ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Շրջագայութիւն Փարիզի 6-րդ թաղամասին մէջ

Փարիզի Սէն Սիւլփիս եկեղեցին

Գայանէ Կարապետեան եւ Անի Առաքելեան 

Յուլիս 2-ին, Ալֆորվիլի Մշակութային տան եւ Դպրոցասէրի նախկին աշակերտներու հայերէնի խումբերը հաւաքուեցան Փարիզի մէջ նոր վայրեր այցելելու։

Օրուան սկիզբը Սուրբ Սիւլփիս (Saint-Sulpice) եկեղեցին այցելեցինք։ Այս նշանաւոր եկեղեցին կը գտնուի Փարիզի 6-րդ թաղամասին մէջ։ Վերակառուցուած է 1646 թուականին, որովհետեւ նախորդ շէնքը փոքր էր եւ չէր կրնար ընդունիլ բոլոր հաւատացեալները։

Եկեղեցին Ֆրանսայի յեղափոխութեան ընթացքին ժամանակաւոր կերպով փակուած է եւ անուանուած է «Խորհրդածութեան Տաճար»։

Սուրբ Սիւլփիսը կը հիացնէ իր շքեղ եւ հարուստ ճարտարապետութեամբ։ Մենք տեսանք շատ գեղեցիկ զարդանախշուած պատուհաններ, նկարչութիւններ, մեծ երգեհոն մը եւ սուրբերուն նուիրուած սուրբ սեղաններ։ Այս այցելութիւնը ուսանելի էր եւ հետաքրքրական։ Իր խաղաղ եւ լուրջ մթնոլորտը ազդեց մեր վրայ։ Հետաքրքրական կէտ մըն ալ այն էր, որ  ժամանակին Վիկտոր Հիւկօն հոն ամուսնացած էր ։

Շարունակելով, այցելեցինք Փրոքոփի սրճարանը, որուն դիմացի մասը կը գտնուի Սուրբ Անտրէի վաճառականներու փողոցը։ Այս սրճարանը մեզ տպաւորեց յատկապէս, որովհետեւ անոր տէրը հայ մը եղած էր Փասքալ անունով: Անոր համար իտալացի Ֆրանչեսքօ Փրոքոփիօ անունով անձ մը աշխատած է։ Քանի մը տարի ետք, Փասքալը որոշած է մեկնիլ Լոնտոն՝ բանալու առաջին սրճարանը։ Այսպէս, այսօրուայ սրճարանը կը կոչուի Փրոքոփ՝ իր իտալացի տիրոջ անունով։ Աւելցնենք նաեւ, որ այս սրճարանը դարձած է գրական սրճարան մը, ուր կը հաւաքուէին օրինակ՝ Վոլթէր, Մարա, Տիտրօ եւ այլ հռչակաւոր անձեր։

Վերջաւորութեան, այցելեցինք Սուրբ Ժերմեն-տէ-Փրէ (Saint-Germain-Des-Prés) եկեղեցին, որ Փարիզի ամենէն հին եկեղեցիներէն մէկն է։ Կառուցուած է 543 թուականին՝ թագաւոր Շիլտպէրտ Առաջինի կողմէ եւ կոչուած է Փարիզի եպիսկոպոս Սուրբ Ժերմենի անուամբ։

Միջնադարուն, եկեղեցին դարձած է Փարիզի մտաւորական եւ տնտեսական կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Հոն կ’ապրէին շատ ուսեալ վանականներ, ուստի եկեղեցին մեծ դեր ունէր փարիզեան մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։

Այսօր, ան ունի հին հռոմէական ոճի ժամացոյցով զանգակատուն մը։ Եկեղեցւոյ ներքին ճարտարապետութիւնը գեղեցիկ է՝ իր սիւներուն եւ հոյակապ զարդանախշուած պատուհաններուն շնորհիւ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք հայերէնի մեր երկու ուսուցչուհիներուն՝ տիկին Նորային եւ տիկին Սեւանին, որոնց շնորհիւ ունեցանք շատ ուսանելի եւ հաճելի այցելութիւն մը:

30 Յուլիս 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Ապրիք շատ լաւ եւ տպաւորիչ ձեւով ներկայացուցած եք ընթերցողներուն ձեր շրջապտոյտը, նաեւ ներկայանալի լեզուով ծանօթացուցիք փարիզի 6րդ թաղամասը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *