտան մեզի մուտք գործելու մեր իրականութեան եւ տեսլականին մէջ:
Յօդուածիս նիւթն է Ֆրանսա նոր հաստատուած ծնողներու դիմագրաւած դժուարութիւնները զաւակներու կրթութեան հարցով։
Նոր երկիր տեղափոխուիլը կրնայ դժուար փորձառութիւն մը ըլլալ, մանաւանդ երբ հաշուի առնենք նորեկներու եւ Ֆրանսայի մշակութային ու կենցաղային տարբերութիւնները։ Մինչ ծնողներ կրնան բախիլ զաւակները կրթելու դժուարութիւններու, զաւակները աւելի հեշտութեամբ կը յարմարին նոր երկրի մշակոյթին։ Այս իրավիճակը մեկուսացման կ’առաջնորդէ ծնողները, որոնք անվստահ զգալով, չեն գիտեր ի՞նչ ուղղութիւն տալ իրենց զաւակներուն մէկ միջավայրէ միւսին անցման այս փուլին։
Ծնողներու առջեւ ծառացած ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը լեզուական խոչընդոտն է: Նոր ժամանած ծնողներէն շատերը չեն տիրապետեր ֆրանսերէնի, ինչ որ կրնայ դժուարացնել իրենց յարաբերութիւնը զաւակներուն հետ: Այս պարագան եւս կը յանգեցնէ ծնողներու մեկուսացման, որոնք զրկուած կը զգան ընկերային այն աջակցութենէն, զոր կը վայելէին իրենց ծննդավայրին մէջ։
Լեզուական խոչընդոտներու զուգահեռ, ընկերային տարբերութիւնները նոյնպէս կրնան մարտահրաւէր ըլլալ։ Օրինակ, հայկական մշակոյթի մէջ, ինչպէս կարգ մը այլ մշակոյթներու, սովորաբար ծնողները աւելի մեծ հեղինակութիւն ունին քան ֆրանսական մշակոյթը կրողներ, որոնց մօտ շեշտը կը դրուի երեխաներուն ազատ արտայայտութեան եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու վրայ: Այս կրնայ թիւրիմացութեան պատճառ դառնալ ծնողներու եւ պետական կրթական համակարգի միջեւ, որոնք տարբեր ձեւով կ’ընկալեն երեխաներու դաստիարակութիւնը։
Մինչ հայերը շեշտը կը դնեն ընտանիքի, մեծերու նկատմամբ յարգանքի, ընտանիքի տարեց անդամներու հետ սերտ յարաբերութիւններու պահպանման վրայ, անդին՝ Ֆրանսայի մշակոյթը աւելի անհատապաշտական ըլլալով, նուազ կը շեշտէ աւանդական նման արժէքները: Այս կէտն ալ կրնայ թիւրիմացութիւններու դուռ բանալ ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ, որոնք, ինչպէս ըսինք, աւելի հեշտութեամբ կը յարմարին նոր մշակոյթին:
Նոր երկիր հաստատուիլը դժուար փորձառութիւն է որեւէ ընտանիքի համար։ Ֆրանսայի հայ ընտանիքները բացառութիւն չեն կազմեր: Այսուամենայնիւ, միջավայրին յարմարելու պատրաստակամութիւնը եւ համայնքին աջակցութիւնը կ’օգնեն, որ նորեկ ընտանիքներ ֆրանսական ընկերութեան յարմարին, միեւնոյն ատեն պահպանեն հայկական մշակոյթը:
Հայերու միջեւ յարաբերութիւնը փորձառութիւններու փոխանակման ճամբով կրնայ օգնել ծնողներուն ձեռք բերելու ինքնավստահութիւն, որպէսզի անցումային շրջանին լաւագոյնս աջակցին զաւակներուն նոր երկրին մէջ աւելի հեշտութեամբ յառաջ երթալու։
Ծնողներ կրնան խրախուսել իրենց զաւակները.
ա. Սորվելու թէ՜ նոր երկրի մշակոյթն ու պատմութիւնը, թէ՜ իրենց սեփականը, այսպիսով ապահովելով ազգային ինքնութեան զգացումն ու կապը նոր միջավայրին հետ:
բ. Լեզուի ոսուցումը կրնան խրախուսել միասնաբար աշխատելով, միասին դիտելով տեղական հեռուստահաղորդումներ կամ ֆիլմեր, եւ ըստ կարելիութեան՝ իրենք եւս լեզուի դասընթացքի հետեւին։
գ. Ու վերջապէս՝ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեն. ականջ դնեն զաւակներու մտահոգութիւններուն, մխիթարեն եւ առաջնորդեն զանոնք։
Եզրափակելով ըսեմ, որ այս ժամանակամիջոցին, ծնողները որոշ դժուարութիւններու կը հանդիպին հարկաւ, սակայն Ֆրանսայի մէջ նոր կեանք կառուցելու ջանքը յաջողութեամբ կը պսակուի այն ընտանիքներուն համար, որոնք պատրաստ են տանելու քրտնաջան աշխատանք, միաժամանակ հաւատարիմ մնալու իրենց արմատներուն:
6 Մարտ 2023