ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ. ՄԱՍ Գ.

ՀԱՅԿ ԹԷՆՊԵԼԵԱՆ,
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 10-րդ դասարան

ՎԵՐՋԱՊԷՍ՝ ԴՊՐՈՑ

Երկու տարի առաջ, գրեթէ այս օրերուն էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով լսեցինք covid, corona անունները։ Կը լսէինք, բայց կը կարծէինք, որ հեռու Չինաստանի մէջ պատահած աղէտ մըն է։ Քանի մը ամիս ետք, անիկա արդէն դարձած էր աշխարհի պատուհասը։ Քորոնային հետ նոր բառեր սկսան աւելնալ մեր առօրեային մէջ, ինչպէս՝ ինքնամեկուսացում, շրջագայութեան արգելք, դիմակ եւ այլն։ Համակարգիչը փոխարինեց դասարանն ու երբեմն՝ դասագիրքը։ Ընկերային մեր կեանքը գրեթէ կանգ առաւ։ Պատկերասփիւռն ու համացանցը եկան փոխարինելու մեր ընկերները։

Աւելի քան ամիս մը առաջ, երբ լսեցինք, որ մեր դպրոցները պիտի վերաբացուին, շատ շատ ուրախացայ։ Վերջապէս դուրս պիտի գայինք մեր «բանտէն», որ մեր սիրելի տունն էր։ Ոչ միայն ընկերներս կարօտցած էի, այլեւ՝ դասարանը, նստարանները, կարօտցած էի ամէն ինչ, նոյնիսկ ուսուցիչին յանդիմանութիւնը։ Երբ վերամուտի օրը յայտարարուեցաւ, առաւօտեան ժամը եօթէն առաջ դպրոցի փակ դրան առջեւ կը սպասէի ընկերներուս, որոնք արդէն չուշացան։ Ամիս մըն է արդէն, որ դպրոց կ’երթանք, մեր դէմքերուն վրայ տակաւին կը կրենք դիմակը ու դեռ ընկերային հեռաւորութիւն կը պահենք, բայց կը զգանք, որ համաճարակին աւարտը կը մօտենայ ու մենք կը վերադառնանք բնական կեանքի։

Դպրոցին կողքին, արդէն շաբաթը մէկ օր կ’երթամ պասքէթ խաղալու, օր մըն ալ՝ սկաուտական շարժումին մաս կազմելու։ Բնական կեանքի վերադարձը սկսած է արդէն, բայց Լիբանանի մէջ ուրիշ դժուարութիւններ կան՝ ընդհանրապէս տնտեսական, որոնք մեր առօրեան կը դարձնեն ճնշիչ, բայց դպրոցական կեանքը մոռցնել կու տայ ամէն ինչ։ Երբեք պիտի չուզեմ օր մը պարտադրաբար վերադառնալ առցանց դասաւանդութեան։

Կը սիրեմ դպրոցս՝ հայ Ճեմարանը։

28 Նոյեմբեր 2021


ՍԱՐԻՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ,
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 10-րդ դասարան

ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԴՊՐՈՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՅ

Իբրեւ լիբանանահայ աշակերտ, այսօր կարգ մը դժուարութիւններու կը հանդիպիմ, սակայն Լիբանանի այսօրուան տագնապն ու վիճակը շատ մեծ ազդեցութիւն չունին իմ դպրոցական կեանքիս վրայ։ Խանդավառութեամբ դպրոց վերադարձայ. մօտաւորապէս երկու տարի առցանց դասերու հետեւելէ ետք ուրախ եմ ընկերներս տեսնելու, Ճեմարանի մտերիմ ու տաքուկ, նաեւ ճոխ մթնոլորտին մէջ ըլլալու եւ յիշատակներով լեցուն այս շէնքը վերադառնալու համար։ Գրեթէ ամէն ինչ կարօտցած եմ դպրոցական կեանքէն, բաւական կարօտցած եմ դասարանէն ներս մեր չարաճճիութիւններն ու կատակները, դասընկերներս, ուսուցիչներս, նաեւ զբօսանքները։

Դպրոցէն դուրս ժամանակս կ’անցընեմ ընտանիքիս հետ, դասերս կատարելով եւ մշակութային ու սկաուտական աշխատանքներով։

28 Նոյեմբեր 2021


ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ,
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 10-րդ դասարան

ԹՈՂ ԱՆՑՆԻՆ ԱՅՍ ՎԱՏ ՕՐԵՐԸ

Ես Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանի տասներորդ դասարանի աշակերտ եմ։ Մօտաւորապէս երկու տարի առցանց դասերու հետեւելէ ետք շատ խանդավառ էի դպրոց վերադառնալով։ Երկար ժամանակ համակարգիչի առջեւ դաս ընելէ ետք կարօտցած էի դասարանի մթնոլորտը, զբօսանքները, դասընկերներս․․․։ Վերջապէս դպրոց վերադարձանք, սակայն կը գտնուինք բազմաթիւ դժուարութիւններու առջեւ։ Պարտաւոր ենք ամբողջ օրը քթկալ կրելու, ինչ որ նեղացուցիչ է։ Լիբանանի տնտեսական տագնապը մեզ զրկեց բաւական պէտքերէ. օրինակ՝ վառելանիւթ, գիրքեր, դպրոցական պիտոյքներ դժուար է ապահովել։ Իսկ ելեկտրականութեան հարցի պատճառով ժամերով կը մնանք առանց ելեկտրականութեան։ Երբեմն կը ստիպուինք մութին մէջ դաս ընելու։

Շատ առիթ չունիմ դպրոցէն դուրս ժամանակ անցընելու, մանաւանդ որ այս տարի վեց օր դպրոց կ’երթանք։ Շաբաթը մէկ օր կը հետեւիմ երաժշտութեան դասընթացքի։ Իսկ մնացած ազատ ժամերուս կը զբաղիմ բջիջայինով եւ տեսերիզներ դիտելով։ Կը փափաքիմ, որ անցնին այս վատ օրերը եւ յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները։

28 Նոյեմբեր 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան