ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Արմէն,Լիվր. աշակերտական գրութիւններու մրցում. Գ.ա.

Արմէն’Լիվրի տօնավաճառին յայտարարուած մրցումին, Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանը մասնակցեցաւ արձագանգելով Մովսէս Պչաքճեանի «Մինչեւ վերջինը արեւներուն» գիրքէն Ամօթը եւ Անօթին հատուածին։ 

Կը հրաւիրենք ձեզ ըմբոշխնելու անոնց գրաւոր եւ գծաւոր աշխատանքը։ Ձայնային մասը՝ հետեւեալ կապով.
https://short.do/6jspLO

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

 

ԱՄՕԹԸ ԵՒ ԱՆՕԹԻՆ

Մովսէս Պչաքճեան

«Շան-զ’էլիզէ» կայանին քարափը չմտած,
վերջին միջանցքը չաւարտած,
միշտ հոն է ան՝ ոտքի կամ նստած,
տարիներէ ի վեր դիրք բռնած,
J’ai honte, mais j’ai faim. aidez-moi
ցուցանակը օր դիմացը զետեղած,
ուրիշ մը ձեռքին բռնած,
ամօթխած,
բայց մի՜շտ անօթի,
կը դիմէ անխօս՝ ամէն անցորդի։

Այս երեկոյ մուրացկանս գտայ քիչ մը աւելի ծերացած,
կռնակը քիչ մը եւս կորացած,
խորշոմները քիչ մը եւս խորացած,
ցուցանակը մի՜շտ դիմացը՝
ան մի՜շտ կ’ամչնար,
բայց մի՜շտ անօթի՝ եղած տեղը կը մնար,
մի՜շտ սոված՝ մի՜շտ կը մուրար։

Դա՜րձեալ լաւ հագուած,
զգուշութեամբ ածիլուած,
մի՜շտ ակնոցաւոր,
կեցուածքով հանդիսաւոր,
լուրջ մարդու տեսքով,
բայց նայուածքով մը անապահով,
ձայնն անոր չէի լսած,
ո՞վ էր, ո՞ւր էր ծնած,

ծննդավայրին մէջ դասախօ՞ս էր եղած,
նախկին կալուածատէ՞ր էր, գիտնակա՞ն, օտարակա՞ն էր, գաղթակա՞ն,
իր երկրին մէջ եղած էր իշխա՞ն։

Կը զգամ որ ան շուտով պիտի մեկնի փարիզէն,
մեկնի հեռու այս ափերէն,
հետը պիտի երթան երկու j’ai-երը ցուցանակին,
պիտի թողու սակայն honte-ն ու faim-ի իր ետին,
պիտի թողու աշխարհին
ինչ որ ժառանգած է անկէ ծնունդին՝
լեզուով մեկին՝
պիտի կտակէ «ամօթ»ն ու «անօթութիւն»ը գալիքին։

Նոյեմբեր 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *