Սոֆի Կրեկորով, Ցոլին Ճինկէօզ, Շատէն Գարոյեան,
Գայանէ Ջումայեան, Լուսիկ Եաքար, Նարինէ Ապելեան, Լենա Թելֆէյեան
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Ընկերային թունաւոր յարաբերութիւններ
Թունաւոր յարաբերութիւնները այնպիսի յարաբերութիւններ են, որ քեզի անհանգիստ կ’ընեն, կը ﬖասեն, կը թունաւորեն:
Տարբեր թունաւորուﬓեր կրնան ըլլալ ընկերներու ﬕջեւ։ Օրինակ, երբ որ դասընկերներու խումբով ես, քու մասիդ չեն խօսիր, բայց երբ հեռանաս, կը սկսին բամբասել: Կամ, երբ ուզես կատարել դասի պարտականութիւն մը, որ լաւ չես հասկցած, կ’երթաս անոնց մօտ եւ կը խնդրես որ բացատրեն, քեզի կու տան սխալ պատասխան։
Սիրահարուած զոյգի պարագային, երբ մէկը դաւաճանէ ﬕւսին, իրենց յարաբերութիւնը կը դառնայ կասկածելի եւ անվստանելի: Նոյնը՝ ընտանիքի մէջ, երբ ծնողները անարդար ըլլան զաւակներուն հետ, կամ ընտանիքի անդամները չարախօսեն մէկը միւսին։
Պէտք է հեռանալ այս թունաւոր յարաբերութիւններէն: Այս նիւթը շատ կարեւոր է, պէտք է խօսիլ ասոր մասին:
Եզրափակելով, թունաւոր բարեկամութիւնը յարաբերութիւն մըն է, որ աւելի շատ ﬖաս կը պատճառէ, քան օգտակար կ’ըլլայ։ Ան կրնայ թուլցնել ինքնավստահութիւնը եւ մարդը դարձնել տխուր կամ անհանգիստ։ Մինչ՝ իսկական բարեկամութիւնը պէտք է բերէ աջակցութիւն, յարգանք եւ բարեկեցութիւն։ Կարեւոր է ճանչնալ թունաւոր բարեկամութեան նշանները՝ ինքզինք պաշտպանելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ հեռու ﬓալու համար անկէ։ Առողջ յարաբերութիւններ ընտրելը ինքնայարգանքի եւ հոգեկան առողջութեան պահպանման նշան է:
Ընկերային առողջ յարաբերութիւն
Երբ որ առողջ յարաբերութեան մէջ ենք, հանգիստ կը զգանք: Գիտենք որ մեզի մտիկ կ’ընեն, կը սիրեն, կը պաշտպանեն եւ կը յարգեն: ընկերութեան մէջ իրաքանչիւրը կ’ընդունի միւսին լաւ ու վատ կողմերը: Այսպիսի յարաբերութիւնը կը բերէ ուրախութիւն եւ կ’ըսէ ճշմարտութիւնը նոյնիսկ եթէ դժուար է լսել: Ամէն մարդ լաւ կը զգայ, երբ առողջ յարաբերութեան մէջ է։ Կը սիրէ ժամանակ անցընել ընկերներուն հետ, կարծես թէ ուրիշ աշխարհի մէջ ըլլար։ Նոյն զգացումը չ’ունենար ամենուն հետ։
Բայց ամէն մարդ ընկեր չունի։ Շատ տխուր է ասիկա, բայց այսպէս է։ Երբեմն մարդիկ չար են ուրիշներու հանդէպ։ Այս պարագային, թունաւոր յարաբերութեան մէջ կ’իյնան։
Գայանէ Յարութիւնեան
Պատմութիւն թունաւոր յարաբերութեան մասին
Մարին կ’ապրէր օտար երկիր։ Եօթ տարեկանէն կը յաճախէր դպրոց մը, ուր ամէն օր կ’ենթարկուէր իր համադասարանցիներու կողմէ կազմակերպուած քաշքշուկներու եւ հալածանքներու, քանի որ հասակով փոքր հայ աղջիկ մըն էր։ Անոր դասարանցիները ամէն առիթով կը նսեմացէին զինք անուանելով կեղտոտ հայ, որովհետեւ ցորենագոյն մորթ ունէր։
Օր մը ամբողջ օրը զայն կը փակեն հանդերձարանին մէջ, ուրիշ օր մը զայն կը նետեն աղբամանին մէջ։ Ան կը յոգնի այս ամենէն եւ կ’ուզէ դաս տալ բոլորին։
Եթէ իր տեղը ըլլայիք, ի՞նչ կ’ընէիք։
Աշխարհը դաժան է։ Իւրաքանչիւրս կամ զոհ ենք, կամ գիշատիչ։ Կեանքը պայքար է։ Ոմանք չեն դիմանար եւ կ’որոշեն վերջ տալ կեանքին. ոմանք կը դիմանան եւ ոչինչ կ’ըսեն. ոմանք ալ կը պայթին եւ կ’որոշեն պատասխանել նոյն կերպ։ Կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն դիւանագիտօրէն հարցին լուծում տալ։
10 Փետրուար 2026