ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Հայաստան այցելեցինք. մաս Ա.

2025-ի Ապրիլեան արձակուրդին, Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներուն համար հայրենիքը դուրս ելաւ գիրքերէն։ Տասնօրեայ կարճ ճամբորդութիւն եւ տպաւորութիւններ։ Ոմանք գրեցին իրենց այցելութեան մասին, ոմանք՝ ներկայացուցին վայրը։ Ահաւասիկ։ 

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Գեղարդ

Օֆելիա Գասպարեան

Մենք մեր ճամբորդութեան ընթացքին գացինք Գեղարդ։ Տեսայ այն տեղը, ուր կը գտնուի. բարձրութեան վրայ է։

Շատ աղուոր գետակ մը կը հոսի ճիշտ քովը, ժայռերու միջով։ Շրջապատող ժայռերու վրայ կային բազմաթիւ Քրիստոնէական խաչեր։ 

Գեղարդի տարածքը մտնելով տեսանք վանքը։ Երբ մտանք, մեր ղեկավարը կանչեց մեզ՝ զիս ու Անայիսը, որպէսզի երգենք «Առաւօտ Լուսոյ» եւ «Տէր ողորմեա՜» շարականները։ Վանքին մէջ մեր ձայները մինչեւ վանքին գմբէթը  կ’արձագանգէին։ 

Մենք նաեւ այցելեցինք վանքին ուրիշ մասերը։ Օրինակ, այն տեղը ուր օրհնուած ջուր կը հոսի, կամ վերին մասը, ուր սիւնի մը վրան այբուբենը գրուած է։ Այս մասը կային նաեւ փորագրուած խաչքարեր։   

Իմ դասարանցիներէս մէկը մեր բոլորին համար գնեց մոմ, գացի վառեցի եւ աղօթեցի։ Նկարուեցանք եւ դուրս ելանք։  

Դուրսը, քիչ մը վար, պզտիկ շուկայ մը կար։ Հոն թթու լաւաշ գնեցի եւ այսպէս աւարտեցաւ մեր այցելութիւնը։

Շատ տխրեցայ, որ տեղւոյն վրայ մեզի Գեղարդի պատմութիւնը չպատմուեցաւ։ Բայց այդ օրը իմ յիշողութեանս մէջ պիտի մնայ մինչեւ վերջ։  

Խոր վիրապ

Լիւքա Եարանուշ

Խոր Վիրապ վանքը առաջին սուրբ տեղն է Հայաստանի քրիստոնէական հաւատքին։ Ան կը գտնուի հին Հայաստանի հին մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ։

Չորրորդ դարուն, Հայաստանի թագաւոր Տրդատը քրիստոնեաները կը հալածէր ու կը նեղէր։ Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ յետոյ սուրբ դարձաւ, նետեցին խոր հորի մը մէջ։ Անտեղ մնաց տասներեք տարի։ Ամէն օր անոր կը բերէին ուտելիք ու ջուր, եւ ան փրկուեցաւ։

Այս ժամանակ, թագաւորը սպաննել տուաւ քրիստոնեայ կոյսեր Գայանէ, Հռիփսիմէ եւ անոնց ընկերուհիները։ Շուտով թագաւորը հիւանդացաւ։ Երազի մը մէջ տեսաւ, որ Գրիգորը միակ մարդն էր, որ կրնար զինք բժշկել։ Գրիգոր Լուսաւորիչը եկաւ, բժշկեց թագաւորը եւ զայն քրիստոնեայ ըրաւ։

Այսպէսով, Հայաստանը դարձաւ աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւն ընդունեց։

Մենք ի՞նչ ըրինք այնտեղ.

Մեր այցելութեան ընթացքին, մենք եկեղեցի մտանք, որուն անունը Սուրբ Աստուածածին է։ Յետոյ խոր վիրապ իջանք, որմէ ետք մի քանի բան գնեցինք յիշողութիւն համար ։

Գառնիի տաճարը

Էրիկ Մինասեան

Գառնիի տաճարը շատ հին շինութիւն մըն է Հայաստանի մէջ։ Այն կառուցուած է Ք. Ա. 1-ին դարուն թագաւոր Տրդատ Ա-ի կողմէ։ Տաճարը նուիրուած էր արեւի աստուծոյ։ Ան շինուած է քարէ եւ ունի տասներկու սիւներ՝ հռոմէական ձեւով։ Շինութիւնը շատ գեղեցիկ է եւ կը նմանի հին Յունաստանի տաճարներուն։

Տաճարը կը գտնուի լեռներու եւ ձորերու մէջ, շատ բարձր տեղ մը, ուր հայ թագաւորները կ’երթային ամառները հանգստանալու։ 

Գառնիի մօտ կը գտնուին նաեւ հին բաղնիքներ՝ յունական-հռոմէական խճանկարներով։ Անոնց վրայ կարելի է տեսնել գեղեցիկ պատկերներ՝ ձուկ, ծով, աստղեր եւ ուրիշ շատ բան։

Մարդիկ կ’երթան Գառնիի տաճարը տեսնելու, անոր պատմութիւնը սորվելու եւ բնութիւնը վայելելու։ Ասիկա Հայաստանի պատմական կարեւոր վայրերէն մէկն է։ Ասոր նման ուրիշ տաճար մը չկայ Հայաստանի մէջ։

Ասոր շուրջ յաճախ կը պատմուին հին հէքիաթներ։ Կ’ըսեն որ ժամանակ մը, երբ քամին կ’ուզէր տաճարը կործանել, լեռները պաշտպանեցին զայն։

Մայիս 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *