ԴԷՊԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Մեր վերջին զրոյցը քանի մը հարցման նշաններ աւելցուց միտքիս մէջ։
Ի՞նչ է արուեստը եւ ո՞վ կրնայ նկարագրել զայն։
Կարծիքովս, արուեստը ենթակայական ստեղծագործութիւն մըն է, որ մեր զգացումները կը շոյէ։ Տարիները կ’անցնին, արուեստը կ’ապրի եւ կը յիշուի, որովհետեւ մարդուն մէջ զգացումներ կ’արթնցնէ։ Գեղեցկութեան հարց չէ, այլ զգացումի։ Նաեւ կարելի է, որ այս զգացումները վերածուին մտածումի։ Արուեստը մտածել կու տայ։ Եթէ մտածել կու տայ, կը նշանակէ որ նորութեան մը առջեւ կը գտնուինք։
Նորութիւնը կարեւոր է կարծիքովս։ Մէյ մը երեւակայեցէք. արդեօք պիտի բաւարարուի՞ք կրկին ու կրկին նոյն երաժշտութիւնը մտիկ ընելով, նոյն գիրքը կարդալով կամ նոյն նկարը դիտելով։
Փորձեցի բացատրել հանրութեան տեսակէտը։ Դառնանք արուեստագէտին։ Ինչո՞ւ կը ստեղծէ ան։ Հաւանաբար իր յատուկ գործիքներով արտայայտուելու համար։
Համոզուած եմ, որ արուեստը արուեստագէտին միտքին հայելին է։ Այն պատուհանն է, ուրկէ միտքն ու զգացումը մարմինէն կը փախչին, որ դառնան շօշափելի։
Արուեստի իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր իւրայատկութիւնը։ Չեմ կարծեր, որ համեմատել պէտք է ծրագրակազմով ստեղծուած արուեստն ու աւանդականը։ Կարեւորը այն է, որ արուեստը, ըլլայ հին կամ նոր, թուային կամ աւանդական, զգացում եւ նորութիւն կը փոխանցէ մեզի։
Ընդունինք անոնց իւրայատկութիւնները եւ վայելենք։
18 Ապրիլ 2021
ՁԵՌՔԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Արուեստի զարգացման վերաբերեալ հարցումները կախեալ են արուեստ բառի իմաստէն: Անոր սահմանումը մեզ կը տանի դէպի փիլիսոփայական եւ մարդաբանական բնագաւառներ։
Նախ եւ առաջ, արուեստը մարդկային գործունէութիւն մըն է, մէկը այն չափանիշներէն, որ մեզ կը տարբերէ միւս կենդանիներէն: Այս գործունէութիւնը, որ կրնայ ըլլալ վերացական կամ ոչ, կ’առաջնորդէ դէպի արուեստագէտի միտքին մեկնաբանութիւնը եւ զանազան զգացումներ:
Ճիշտ է, որ այս գործունէութեան հիմքը խորհրդածութիւնն է, բայց գործելու եւ ստեղծելու առջեւ մարդուն միջնորդն է բացառիկ գործարան մը. ձեռքը: Ձեռքը մարդու եղափոխութեան (évolution) վկան է նաեւ, մարդ արարածը միակ կենդանին է, որուն յատուկ են ձեռային բծախնդիր շարժումներ:
Ուղեղը եւ ձեռքը իրարմէ կախեալ են, միեւնոյն ժամանակ՝ զարգացած են միասին: Գիտական որոշ ճիւղեր կ’ըսեն, թէ մարդ արարածը միայն ուղեղ է, բայց ուրիշներ կ’ընդունին ձեռքին ազդեցութիւնը մտայղացումին վրայ:
Ձեռքը կ’ազդէ արուեստին վրայ, աւելի ճիշտը՝ ձեռքը կ’ազդէ արուեստին կատարեալ անկատարութեան վրայ: Իմ կարծիքովս՝ կը հաւնինք ստեղծագործութիւն մը, երբ այդ արդիւնքն է արուեստագէտին առջեւ դրուած ռիսքերու յաղթահարման։ Կը սիրենք սխալ ընելու իր վախին արդիւնքը։
Այսօր, թուային արուեստով ձեռքը եւ գործիքը այլեւս փոխյարաբերութեան մէջ չեն։ Ուղեղը կը հրամայէ ձեռքին, որ մեքենային տայ ուղիղ տեղեկութիւններ ճիշտ ձեւով գործելու համար: Մեքենան կը կատարէ ինչ որ ուղեղը կը ծրագրէ, առանց ձեռքի ազդեցութեան: Ձեռքը կը մոռցուի: Սխալի վտանգ չկայ։
Աւանդական արուեստին ընթացքը. ուղեղ → ձեռք → գործիք → ստեղծագործութիւն
Թուային արուեստին ընթացքը. ուղեղ → ձեռք → մեքենայ →ստեղծագործութիւն
Ուղեղը այլեւս կը սորվի մեքենային լեզուն խօսիլ եւ ոչ թէ կը գործէ ձեռքէն տեղեկութիւն ստանալով:
Սակայն արուեստագէտին ստեղծագործութեան ընթացքը կը փոխուի դիտողին պահանջքները գոհացնելու համար նաեւ: Չմոռնանք, որ թուային արուեստը մասնակից եւ դերակատար կը դարձնէ դիտողը։ Արուեստը այսօր ներքին փորձառութիւն մըն է, որ տարբեր զգայարանքներ դրդելով զգացումներ կը փոխանցէ դիտողին:
18 Ապրիլ 2021
3 Responses
Երիտասարդներէ շատ բան պիտի սորվինք։ Ապրիք։
Մենք կը տոկանք անոնց հաւատքին շնորհիւ։ Անոնց կողմէ շ
նորհակալ եմ գնահատանքիդ համար, Նազլը։
Երազ,
Կը հասկնամ երբ որ կը գրես նորութիւն։ Կը կարծեմ որ շատ անքամ, հեռանկարի ալ հարց կայ (perspective)։ Այսինքն այն արուեստը որ մեզի մտածել կու տայ, կը փորձէ նաեւ մեր միտքը փոխել բանի մը մասին։ Օրինակ, քանի անգամ պատահած է որ երք մը կամ գծագրութիւն մը որ չէի սիրել ձեւով մը հաւնիմ։ Եւ անշուշտ հակառակն ալ եղած է։
Ըսածդ շատ ճիշդ է։ Բոլորը մեր զգացումներուն հետ կապրի։