ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ես եւ Տարբերը. մաս Ա.

23 Փետրուարին Ծիծեռնակի երիտասարդներուն հանդիպումը կայացաւ «Ես եւ Տարբերը» նիւթին շուրջ։ Նիւթը կ’ընդգրկէր երեք բաժին. ա. համաշխարհայնացում, բ. ես՝ տարբերս, գ. հաւաքական «մենք» եւ ներքին «մենք»եր։
Ծիծեռնակի խումբին միացաւ «Յառաջ» կեդրոնի խմբակը Երեւանէն։

Ահաւասիկ, երիտասարդներէն ոմանց մտորումները։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Ալինա Իգիթեան, միջազգային եւ միջմշակութային կապերու վարիչ

Որպէսզի Տարբերը իր խօսքը ունենայ

Համաշխարհայնացումը արագօրէն կը փոխէ աշխարհը, ձգտելով միաւորել ժողովուրդները ու մշակոյթները՝ ըստ ընդհանուր չափանիշներու։ Սակայն այս միասնութիւնը յաճախ կը յանգեցնէ մշակութային միատեսակութեան, որ կը խլէ՝ իրենց մշակոյթը, արժէքները եւ աւանդոյթները պահել ուզող ժողովուրդներու ինքնութիւնը։ Այն մարդիկը, որոնք «Տարբեր»ն են, չեն փափաքիր կորսնցնել իրենց առանձնայատկութիւնները, դիմակայելով համաշխարհային միտումներուն։ Սակայն սա չի նշանակեր, որ անոնք պարտուած են։ Անոնք միայն կ’ուզեն պաշտպանել իրենց արժէքները եւ անկախութիւնը։

Եթէ ես ըլլայի այդ «Տարբեր»ը, առաջին հերթին կը փորձէի մեղմօրէն ներկայացնել իմ տարբերութիւնս, զիս հասկնալու հնարաւորութիւնը ժամանակին ձգելով։ Ես կը սկսէի ներկայացնել իմ մշակոյթս աստիճանաբար, առանց ճնշում բանեցնելու, առիթ տալով մարդկանց ճանչնալու իմ արժէքներս  ու աւանդոյթներս։ Սակայն, երբեմն այս մօտեցումը կրնայ անբաւարար ըլլալ։ Երբ կը հասնի պահը, երբ անհրաժեշտ կ’ըլլայ ուժեղացնել իմ ներկայութիւնս, ես ստիպուած՝ պիտի արտայայտուիմ աւելի դիպուկ եւ ինքնավստահ կերպով,  ցոյց տալու համար, որ իմ արժէքներս կարեւոր են։

Համաշխարհայնացման միտումները կը փորձեն յարմարիլ ընդհանուր չափանիշներուն։ Բայց անհատներ, որոնք կը փափաքին պահպանել իրենց մշակոյթը, չեն համաձայնիր ատոր։ Այսպիսով, «Տարբերը» չի յանձնուիր այդ պարտադրանքին. ան կը փափաքի միայն պահպանել իր ինքնութիւնը։

Ազգային ինքնութիւնը եւ մշակոյթը մեր «մենք»-ը կը ձեւաւորեն՝ միաւորելով մեզ եւ ստեղծելով համերաշխութիւն։ Սակայն երբեմն այդ «մենք»ը կը բաժնուի տարբեր խումբերու, որոնք կը փորձեն պահպանել իրենց իւրայատկութիւնները։

Համաշխարհայնացումը կարող է ստեղծել համակարգ մը, որ կը բաժնէ կամ կը միաւորէ ժողովուրդները, այդպիսով կարեւորելով մշակութային ինքնութիւնը։ Բայց ատիկա դժուար է երբեմն։ Երբ ես կանգնիմ համաշխարհային միտումներուն յարմարելու կամ իմ ինքնութիւնս պաշտպանելու ընտրութեան առջեւ, պէտք է գտնեմ հաւասարակշռութիւն մը՝ անկեղծօրէն պայքարելով ու ներկայացնելով, որ այդ տարբերութիւնը ոչ թէ խոչընդոտ է, այլ արժէք։

Իբրեւ «Տարբեր», ես կը պատմեմ իմ պատմութիւնս, առիթ տալով մարդոց տեսնելու, թէ որքան կարեւոր է իմ մշակոյթս, թէ ինչպէս այն կ’օգնէ ինծի եւ այլոց հասկնալու աշխարհը։ Երբեմն այդ կը պահանջէ ուժեղ քայլեր, մինչեւ որ  վերջին խօսքը գտնէ իր տեղը այս աշխարհին մէջ։

03-04-2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *