ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔԵԱՆ, ելեւմտագէտ
Ռուսաստանի եւ Ուկրանիոյ միջեւ պատերազմը բնաւ անտարբեր չձգեց աշխարհի կառավարութիւններն ու ժողովուրդները, եւ շատ արագ մենք՝ հայերս սկսանք զայն համեմատել Արցախեան պատերազմին հետ: Մէկ կողմէն՝ աշխարհը խղճաց յարձակումի ենթարկուած երկրին անոր իրաւունք տալով, միւս կողմէն՝ Արցախեան պատերազմի պարագային, ընդհանուր անտարբերութեան մէջ յարձակողները գրաւեցին յարձակուած երկրին հողերը։ Այս պատերազմներու վերաբերեալ լրատուամիջոցական, հետեւաբար եւ ժողովրդական վերաբերմունքի տարբերութեան պատճառները լաւ բացատրեց Արեգ Պէրպէրեան իր յօդուածին մէջ. « Անհաւասար զօրակցութիւններ յանուն շահի եւ կորուստի հաւասարակշռութեան» (ԾԻԾԵՌՆԱԿ, 21 Մարտ, 2022)
Մեր մէջ, հետեւաբար, անարդարութեան զգացումները զօրացան եւ մեր իրաւաբանական պահանջքները դարձեալ մէջտեղ ելան։ Կենդրոնանաք վերջին կէտին վրայ:
Այս երկու պատերազմներու ընթացքին, հակառակորդ երկիրները դէմ դիմաց բերին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, որպէսզի արդարացնեն իրենց դիրքերը։ Կրցանք ստուգել, որ իրաւունքի կիրարկութիւնը ոչ միայն անորոշ է, այլեւ հետեւանք չունի որեւէ երկրի համար, պարզապէս որովհետեւ երկու երկիրները երբեք պիտի չնստին դէմ դիմաց դատարանի մը նստարաններուն վրայ (բացի եթէ երկու երկիրներէն մէկը իր յանցանքը ընդունի): Ուստի հետեւեալ սենարիոն միշտ տեղի կ̕ ունենայ.
Անզօր, տկար երկիրները դատավճիռ մը կը սպասեն միջազգային դատարաններէն, որպէսզի միջազգային համայնքը իրաւունք տայ իրենց։ Մինչդեռ զօրաւոր երկիրները իրենց իրաւունքները կը պարտադրեն անզօր երկիրներուն, ոչինչ խնդրելով կամ ակնկալելով ուրիշներէ:
Ահաւասիկ, միջազգային իրաւունքը հիմնուած է զօրաւոր, յաղթող երկիրներուն կողմէ, որպէսզի կարգապահութիւն մը իշխէ աշխարհի վրայ, ուր տկար երկիրները կարենան բանի մը վստահիլ (կամ վախնալ) եւ այսպիսով չխանգարեն: Սակայն հզօր երկիրները կրնան այս օրէնքները խախտել եւ իրենց ուզածը ընել, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տարիներէ ի վեր կոխոտելով կ’անցնի այս օրէնքներուն վրայէն հաստատելու համար իր շահերը: Այսպիսով, միջազգային կազմակերպութիւնները, ինչպէս NATO-ն կամ UNESCO-ն, իրենք կ’որոշեն թէ ո՞ր դատերը արժանի են պաշտպանութեան (եւ ի՞նչ գինով)։ Այս տրամաբանութինը կրնանք կիրարկել Հայաստանի համար, ուր յարձակող երկիրը կոխկռտեց օրէնքներն ու առաքելութիւնները իր նպատակին հասնելու համար եւ այսօր Արցախեան երկրորդ պատերազմը այլեւս պատմութեան կը պատկանի:
Այս գաղափարը մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ ալ կրնանք կիրարկել. եթէ ամայի փողոցի մը մԷջ երկու զինուած մարդիկ իմ հեռաձայնս պահանջեն, պիտի չհակադարձեմ իրենց ըսելով, որ իրաւունք չունին։ Իրենց ուզածը պիտի տամ։ Թերեւս քիչ մը պիտի պոռամ, օգնութիւն կանչեմ, բայց քանի որ շուրջս մարդիկ պիտի չուզեն վտանգի մէջ մտնել, զիս մինակ պիտի ձգեն եւ ես ի վերջոյ պիտի կորսնցնեմ հեռաձայնս։ Յարձակողներուն համար ոչ մէկ հետեւանք պիտի ունենայ այս դէպքը։
Ահա, եղեգնանտառի օրէնքները դեռ կ̕ իշխեն մեր արդի ընկերութիւններուն մէջ, ուր որ հզօրը կը պարտադրէ իր դիրքերը (ՙհզօր՚ի սահմանումը քիչ մը փոխուած Է, դրամային հզօրութիւնը նոյնպէս կ̕ ազդէ):
Մեր ժողովուրդին սխալը տարիներէ ի վեր ուրիշներէ իրաւունք ստանալու յոյսն է: Արդարութեան այս պայքարը մեծ կորուստ մըն է մեզի համար, որովհետեւ մեր հոգիները հանդարտեցնելէ զատ ուրիշ բանի չի ծառայեր։ Կը նախընտրենք ծունկի ապրիլ զօրաւորէն օրհնութիւն ստանալու համար, քան թէ ոտքի ապրիլ հաստատ մեր տեսակէտներուն վրայ։ Թերեւս որովհետեւ աւելի դիւրին է…
22 Մարտ 2022