ՀՈԳԵԿԱՆ ԴԱԴԱՐ
ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
9 Նոյեմբեր 2020-ը իր ցաւի ծանրութեան պատճառով անմոռանալի օր մը պիտի մնայ հայոց պատմութեան մէջ։
Շատ հայեր, նոյնիսկ սփիւռքի մէջ ապրող, բառեր չունին նկարագրելու իրենց ցաւը։ Կորուստի ցաւէն զատ կան բազմաթիւ տարբեր զգացումներ ալ, ինչպէս պարապութիւն, վախ եւ միջազգային անտարբերութեան դիմաց զզուանք։ Այո, ճիշդ է, որ մեր բոլոր զգացումներուն դիմաց կորուստը մեզ կը ձգէ մերկ, մեր մտածումին եւ ապրումին մէջ խոցելի։
Մտածեցի գրել ապագայի մասին, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի կարենանք օգնել եկող սերունդներուն։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ բոլորս յոգնած ենք այսօր։ Բոլորս ունինք մեր մէջ անասնական կատղած հոգի մը, որ կ’ուզէ մէջտեղ ելլել։ Ունինք նաեւ հոգի մը, որ խնամքի պէտք ունի։ Կ’ուզէի այդ կէտին վրայ կեդրոնանալ։
Յոգնած հոգի եւ մթագնած ուղեղ՝ չեն կրնար առողջ զոյգ մը կազմել։ Երբ անձ մը կը գտնուի սրտաբեկ վիճակի մէջ, ան պէտք ունի աղէկնալու։ Ան պէտք ունի հասկնալու իր ամենախորունկ զգացումները։ Դժբախտաբար, այս գործը բաւական դժուար է, որովհետեւ կը ստիպէ մեզի մեր նայուածքը ուղղել դէպի իրականութիւն եւ զայն ընդունիլ։ Եթէ այս բուժումը տեղի ունենայ անկեղծութեամբ, ան կրնայ դառնալ նոր ուժի մը աղբիւրը։
Ձեր բոլորին նման, պատասխան չունիմ այս իրավիճակին։ Կը փորձեմ հասկնալ իմ զգացումներս, որոնք տակաւին փոփոխութիւններէ կ’անցնին։ Կը փորձեմ նաեւ լուռ մնալ, որ ներքին ձայներս լսեմ եւ ձեւով մը նշանակութիւն տամ անոնց։ Լուռ մնալը անհրաժեշտ է մանաւանդ, երբ ձայները շատ են եւ անտանելի արձագանգ կը ստեղծեն։ Լուռ մնալը քայլերէն մէկն է, որ մեզ կը պատրաստէ հասկնալու, ընդունելու եւ վերջապէս փոխուելու։
Հոգեբանական հողի վրայ մենք ունինք այսօր կատարելիք կարեւոր գործ մը։ Իբր ազգ, բայց աւելի առաջ իբր անձ, պէտք է վերածնինք այս հսկայական կորուստէն ետք։ Պէտք է սորվինք մեր սխալներէն եւ առանց ամօթի ընդունինք մեր անյաջողութիւնները։ Այս ծանր գործը տեղի չի կրնար ունենալ բարձր աղմուկի մէջ, ոչ ալ ընդհանուր քաոսային վիճակի մը ընթացքին։ Այս լուրջ գործին համար մենք պէտք ունինք տրամադրելու մեր բոլոր զգացումները եւ իմաստութիւնը։
Շատերը կրնան ըսել, որ իրականութիւնը չգիտնալով կարելի չէ այս տեսակ գործ կատարել։ Եկէք չկորսնցնենք մեր գործին իմաստը։ Եթէ կեդրոնանանք մեր զգացումներուն վրայ եւ ընդունինք այսօրուան իրավիճակը, կրնանք անպայման փոփոխութիւններու ձեռնարկել։
Մենք շատ ուշացած ենք արդէն նոր միտքերու, նոր դէմքերու եւ կարող անձերու ուժ տալու մէջ։ Այս իրականութիւնը դժուար է ընդունիլ առանց լայնամիտ ըլլալու։ Իսկ լայնամիտ ըլլալու համար իւրաքանչիւր հայ պէտք ունի ինքն իր զգացումները եւ տկար կէտերը (նաեւ լաւերը) ճանչնալու եւ ընդունելու։ Այս անձնական գործը կրնայ դառնալ մեր ազգին վերածնունդի կարեւոր ուժերէն մէկը։
18 Նոյեմբեր 2020