
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
Նարեկ Եղիազարեան
Ցեղասպանութեան ժամանակ, մեծ մայրիկիս մեծ մայրիկը, անունը Իշխանուհի, երկու տարեկան էր եւ կ’ապրէր Վան քաղաքը։ Ինչ որ մենք իմացեր ենք Իշխանուհիէն, անոր պատմած է իր մայրը։
Ունեցեր են փոքր քոյրիկ, որ շատ գեղեցիկ եղած է։ Անոնց փախուստին օգներ է թուրք ընտանիք մը, որուն հետ շատ մօտիկ եղած են։ Թուրք ընտանիքը երեխայ չէ ունեցեր եւ առաջարկեր են փոքրիկ Վարսենիկը որդեգրել։ Բայց Վարսենիկին մայրը չէ համաձայնած, քանի որ արդէն կորսնցուցած էր իր ամուսինը։ Բայց այդ թուրք ընտանիքը բարեխիղճ գտնուեր է անոնց հետ։ Տղու հագուստ հագցուցեր են Վարսենիկին, երեսին մուր քսեր են, որպէսզի թաքցնեն անոր գեղեցկութիւնը։
Շատ մեծ դժուարութեամբ եւ բարդ ճանապարհ անցնելով, յաջողած են հասնիլ Երեւան։
Էմիլի Յակոբեան
Ինչպէ՞ս փրկուեր են մօրս վանեցի նախապապերը 1915 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ
Մօրս նախապապը չորս երեխայ ունեցեր է, երկու աղջիկ եւ երկու տղայ։ 1915-ին աղջիկները 9 եւ 6 տարեկան էին, մէկ տղան 4 տարեկան էր, իսկ ամենափոքրը քանի մը օրական էր. ան մայրիկիս պապիկն էր։
Ցեղասպանութեան ժամանակ, թուրքերը կը փախցնէին ամենէն գեղեցիկ աղջիկները։ Որոնք որ այնքան ալ գեղեցիկ չէին, կա՜մ կը սպաննուէին, կամ ալ՝ եթէ բախտ վիճակուէր, կրնային անցնիլ սահմանը։ Թուրքերը, հիմնականին մէջ, բաց աչքերով աղջիկները կը փախցնէին։
Ցեղասպանութեան սկիզբը, մօրս նախապապերը որոշած էին ընտանիքով փախչիլ։ Ցաւօք, փախչելու ատեն, տան հայրը մահացեր է։

Մայրը չէ կրցած միայնակ խնամել աւագ որդին, բայց չէ ուզած տեսել թէ ինչպէս պիտի սպաննեն զայն։ Ստիպուած, որդին նետեր է Վանայ լիճը։ Մայրը մնացեր է փոքրիկ տղուն եւ երկու աղջիկներուն հետ։ Որպէսզի փոքրն ալ չսպաննուի, մայրիկը զայն փաթթեր է ոտքերու արանքը, որ թուրքերը չնկատեն։ Իսկ աղջիկները դէմքին արիւն եւ մուր քսեր են, որ տգեղ ըլլան։
Օրեր շարունակ քալեր են, սոված ու ծարաւ, սուրէ ու թուրէ փրկուելով հասեր եւ բնակութիւն հաստատեր են Արեւելեան Հայաստան, Դուին գիւղը (Արարատի շրջան)։
Սթելլա Գապալագ
Հայրիկիս կողմէն պապիկիս հայրն ու մայրը ապրեր են ցեղասպանութիւնը։ Անոնք ամուսնացեր են ցեղասպանութենէն մէկ տարի առաջ։ 1915-ին քիւրտ ընտանիք մը զանոնք պաշտպաներ է ու տարեր է իր տունը։ Անոնց շնորհիւ մեծ հայրիկս եւ մեծ մայրիկս փրկուեր են ցեղասպանութենէն։
Անահիտ Ղազարեան
Սարգիսեանները իմ պապայիս մամային ընտանիքն է, ծնած են Պոլիս։ Փախած են ցեղասպանութեան ատեն եւ եկած են Մարսիլիա։
Մինասեանները իմ պապայիս պապային ընտանիքն է։ Անոնք ալ փախած եւ հասած են Մարսիլիա։ Մեծ մայրս մօտ էր Միսաք Մանուշեանին եւ Կարմիր Խաչի մէջ աշխատելով զէնք կը տեղափոխէր Մարսիլիայէն Փարիզ։
14 Մայիս 2025
2 Responses
Կեցցէք շատ սիրելի մեր փոքրիկներ . ինչ լաւ գրած էք ձեր մեծ հայրերերուն ընտանիքին պատմութիւնը առանց մոռնալու և անտեսելու կարեւոր, չմոռցուելիք ահաւոր մասերը: Անշուշտ ձեր մեծ պապերուն պատմածները երբեք չէք մոռնար. երբ մեծնաք, դուք ալ կը պատմէք ձեր զաւակներուն, որ երբ առիթը յարմար նկատուի՝ աշխատիք, պահանչէք և տէր ըլլաք արեւմտեան Հայաստանի մէջ ձեր պապերէն անխղճօրէն յափշտակուած իրաւունքներուն:
Սրտանց շնորհակալութիւն աշակերտներուն կողմէ։