ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ՈԳԻՈՎ. Մաս Բ.

ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՈՒԼԵԱՆ, ՄԱՐԿՕ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ, ԷՐԻԿ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ

ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ

Քարէ Եփփէ  ծնած է 1 Յուլիս 1876-ին Դանիա՝ Կիւհլինկ աւանը։ Քարէն Եփփէ 13 տարեկան էր, երբ հայրը զայն ուղարկեց Գերմանիա լեզուն սորվելու։ Վերադառնալէն ետք զայն ուղարկեց գիշերօթիկ դպրոց։

1902-ին, օր մը դպրոցի տնօրէնը բարձրաձայն կարդաց թերթի մը յօդուածը, գրուած միսիոնար Աաճ Մեյեր Պենետիքթսենի կողմէ (Åge Meyer Benedictsen )։ Այս յօդուածին մէջ կը նկարագրուէին 1896 թուականին թուրքերու կողմէ հայերու դէմ կազմակերպուած ջարդերը։ Մէկ տարի անց՝ 1903 թուականին, ան մեկնեցաւ Ուրֆա՝ Սուրիոյ սահմանը, որպէսզի միանայ գերմանական միսիոնարական առաքելութեան: Ժամանելով Որֆա, 27-ամեայ Քարէն Եփփէն դարձաւ «Հայերուն դանիացի բարեկամներ» կազմակերպութեան աշխատակիցը: Ան անմիջապէս ստանձնեց աւելի քան 300 հայ որբերուն պատասխանատւութիւնը Որֆայի գերմանական գաղթակայանին մէջ։ Միայն մէկ տարին բաւեց անոր սորվելու հայերէն, արաբերէն եւ թրքերէն։

Ուրֆայի որբանոցը, Քարէն Եփփէ եւ եօթ որբուհիներ

1909-ին Կիլիկիոյ մէջ կոտորուեցան 20-30 հազար հայեր։ Ան սնունդ եւ ջուր մատակարարեց հայերուն։ Ոմանք բռնի կերպով Ուրֆայէն տարուեր էին սուրիոյ անապատը, այնտեղ փորելու իրենց գերեզմանները: Եփփէ մնաց Ուրֆա հակառակ շարունակուող կոտորածներուն եւ օգնեց հազարաւորներուն փախչելու կամ պատսպարուելու, ծպտելով զանոնք իբրեւ թուրք եւ արաբ: Իր նկուղին մէջ մօտ երկու տարի պատսպարած է հայեր։

1915-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Եփփէն ջանք չէ խնայած հայերուն օգնելու ու իր սեփական տան մէջ ապաստան տալու անոնց: Օսմանեան ժանտարմները շատ անգամ խուզարկած են անոր տունը, սակայն չեն գտած ներքնայարկը թաքնուած հայերը:

1917 թուականին վատառողջութեան պատճառով Եփփէն վերադարձաւ հայրենիք: Հիւանդութիւնը, սիրած մարդոց մահուան տեսարաններէն ապրած սթրեսը եւ մշտական վտանգի զգացումը զայն գրեթէ հիւծած էին:

Հայերու կոտորածներու մասին իր վկայութիւններով փորձեց աշխարհին տեղեակ պահել կատարուող ոճիրին մասին, յօդուածներ կը հրատարակէր եւ դասախօսութիւններ կը կարդար:

1920 թուականին Քարէն Եփփէն վերադարձաւ Հալէպ, ուր շարունակեց հայանպաստ գործունէութիւնը: 1921-ին Եփփէն Ազգերու Լիգայի կողմէն նշանակուեցաւ առեւանգուած եւ իբրեւ ստրուկ վաճառուած հայ կիներն ու որբերը փրկելու նպատակով ստեղծուած յանձնախումբի լիազօր յանձնակատար։ 

Քարէն Եփփէի շնորհիւ մօտ 2000 հայ կիներ փրկուած են ստրկութենէ. Յուշամատեանի դիւան

1922-1923 թուականներուն Հալէպի մէջ հիմնուած են որոնողափրկարարական գրասենեակներ։ Եւրոպայէն հաւաքուած գումարներու շնորհիւ ան կարողացաւ ետ գնել բազմաթիւ կանայք ու աղջիկներ։ Քարէն Եփփէի շնորհիւ մօտ 2000 հայ կին ազատած է ստրկութենէն։

Ան որբերը անկախ դարձնելու համար արհեստանոց բացաւ։ Ան հազարաւոր հայեր կը տեղաւորէր իր հիմնած գիւղերուն մէջ։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը եղած էր հայութեան վերադարձնել իր հաւաքած որբերը՝ անոնց ապահովելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանին դաստիարակութիւնը։ Քարէն Եփփէ կը գործակցէր հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային իշխանութիւններուն հետ։

Արաբներէ գնուելով ազգին գիրկը վերադարձած հայ որբեր. Հալէպի որբանոցը

Միայն առաջին երեք ամսուան ընթացքին արդէն հարիւր հայ կին ու աղջիկ փրկուեցան իսլամական գերութիւնէն։ Այս նպատակաւ Քարէն Եփփէն Հալէպի մէջ հիմնեց որոնման կեդրոն: Աստիճանաբար, երբ կանանց ու երեխաներու թիւն աւելցաւ, կարիք եղաւ յատուկ ապաստանարան ստեղծելու: Իսլամական գերութենէն ազատագրուածները կը ստանային բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւն, առանձնայատուկ խնամք, հագուստ, սնունդ, կը ստուգուէր անոնց ինքնութիւնը, իսկ վերջիններուս անուանացանկերը՝ կից լուսանկարներով, կը ղրկուէին թերթերուն, եկեղեցիներուն եւ հայկական միութիւններուն՝ հարազատները գտնելու համար: Հարազատներ չգտած կանանց համար կը բացուէին «միայնակներու տուներ»: Այս «միայնակները» պէտք է որդեգրէին որբեր։

Որբահաւաք գործունեութեամբ կը զբաղուէր Քարէն Եփփէի որդեգիրը` Միսաք Մելքոնեանը։ Հետեւեալ կարգախօսը կը հնչէր՝ «Մէկ հայ` մեկ կարմիր ոսկի»:

1935 թուականին ան նահանջեց իր գիւղական սպիտակ տունը: Մալարիայով հիւանդացած տեղափոխուեցաւ Հալէպի հիւանդանոց եւ կարճ ժամանակ ետք մահկանացուն կնքեց, 7 Յուլիս 1935-ին։

Իր ցանկութեամբ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի ծիսակարգով: Ան թաղուած է Հալէպի հայոց ազգային գերեզմանատունը: Քարէն Եփփէի հիմնած որբանոցը 1947 թուականին վերածուեցաւ Քարէն Եփփէի անուան ազգային ճեմարանի եւ կը գործէ մինչ օրս:

Քարէն եփփէն շատ կարեւոր կին մըն է հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ։ Անոր անունը կը յիշուի ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն, յատկապէս այրիներու եւ որբերու օգնած ըլլալուն համար։

24 Յունիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան