
Այս տարի Յուլիս 27-ը Վարդավառի տօնակատարութեան օրն է։
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան մուտքի պատմութիւնը առիթ է նաեւ մտածելու, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ եղած հայ ժողովուրդին մէջէն արմատախիլ ընել նախաքրիստոնէական դարաւոր յիշատակներ, ինչպիսին է Վարդավառը. անոնք կը շարունակեն գոյատեւել մինչեւ օրս եւ խանդաղատանքով կը փոխանցուին նոր սերունդներուն։
Այստեղ՝ պատանեկան մտորումներ։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Ինչո՞ւ կը յիշենք նախաքրիստոնէական կարգ մը սովորութիւններ
Ցոլինէ Ճինկօզ
Չափազանց կարեւոր է պահել հին կրօնքէ եկող յիշողութիւնները, եւ ասիկա՝ մի քանի պատճառով.
Նախ, անոնք մարդկութեան պատմութեան մէկ մասն են։ Մեզի ցոյց կու տան, թէ հին ժամանակներուն մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ապրէին, կը մտածէին եւ կը հաւատային։
Զանոնք ուսումնասիրելով, մենք աւելի լաւ կը հասկնանք, թէ ուրկէ՞ ենք մենք եւ ինչպէ՞ս զարգացած են մեր հաւաքականութիւնները։

Երկրորդ, հին կրօնքը ազդած է մեր արուեստին, գրականութեան, երաժշտութեան եւ ճարտարապետութեան։ Շատ գլուխ գործոցներ, որոնցմով կը հիանանք մենք այսօր, ոգեշնչուած են կրօնական հին գաղափարներով եւ խորհրդանիշներով։
Ռաֆայէլ Խանչարեան
Պէտք չէ ջնջել հին դարերէն եկած յիշատակները, քանի որ պատմութեան կը պատկանին եւ ինչ որ գրուած է պատմութեան մէջ, պէտք չէ փոխենք։
Սոֆի Կրեկորով
Առաջին ըսելիքս այն է, որ յիշենք, յիշենք ինչ կ’ընէինք առաջ, յիշենք պատմութիւնը։
Շատ կարեւոր է նաեւ չբնաջնջել հին սովորութիւնները, քանի որ ժողովուրդը շատ աւանդազրոյցներ ստեղծած է անոնց շուրջ։ Ուրեմն կարեւոր դէպքեր, կարեւոր յիշատակներ եղած են, որ ժողովուրդը չ’ուզեր մոռնալ։ Հին կրօնքի յիշատակները մէկ ամբողջ պատմութեան մասն է, որ չենք կրնար ջնջել։


Գայանէ Ջումայեան
Հին կրօնքը կարելի չէ բնաջնջել, որովհետեւ մեր մշակոյթի մէկ մասն է, ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կը մտածէին մեր նախնիները։ Թէեւ քրիստոնէութիւնը տարածելու համար Հայաստանի մէջ կը ստիպէին ջնջել հեթանոսական ամէն յիշատակ, բայց կարելի չեղաւ։ Կարգ մը յիշատակներ մինչեւ այսօր դեռ կան։

Յունիս 2025
2 Responses
Ապրիք տղաք բոլորդ ալ ձեր գրութիւննեևով կը հաստատէք որ մեր աւանդութիւնները, մանաւանդ՝ պատմական մեր հին աւանդեւթիւնները պէտք է պահենք որովհետեւ մեր պատմութեան մաս կը կազմեն: Կեցցէք. Անշուշտ տիկ. ՆՈՐԱՆ ձեզի խօսած է նաև քրիստոսի Պայծառակերպութեան մասին:
Դուք բոլորդ շատ լաւ, գեղեցիկ, մաքուր արեւմտահայերէնով կը գրէք ձեր շարադրութիւնները: կը սիրեմ ձեզ բոլորդ : Ուրիշ յորդոր մը ունիմ, ջանացէք աւելիով օգտուիլ տիկ. Նորային սովրեցուցածներէն. Ան՝շատ կարող, հայերէնի գանձարան է:
Նաև՝ շնոհակալութիւն տիկ. ՆՈՐԱՅԻՆ վաևձքը կատար:
Ուսուցչական զօրակցութիւնդ կը շռայլես, Զարուկ։ Շնորհակալ եմ վստահութեանդ համար, սակայն գիտենք բոլորս, որ հայերէնի ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը ՈՉԻՆՉ կը խնայէ իր ասպարէզին մէջ։ Գիտենք նաեւ, որ անոնց համեստութիւնը զիրենք մատչելի թիրախի վերածած է լեզուի փայլիլ սիրող ոստիկաններուն դիմաց, որոնք պոռչտուքով լուսարձակի տակ կ’առնեն թերին եւ չեն տեսներ տարուած աշխատանքին տարողութիւնը։ Մենք կը շարունակենք հաւատալ մեր աշակերտներուն եւ աշխատիլ անոնց հետ։