ԾԻԾԵՌՆԱԿի երիտասարդները յաջորդական երկու առիթներով՝ 27 Մարտին եւ 2 Ապրիլին խմբուեցան զրուցելու համար վերոնշեալ նիւթի մասին։ Զրոյցի ընթացքին լայնօրէն ծաւալուեցաւ արժանապատւութեան գաղափարը. կ’արժէ՞ զոհել զայն ի շահ գոյատեւման։ Նիւթը առաջարկողն ու զրուցավարն էր Ազատ Պանիքեան։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ԱԶԱՏ ՊԱՆԻՔԵԱՆ, ճարտարագէտ
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԻՒՆ
Արժանապատւութիւն. ինչո՞ւ խօսիլ այս նիւթի մասին։
Արժանապատւութեան գաղափարը ոմանց սրտին կը խօսի։ Բայց մեզի՝ հանգիստ ընկերութիւններու մէջ ապրողներուս համար, յղացք մըն է, զոր յաճախ չենք ըմբռներ։ Աւելի ճիշդ՝ արժանապատւութիւնը մէջտեղ կ’ելլէ, երբ կը գտնուինք դժուար վիճակներու մէջ, երբ մեր կռնակը պատը կը համբուրէ։
Արժանապատւութիւնը կապ ունի մեր արժէքներուն հետ, այն արժէքներուն՝ որոնց կու տանք առաջնութիւն, որոնք կը ծնին մեր ապրած միջավայրէն, մթնոլորտէն, դաստիարակութենէն, մէկ խօսքով՝ կեանքի փորձառութենէն։ Մէկու մը արժանապատւութիւնը մաս կը կազմէ իր ամբողջականութեան եւ իր էութեան, այսինքն՝ ուղղութիւն կու տայ իր վարմունքին։
Եթէ մարդէ մարդ, ժողովուրդէ ժողովուրդ կը տարբերին արժէքները, կը նկատենք նաեւ, որ արժանապատւութիւնը տիեզերական յատկանիշներ ալ ունի, զորս կրնանք ամփոփել այսպէս.
ա. խօսքի արժէքը (ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը՝ ոչ),
բ. առնելու եւ տալու միջեւ հաւասարութիւն (լաւ կամ գէշ. համբոյր կամ հարուած), պարտքի գիտակցութիւն։
Սակայն, ինչի՞ կը ծառայէ արժանապատւութիւնը առանց Միւսին։ Միւսներուն հետ մեր յարաբերութիւններն են, որ կու տան մեր արժանապատւութեան կշիռը եւ կը ծառայեն յարգանք ունենալու մեր անձին եւ ուրիշին հանդէպ, կ’ամրացնեն կապը մեր եւ միւսին միջեւ։ Բայց այդ կապը կրնայ գոյատեւել, եթէ հիմնուած ըլլայ էական նոյն արժէքներուն վրայ, թէ ոչ կրնայ տեղի ունենալ յարգանքի կորուստ։ Հոս փոխադարձութեան միտք մը կայ։
Որոշ պարագաներու մէջ կարող ենք մեր արժանապատւութիւնը լռեցնել, գիտնալով որ այդ լռութիւնը կրնայ մեր կամ մեր մօտիկներու ապագային շահ բերել։ Բայց եթէ կոխկռտենք արժանապատւութիւնը, մեր ինքնագնահատութեան մէջ կրնան վէրքեր յառաջանալ. դժուար սպիացող վէրքեր։
Մենք այսօր բախտ ունինք ապրելով արեւմտեան արդի ժողովրդավար երկիրներու մէջ, ուր երբ անձ մը կամ հաստատութիւն մը չի համապատասխաներ մեզի, կրնանք ազատօրէն հեռանալ իրմէ, կամ փոխել զայն առանց վտանգի կամ դժուարութիւններու ենթարկուելու։ Յաճախ ունինք ընտրութեան շքեղութիւնը, առանց ունենալու մեր արժանապատւութիւնը սեղանի վրայ դնելու ստիպողականութիւնը։
Արդեօք մեր այս հանգիստ վիճակը մշտատե՞ւ է։ Աշխարհի բարեշրջումը ցոյց կու տայ, որ վտանգը շատ արագ կրնայ գալ։ Վաղ թէ ուշ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ դժուար որոշումներու առջեւ գտնուիլ։ Իբրեւ հայ, տեղեակ ենք Հայաստանի վիճակէն, ուր կ’անդրադառնանք, որ ճատրակի տախտակին վրայ այլեւս շատ ելքեր չունինք։ Երբ չենք կրնար այլեւս փախչիլ պայքարէն, երբ մահը, տառապանքը կամ ենթարկումը մեր առջեւ կը գտնուին վստահօրէն, երբ պայծառատեսութեամբ եւ պարկեշտօրէն կ’անդրադառնանք, որ հակառակորդներուն համեմատ ոչ նիւթական ուժ եւ ոչ ալ միջոցներ ունինք պատիւով յաղթանակելու երկար ժամանակի վրայ, հոս, մէջտեղ կ’ելլէ մեր արժանապատւութեան գինին հարցը։
Արդեօ՞ք կը նախընտրենք պայքարիլ պահելով մեր արժանապատւութիւնը, գիտնալով որ շատ մեծ հաւանականութիւն կայ կորսնցնելու եւ կամաց կամաց, քաջութենէ քաջութիւն, մարտիրոսացումէ մարտիրոսացում, արցունքէ արցունք, աղօթքէ աղօթք, կրծուելով անհետանալու։ Թէ՞ կրնանք մեր արժանապատւութիւնը զոհել, որպէսզի անարգ ձեւով մեր յաղթանակի եւ գոյատեւման հաւանականութիւնները բարձրացնենք։
Քաջ հերոսներու զոհաբերութիւնը զիրենք կ’արժանացնէ առասպելացումի մէջ յաւիտենական յարգանքի եւ հմայքի։ Իբրեւ հակապատկեր ասոնց, չէ՞ք կարծեր, որ Պատմութեան իսկական մարտիրոսները այն առաջնորդներն են, որոնք իրենց անարժան, անարգ արարքներով ապահոված են ժողովուրդին գոյատեւումը, իրենց ուսերուն վրայ կրելով հաւաքական անէծքը, այդպիսով հանդարտեցնելով ժողովուրդին խիղճը եւ վերահաստատելով ինքն իր վրայ ունեցած անոր հաւաքական համարումը։
Աւանդավէպերու ժայռի պէս հաստատուն եւ քաջ հերոսները ժողովուրդին ծափահարութիւնները կը ստանան անոր յոյս եւ հպարտութիւն պատճառելով, բայց Պատմութեան վարագոյրներու ետեւի տիկնիկավարները անհոտ եւ անտեսք են, ջուրի՜ պէս։ Կենա՜ց։
10 Ապրիլ 2022