Ռաֆֆի Գարա, Հիւկօ Գարասօ, Անրի Դաւթեան, Նշան Երիցեան
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Ռոպեր Պատանթեր անմահացաւ
Ռոպեր Պատանթեր ծնած է 1928 թուականի Մարտի 30-ին, Փարիզ՝ հրեայ ընտանիքի մը մէջ։ Ան փաստաբան դարձաւ 1951 թուականին եւ քանի մը տարի ետք՝ իրաւաբանութեան դասախօս։ 1981 թուականին, Ֆրանսուա Միթերանի նախագահութեան օրով, նշանակուեցաւ Արդարադատութեան նախարար։
Ան պատմութեան մէջ մնաց Ֆրանսայի օրէնսդրութեան մէջ մարդասիրական այն բարեփոխումներով, որոնք կատարուեցան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին։ 1981 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին, ան վերացուց մահապատիժը Ֆրանսայի մէջ՝ վերջ դնելով անմարդկային համարուող այդ գործողութեան։
Ան պայքարեցաւ նաեւ խտրականութեան դէմ, 1982-ին հասնելով համասեռականութեան (homophobie) ապաքրէականացման։ Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, ան ուժգնօրէն պայքարեցաւ հակասեմականութեան, ցեղապաշտութեան եւ ամէն տեսակ անարդարութեան դէմ՝ զօրացնելով մարդու իրաւունքները եւ մարդկային արժանապատուութիւնը։
Քաղաքական պաշտօնին զուգահեռ, Ռոպեր Պատանթեր ճանչցուած հեղինակ էր։ Իր հանրայայտ “L’Exécution” (Մահապատիժը, 1973) գիրքին մէջ, կը պատմէ իր ապրած ցնցումը, երբ իր յաճախորդներէն մէկը գլխատուեցաւ. այդ նախապատճառ դարձաւ մահապատիժի դէմ իր պայքարին։ Գրած է նաեւ “L’Abolition” (Վերացումը, 2000) եւ “Idiss” (Իտիս, 2018)։ Վերջինը նուիրուած էր մեծ մօրը եւ իր ընտանիքի պատմութեան։
1986 թուականին նշանակուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, իսկ 1995-ին դարձաւ ծերակոյտի անդամ։
Ռոպեր Պատանթեր մահացաւ 2024 թուականի Փետրուարի 9-ին, Փարիզ։
Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն որոշեց անոր յիշատակը յաւերժացնել Panthéon-ի մէջ։ Այս քայլով, Ֆրանսայի պետական ներկայացուցիչը ուզեց յարգել այս անձնաւորութեան յիշատակը, որ կեանքը նուիրեց արդարութեան։
Ռոպեր Պատանթեր պաշտօնապէս Panthéon մտաւ 2025 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին, մահապատիժի վերացման օրէնքին տարեդարձի օրը։
3 Փետրուար 2026