ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՅՔԱՐ

ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմը շատ յատուկ զqացումներ տուաւ մեզի։ Ըստ իս, ամենաշեշտուածը պարապութիւնն էր, այն պարապութիւնը,  որ կ’ոչնչացնէ բոլոր գաղափարները, որոնց  կը փորձէիր հաւատալ,  ինչպէս արդարութիւն կամ հաւասարութիւն։ Այլեւս բան մը չմնաց։

Հիմա, որ պատերազմը վերջացաւ, բացայայտօրէն կ̕ երեւի, որ մեր կորուստը, իբրեւ ժողովուրդ, ո՛չ թէ միայն զինուորական էր, այլեւ դիւանագիտական, տնտեսական եւ ընկերային (նաեւ ցանցերու վրայ)։ Մենք կորսցուցինք երեւակայելի բոլոր մակարդակներու վրայ։ Կարծես թէ մեր վիճակը յայտնի չէր մեզի, պարտութիւնը նորէն ալ կրցաւ մեզ զարմացնել։ Արդեօք քանի՞ ապտակ դեռ պէտք է ուտենք, որ արթննանք:

Քանի որ սփիւռքահայ եմ, պիտի խօսիմ միայն սփիւռքի մասին, մանաւանդ Ֆրանսայի։ Երեսուն տարիէ ի վեր Ֆրանսայի հայ երիտասարդներուն (անշուշտ ոչ բոլորին) պայքարը կրնայ ամփոփուիլ հետեւեալ կէտերու մէջ. հայկական ցեղասպանութեան ճանաչում, Ֆրանսայի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ փոխվստահութեան հաստատում, եւ հարկաւ ամենակարեւորը՝ հայը հայու դէմ հանել, այսինքն՝ մրցակցութիւն ստեղծել հայ կազմակերպութիւններու միջեւ։ Այս երեք կէտերը մեր ձախողութեան հիմերն են։

Նախ եւ առաջ, կարծեցինք, որ Ֆրանսան մեր ընկերն էր, այսինքն՝ Ֆրանսան քաղաքականօրէն նեցուկ պիտի կանգնէր մեզի, բայց եթէ դաս մը կրնանք սորվիլ այս պատերազմէն, այն է որ դիւանագիտութեան մէջ ընկերութիւն չկայ, կայ միայն յարաբերութիւն։ Հետեւաբար մեր դիւրահաւատութիւնը մեր առաջին թերութիւնը եղաւ։ 30 տարիէ ի վեր վարուեցանք այն երեխային պէս, որ երբ իրեն ըսենք որ բարի է, կ’ուրախանայ եւ դժգոհութիւնը կը մոռնայ, որ երբ կը նեղուի, շաքար մը կու տանք եւ կը հանդարտի։ Բարութիւնը վարձատրելի չէ։

Յետոյ, նկատի պէտք է առնենք Ֆրանսահայ  սփիւռքին թուլութիւնը, որ 100 տարուան ընթացքին չկրցաւ կազմել համախմբուած հզօր համայնք մը։ Ինչո՞ւ։ 200 միլիոն հաւաքուած տոլարներուն հազիւ 8 միլիոնը եկած է Ֆրանսայէն: Ընդունելի՞ է ասիկա 500 000 մարդ հաշուող սփիւռքէ մը: Անշուշտ բազմաթիւ պատճառներ կրնանք թուարկել, բայց իմ կարծիքովս՝ ֆրանսահայերը հեռացած են հայութենէ։ Ուրեմն, մեր գլխաւոր պայքարը մեր համայնքին վերստեղծումն է հասարակաց գաղափարներու շուրջ՝ հայկական կրթութիւն, հայոց լեզու, հայկական մշակոյթ, ուսում, կրօնք, միասնակամութիւն եւ հայրենիք։ Հարկաւ, այս խնդիրի լուծումին արմատը կը qտնուի մեր դպրոցներուն մէջ։

Վերջապէս, եթէ աւելի հեռու նայինք՝ պէտք է, որ լրջօրէն խորհինք Հայաստան ապրելու մասին։ Առաջին պատճառը Հայաստանին տնտեսական վիճակն է։ Եթէ կ̕ ուզենք, որ Հայաստանի ներքին տնտեսութիւնը զարգանայ, անպայման պէտք է աճի բնակչութիւնը եւ նոր աշխատատեղիներ ստեղծուին։ Այս երկուքը մենք կրնանք ներմուծել։

Երկրորդ, երկու ամիսէ ի վեր դիւանաqիտական, մարտական կամ քաղաքական մասնագէտներուն թիւը զարմանալիօրէն մէկէն շատցաւ։ Հեռուէն խօսիլը դիւրին է, բայց եթէ կ’ուզենք բաներ մը փոխել, Հայաստան պէտք է գտնուինք։

Երրորդ, եթէ յաղթական ոգի մը մշակել կ̕ ուզենք, դարձեալ մարդ պէտք է։ Մէկ միլիոն հոգիով ո՛չ մէկ բան կարելի է պաշտպանել կամ նուաճել այս օրերուն։

Ինչպէս որ կ̕ ըսենք, մարդը գայլ է մարդուն համար, նոյն ձեւով կրնանք ըսել՝ հայը գայլ է հայուն համար։ Խնդիրները պէտք չէ փնտռել շատ հեռուն եւ հարկ է պայքարներուն ճիշդ ուղղութիւն տալ։ Մե՛նք ունինք մեր խնդիրներերուն լուծումները եւ մե՛նք ենք մեր տէրերը։ Վնասը մեր ուսերուն վրայ դեռ ծանր կը կշռէ, արագ պէտք է գործենք։

13 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան