ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՈՒՐԱԽԱՑՆԵԼՈՎ ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ. մաս Բ. եւ վերջ

Մէկը ուրախացնելով մենք աւելի՜ կ’ուրախանանք, առաւել եւս երբ մինակ մարդ է ան եւ առիթը Կաղանդ է կամ Սուրբ Ծնունդ։ Ահա այս փորձառութիւնը ապրեցան Դպրոցասէրի 8-րդ դասարանի աշակերտները։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑԻՆՔ ՄԻՆԱԿ ԱՆՁ ՄԸ ԵՒ ՄԵ՜ՆՔ ՈՒՐԱԽԱՑԱՆՔ

Սիմոն Մովսիսեան

Ես ընտանիքիս հետ կը քալէի Փարիզ եւ տեսայ սեւամորթ մարդ մը։ Ան կը ծախէր գունաւոր լոյսերով խաղալիքներ եւ ուրիշ բաներ։ Ան տխուր էր որ մէկը չէր գներ իր ապրանքները։ Ան մինակ էր եւ ծախել կ’ուզէր։ Իրեն մօտ գացի եւ մէկ հատ խաղալիք գնեցի, որ յոյս ունենայ շարունակելու համար:


Նարեկ Ասիօկլու

Օր մը, երբ դաշնամուրի դասիս կ’երթայի, անտուն մարդ մը տեսայ։ Յիշեցի, որ լաւութիւն մը պէտք է ընէի Կաղանդի առթիւ։

Գացի մարդուն քով, քիչ մը խօսեցայ հետը, հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս է, ինչո՞ւ տուն չունի, ի՞նչ կը զգայ իր վիճակին մասին։ Մտածեցի, որ խեղճ է։ Խանութ մը կար, մտայ եւ խնձոր ու հաց գնեցի  իրեն տալու համար։ Յետոյ գացի դաշնամուրի դասիս։

Մարդը շատ ուրախ էր։ Ես ալ։


Էդուարդ Խաչատրեան

Ինչպէս կարողացայ երջանկացնել անտուն մարդը

Մարդ մը ուրախացնելու համար որոշեցի Կաղանդէն մէկ օր առաջ մայրիկիս հետ երթալ խանութ։ Այդ օր այնտեղ մարդ մը թերթիկ կը բաժնէր, ուտելիքներու ցանկ մըն էր, որուն համեմատ մենք Կաղանդի առթիւ կրնայինք գնում ընել ընտանիք չունեցող մարդոց համար: Ես եւ մայրիկս որոշեցինք գնել եփելու շատ ուտեստներ, որոնք տուինք մի քանի առանց ընտանիքի մարդոց, եւ մենք ուրախացուցինք զանոնք։


Գայանէ Ֆորէլ

Ուրախութիւն

Այսօր Սուրբ Ծննդեան օրն է, 24 Դեկտեմբեր։ Այս գիշեր իմ մեծ մօրս տունը Ծնունդը պիտի տօնենք։ Գիշերուան ճաշին համար սոխի պէտք ունինք։ Ուրեմն, մայրս զիս խանութ կը ղրկէ, որ սոխ գնեմ։

Խանութին առջեւը մարդ մը կը տեսնեմ, իր շունին հետը գետինը նստած է։ Խանութ կը մտնեմ եւ մարդուն եւ շունին մասին կը մտածեմ։ Ուրեմն, կը գնեմ հաց, պանիր, ջուր եւ շունին համար ուտելիք։ Կ’ելլեմ եւ մարդուն քով կը նստիմ, իրեն եւ շունին կուտամ ճաշերը եւ մարդուն հետ կը խօսիմ։ Շատ ուրախ է։ Ինծի կ’ըսէ, որ իր անունը Ֆրանք է, 46 տարեկան է։ Կ’ըսէ, որ իր ընտանիքը զինք լքած է, որովհետեւ միշտ դրամ կը պահանջէ։ Խօսեցանք եւ իրեն բարի Կաղանդ մաղթեցի, ինք ալ ինծի։ Եւ տուն դարձայ։


Ժուլիանա Աւագեան

–  Բարեւ, ինչպէ°ս ես։
– Լաւ չեմ։ Դուն ինչպէ՞ս ես։
– Ինչո°ւ լաւ չես։ Անունդ ըսէ ինծի։
 – Անունս Փօլ է, 44 տարեկան եմ եւ իմ կեանքս կործանեցաւ կնոջս պատճառով, որովհետեւ շատ գումար չունէի, որ նուէր մը առնէի. կինս զիս դուրս նետեց տունէն։ 7 ամիս է, որ դուրսն եմ։

Շատ  ցաւալի էր իր վիճակը եւ ես ուզեցի օգնել իրեն։ Գացի խանութ ու ուտելիք գնեցի իրեն համար եւ ան ուրախացաւ։


Նարեկ Պերպեր

Ես հանդիպեցայ աղքատ մարդու մը։ Իրեն հետ խօսեցայ։ Հարցուցի եթէ ընտանիք ունի կամ մարդ մը, որ խօսի հետը։ Ըսաւ՝ ոչ, բայց ուրախ էր, որ մէկը իրեն հետ կը խօսէր Կաղանդի ժամանակ։ Իրեն տուի ուտելիք եւ գացի։

Զինք ընտրեցի, որովհետեւ զինք յաճախ կը տեսնեմ։ Անունը Ֆրանսուա է։

Յունուար 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան