ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՐԴԻ ԳԵՐՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՍ Բ. եւ վերջ

ԱՆԻ ԿՆԵԱՍԵԱՆ

ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Գերութեան սահմանումը այն է, որ մէկը կամ բան մը (պայման չէ, որ մարդ ըլլայ), մէկու մը իր ուզած սահմանները կը պարտադրէ ու ազատութենէն կը զրկէ։

Այս դարուն համացանցը ու անոր ածանցեալները գերի առնելու նոր միջոցներ են եւ մաս կը կազմեն արդի գերութեան սահմանումին։

Դրամը ժողովուրդը գերի առնելու ամենաազդու միջոցն է ընկերութեան մէջ, որովհետեւ առանց դրամի իշխանութիւն կարելի չէ ունենալ։ Սակայն, անձնական տեսակէտով, գերի առնելու տարբեր միջոցներ ալ կան, որոնք են՝ մտածումները, վնասակար յարաբերութիւնները, հակումները, եւայլն։

Ենթարկուողը իր վիճակին մասին կրնայ գիտնալ կամ ոչ, բայց ազատիլը կախուած է գերիշխողէն։ Եթէ համակարգն է գերի բռնողը, նոյնիսկ գիտնալով շատ դժուար է ազատիլ։

25 Դեկտեմբեր 2021


ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՈՒՄԸ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ 

Արեգ Պէրպէրեան

Պաշտօնական արգելման թուականները.

Ֆրանսան պաշտօնապէս արգիլեց գերութիւնը 27 Ապրիլ1848-ին յայտարարելով, որ «գերութիւնը մարդկային արժանապատւութեան դէմ ոճրափորձ մըն է»։ Գերութեան  վերացումը որոշուեցաւ Մարդու եւ Քաղաքացիի Իրաւունքներու յայտարարութենէն մօտ 60 տարի ետք. սոյն տասնամեակներու ընթացքին ֆրանսական հողին վրայ բոլոր անձերը «ազատ եւ հաւասար իրաւունքներով» չծնան, հակառակ այն սկզբունքին, զոր յեղափոխականները արձանագրած էին 26 Օգոստոս 1789-ի յայտարարութեան մէջ։

 Վերացման առաջին քայլը առնուեցաւ սաստիկ կռիւներէ ետք ֆրանսական կարգ մը օտար գաղութներու (colonies) մէջ, ուր գերութիւնը դեռ կը գործադրուէր։ Գերիներուն ապստամբութենէն ետք, ֆրանսացի երեսփոխանները 3 Փետրուար 1794-ին առաջին անգամ քուէարկեցին ի նպաստ գերութեան վերացման։ Քանի մը տարի ետք՝ 1802-ին Նաբոլէոնը վերահաստատեց գերութիւնը, որ 1848-ին վերջնականապէս արգիլուեցաւ։

Գերութիւնը քրէական օրէնքին մէջ.

Մինչեւ 2013, ֆրանսական օրէնսգիրքին մէջ չկար գերութեան նուիրուած յօդուած եւ այս ոճրագործութիւնը կը պատժուէր ուրիշ օրէնքներու հիման վրայ, ինչ որ զարմանալի կրնայ երեւիլ գիտնալով, թէ Ֆրանսան ստորագրած է այդ նիւթին առնչուած միջազգային կարեւոր պայմանագրեր։ 2013-ին, մարդու իրաւունքները աւելի լաւ պաշտպանելու համար իր ստանձնած յանձնարարութեան համեմատ, Ֆրանսան արձանագրեց իր քրէական օրէնսգիրքին մէջ գերութեան սահմանումը։ 214-1 A յօդուածը անձ մը գերութեան նուաստացումի մէջ ինկած կը սեպէ, երբ անոր հանդէպ կ’իրագործուի սեփականութեան իրաւունքի յատկանիշներէն որեւէ մէկը։ Նախ, ի՞նչ է սեփականութիւնը։ Ըստ ֆրանսական քաղաքացիական օրէնսգիրքի 544-րդ յօդուածին, սեփականութիւնը ապրանքները բացարձակապէս գործածելու եւ տրամադրելու իրաւունքն է։ Իրաւաբանական աւանդութեամբ, սեփականութիւնը ունի 3 յատկանիշ, լատիներէն բառերով նկարագրուած. «ուսուս»ը (usus), ապրանքին գործածութեան իրաւունքը, «ֆրուքդուս»ը (fructus), ապրանքին արտադրած հարստութիւնը քաղելու իրաւունքը եւ «ապուսուս»ը (abusus), ապրանքը տրամադրելու՝ ինչպէս ծախելու կամ նոյնիսկ քանդելու իրաւունքը։ Ուրեմն, քրէական օրէնքին համաձայն, մէկը գերութեան նուաստացումի կը մատնէ անձ մը, երբ զայն ապրանքի մը նման կը գործածէ (ուսուս), կը հարստազրկէ (ֆրուքդուս), եւ կը ծախէ կամ կը քանդէ (ապուսուս)։

Քննադատուած օրէնք մը.

Այս յօդուածը յստակ եւ հասկնալի ըլլալով հանդերձ, կարգ մը իրաւաբաններու կողմէ կը քննադատուի։

Նախ, ֆրանսական սահմանումը ներշնչուած է Ժընեւի մէջ 1926-ին ստորագրուած միջազգային պայմանագրէն: Պայմանագրին տուած սահմանումը նուրբ տարբերութիւններ ունի ֆրանսական սահմանումէն։ Այնտեղ գերութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ վիճակ կամ հանգամանք անձի մը, որուն հանդէպ կ’իրագործուին սեփականութեան յատկանիշները։ Եթէ բաղդատենք երկու սահմանումները, կը տեսնենք որ միջազգային սահմանումը կը կեդրոնանայ գերի առնուած անձին վրայ, որովհետեւ կը խօսուի վիճակի մը կամ հանգամանքի մը մասին։ Ֆրանսական սահմանումը կը կեդրոնանայ ոճրագործին վրայ, այսինքն այն մէկուն, որ ուրիշը գերի կ’առնէ։

Այս տարբերութիւնը քննադատուած է, որովհետեւ գերութիւնը ընդհանուր եւ տեւական վիճակ մըն է եւ ոչ միայն կարճ ժամանակի մէջ նկատուած վարմունք։ Նաեւ, միջազգային գիրը կը խօսի սեփականութեան ընդհանուր յատկանիշներու մասին, մինչդեռ ֆրանսական օրէնքը կը սեպէ, որ գերութիւն կայ երբ նոյնիսկ այդ յատկանիշներէն մէկը կ’իրագործուի անձին վրայ։

Հոս ալ կրնանք նշել, որ գերիի մը հանդէպ սեփականութեան միայն մէկ յատկանիշ չ’իրագործուիր, այլ բազմաթիւ յատկանիշներ, որովհետեւ գերութիւնը տեւական է եւ ոչ պարբերական։ Ֆրանսական օրէնքը կրնար աւելի ճշգրտօրէն նկարագրել գերիին վիճակը, բայց մէկ կողմէն ալ չմոռնանք, որ քրէական օրէնքին նպատակը ոճրային վարմունքը պատժելն է եւ ոչ միայն նկարագրել վնաս ստացող անձին վիճակը։

Աւելի լուրջ քննադատութիւններ կը մատնեն օրէնքին անօգուտ ըլլալը, որովհետեւ քրէական օրէնսգիրքը ունի երկու ուրիշ յանցագործութիւններու նուիրուած յօդուածներ, որոնք շատ նման են գերութեան։  

Առաջինը կը կոչուի «ստրկութեան ստորացում» (réduction en servitude) եւ կը նկարագրէ այն վիճակը, երբ մէկը տկար անձ մը տեւական եւ պարտադիր աշխատանքի կ’ենթարկէ, առանց վարձատրութեան։

Խնդիր մը կայ հոս։ Այս յօդուածը լաւ չի բացատրեր գերութեան եւ ստրկութեան տարբերութիւնը եւ անոնց նուիրուած օրէնքները։ Ֆրանսական բառարանները երկուքը հոմանիշներ կը սեպեն եւ մենք ալ կրնանք մտածել որ ստրուկը (serf) եւ գերին նոյն վիճակի մէջ են։ Երկուքն ալ ապրանքի նման կը գործածուին եւ մանաւանդ կը հարստազրկուին։ Ի՞նչ է գերութեան առաջին նպատակը, եթէ ոչ մէկը աշխատցնել եւ քաղել անոր աշխատանքին պտուղը, յանցանք մը, որ կը պատժէ ստրկութեան նուիրուած օրէնքը։

Ստրկութեան օրէնքը աւելի ճշգրիտ եւ իրականութեան աւելի համապատասխան ըլլալով, աւելի դիւրութեամբ կը գործադրուի եւ այսպիսով կը սահմանափակէ գերութեան նուիրուած յօդուածին գործադրութիւնը։

Երկրորդ յանցագործութիւնը կը կոչուի մարդ արարածի շահագործում (traite des êtres humains)։ Անոր նուիրուած օրէնքը աւելի կը յստակացնէ գերութեան օրէնքին սահմանափակ ըլլալը, որովհետեւ կը խօսի «մարդ արարածի շահագործման» մասին։ Օրէնքը կը պատժէ այն մէկը, որ անձ մը գործի կ’առնէ, կը ճամբէ, կը փոխադրէ կամ կը հիւրընկալէ իր կամ ուրիշին տրամադրութեան տակ ունենալով եւ կը գործածէ զայն զանազան նպատակներու համար, ինչպէս մուրացկանութիւն, պարտաւոր աշխատանք, գերութիւն կամ ստրկութիւն, ու անոր կը հասցնէ ֆիզիքական կամ սեռային վնասներ։

Ահաւասիկ ընդհանուր եւ լայն յօդուած մը, որ ըստ իս կ’ընդգրկէ գերութեան նուիրուած օրէնքը։ Կրնանք նշել տարբերութիւն մը. մարդու շահագործումը կրնայ գերութեան կամ ստրկութեան ստորացումի (réduction en servitude) նպատակով ըլլալ եւ երկուքը տարբեր յանցագործութիւններ են։ Բայց ի՞նչ տարբերութիւն կայ շահագործուող անձին, ստրուկին եւ գերիին միջեւ, գիտնալով թէ երեքն ալ նոյն ձեւով ազատազրկուած ըլլալով կը գործածուին ուրիշի մը շահուն համար եւ կը ստանան վնասներ։

Խորհրդանշական յօդուած մը.

Գերութեան եւ անոր նման ոճրագործութիւններուն միակ տարբերութիւնը պատիժն է՝ 20 տարուայ բանտարկութիւն։ Մինչդեռ ստրկութիւնը եւ շահագործումը 7 եւ 10 տարի ազատազրկման կը տանին։ Գերութեան նուիրուած օրէնքին փիլիսոփայութիւնն է պատժել ամենէն ամօթալի եւ նուաստացուցիչ համարուած վարմունքը։ Այս պատճառով միւս օրէնքներուն համեմատ աւելի քիչ մանրամասնուած է եւ աւելի խորհրդանշական եւ վերացական արձանագրութիւն մը ունի։ Անոր համար ալ ֆրանսական դատարանները մինչեւ այսօր առիթ չունեցան դատապարտելու գերութեամբ մեղադրուած ամբաստանեալ, որովհետեւ ընդհանրապէս ստրկութեան կամ ուրիշ նման ոճրագործութիւններով կը մեղադրուին։ Օրինակ, Ֆրանսական դատարանները քանի մը անգամ ստրկութեան մեղադրանքով դատապարտեցին ամուսիններ, որոնք պարտադիր աշխատանքի կ’ենթարկէին օտար մանուկներ։   

Գերութեան քրէական օրէնքը աւելի շատ միջազգային մակարդակով կը յայտնուի, ինչպէս 2021-ին, երբ Միջազգային Քրէական Դատարանը դատապարտեց Ուկանտայի ռազմական հին ղեկավարներէն մէկը գերութեան մեղադրանքով եւ ուրիշ յանցագործութիւններով:

26 Դեկտեմբեր 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան