ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր»ի մասին

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

«Կաթիլ մը մեղր» չափածոյ հեքիաթը մշակուած է Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ։ Ներշնչուած է Վարդան Այգեկցիի «Կաթիլ մը մեղրը պատճառ պատերազմի» առակէն։ Ունի միջազգային բազմաթիւ տարբերակներ։

Առաջին անգամ տպագրուած է 1909-ին, Թիֆլիս, Հասկեր մանկական ամսագրի մէջ, իսկ իբրեւ գիրք՝ 1911-ին։ Արժանացած է բազմաթիւ հրատարակութիւններու։

Թումանեանի սոյն մշակումի հիման վրայ բեմադրուած են թատերական, երաժշտական, շարժանկարային բազմաթիւ ներկայացումներ, արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով։

Դիտելու համար՝

https://www.youtube.com/watch?v=FwJuL6RwSa0
https://www.youtube.com/watch?v=apfAK2cNwM4
https://www.youtube.com/watch?v=kGyMtvgWDjE&t=6s

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Մեղր եւ պատերազմ

Հաւաքական տեղեկութիւններ.
Այս գիրքին վերնագիրը «Կաթիլ մը մեղր» է։ Հեղինակը Յովհաննէս Թումանեանն է։ Արեւմտահայերէնով կը պատմէ Զարեհ Խրախունի։ Հրատարակուած է Փարիզ 1969-ին, Էրեբունի հրատարակչատունէն։ Գիրքը նկարազարդած է Ռուբէն Մանուկեան։
Ունի 12 էջ։


Լուսիկ Եաքար

Շատ սիրեցի այս գիրքը, որովհետեւ խնդալիք է։ Սիրեցի, երբ որ կաթիլ մը մեղրը գետին ինկաւ, ճանճը մեղրին վրայ եկաւ, կատուն ճանճին վրայ եկաւ, շունը կատուին վրայ եկաւ եւ կռիւ սկսաւ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մարդ մը խանութ եկաւ եւ մեղր կ’ուզէր։


Սոֆի Գրեգորով

Շատ սիրեցի ՙԿաթիլ մը մեղր՚ը, որովհետեւ կաթիլ մը գետին ինկաւ եւ մեծ պատերազմ եղաւ։ Սիրեցի նկարները, որովհետեւ շատ գոյներ կան եւ ես կը սիրեմ գոյները։


Նշան Երիցեան

Նիւթ. կը սկսի կաթիլ մը մեղրով, կ’աւարտի պատերազմով։
Սիրեցի նկարները եւ պատմութեան իմաստը։

Մայիս 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան