ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ ԱԶԱՏ ԺԱՄԱՆԱԿ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ԱՐՄԻՆԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Գոլէճ, Պէյրութ,
9-րդ դասարան

Փոփոխութիւնը կեանքի մնայուն ճշմարտութիւններէն է։ Հեգնանք մը կա՞յ այս նախադասութեան մէջ, որուն մասին շատ մտածած եմ վերջին ամիսներուն։ Եթէ կեանքը լեցուն է փոփոխութեամբ, ինչո՞ւ մարդկութիւնը մինչեւ հիմա չէ սորված զայն պարզօրէն դիմաւորել։

Ներկայացնեմ համեմատաբար նոր դէպք մը։ Անցեալ տարի Յուլիսին, Ամերիկայի բոլոր նահանգներու քաղաքացիները ցոյցեր կազմակերպեցին ընդդէմ ցեղային խտրութեան։ Սկիզբը խաղաղ ցոյցեր էին, բայց սարսափելի արագութեամբ անոնք դարձան վտանգաւոր թէ՛ քաղաքացիներուն եւ թէ՛ երկրին համար։ Այս շարժումը փոփոխութեան վիթխարի ալիք մըն էր, որ պետութիւնը ամէն գնով կ’ուզէր դադրեցնել։

Այո՛, բաւական խօսուն օրինակ է։ Բայց այս ամէնը տեսնելով, հարցում մը յառաջացաւ մտքիս մէջ. ինչո՞ւ այս ընդդիմութիւնը, ինչո՞ւ որոշ անհատներ, խումբ մը մարդիկ, նոյնիսկ երկիրներ կը դիմեն փոփոխութեան։ Պատասխանը թէ՛ պարզ է, թէ՛ բարդ։ Մարդիկ փոփոխութեան կը դիմադրեն, որովհետեւ կը վախնան անծանօթէ, ձախողութենէ եւ բան մը կորսնցնելէ։ Վախը մարդ արարածը  հետապնդած է անոր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իսկ միւս կողմէ մարդը սորվեր է, որ փոփոխութենէ չի կրնար ձերբազատիլ։

Ուրեմն, եթէ մարդկութիւնը այնքան կը վախնայ փոփոխութենէ, ուրեմն ինչպէ՞ս զարգացաւ։ Այս հարցումին պատասխանը աւելի պարզ է։ Մարդ արարած զարգացաւ, որովհետեւ վախէն աւելի զօրաւոր է մարդկային հետաքրքրութիւնը, արդարութեան ծարաւն ու սէրը։ Որքան ալ պայքարինք, աւարտին` մարդու հետաքրքրասէր, արդարամիտ եւ սիրող բնոյթն է, որ կը յաղթէ։

Երկար հարցումներու շարան մը կայ մտքիս մէջ։ Զանոնք պէտք է վերլուծել եւ ըմբռնել։ Ահա դաս մը, որ վերջին տասներկու ամսուան ընթացքին սորվեցայ։ Փոփոխութիւնը միշտ կ’իրագործուի, եւ մեր ընտրութիւնն է զայն ընդունիլ կամ անոր դէմ ի զուր պայքարիլ։

15 Ապրիլ 2021


ԱԶԱՏ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԳԱՆՁ Է

ԳԷՈՐԳ ՊԱՍՏԱՃԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Գոլէճ, Պէյրութ,
10-րդ դասարան

Մարդ արարած հանգիստի կը կարօտի, որպէսզի իր մտային ու ֆիզիքական ուժն ու կարողութիւնը վերագտնէ ու զայն օգտագործէ առօրեայ կեանքին մէջ։

Անձնապէս իմ հանգիստի ժամանակս բաժնած եմ երկու անհրաժեշտ մասերու, մէկը` յատկացուցած եմ ֆիզիքական հանգիստի, իսկ միւսը` մտային կարողութեան զարգացման եւ բարելաւման։

Բժիշկներ պնդած են, որ մարդ արարած պէտք ունի հանգիստի, կազդուրելու իր հոգեմտային աշխարհը, անշուշտ, տարբեր միջոցներ որդեգրելով։ Օրինակ, երբ հոգեկան ու մտային ճնշուածութեան մէջ եմ, ես երաժշտութիւն կ’ունկնդրեմ, իսկ երբ մկանային պրկումներ կ’ունենամ, կը փորձեմ զանազան մարզաձեւերով դարմանել զանոնք։

Ծնողքս յաճախ կը թելադրէ, որ դասերուս կողքին, ինքնազարգացումով պիտի կարենամ յաջողիլ եւ երազներս իրականացնել։ Այս իմաստով, զանազան գիրքեր կը կարդամ եւ ֆիլմեր կը դիտեմ, որպէսզի լեզուներու տիրապետեմ ու բառամթերքս հարստացնեմ։

Մենք պարտաւոր ենք մեր ազատ ժամանակը յատկացնելու թէ՛ մեր սեփական կեանքի բարօրութեան եւ ինքնազարգացումին,  թէ՛ շնորհներու բարելաւման։

15 Ապրիլ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան