
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Մելինէ Ցուգունեան
Այս գիրքը ես կարդացի, որովհետեւ շատ հետաքրքրական է։ Գիրքին անունն է Quatre sœurs et un Noël inoubliable։ Հեղինակին անունն է Սոֆի Ռիկալ Կուլար։ Գծանկարիչին անունն է Տիկլի։ Լոյս տեսած է Փարիզ 2020-ին, Ռաժօ (Rageot) Հրատարակչատունէն։
Նիւթ. չորս քոյր Սուրբ Ծնունդի առթիւ մէկ շաբաթով կ’երթան ագարակ իրենց ծնողքի ընկերներուն քով։ Ամենէն փոքրը՝ Լունան, որ 6 տարեկան է, հաւերուն հաւկիթները կը հաւաքէ։ Լիզան, որ 9 տարեկան է, պանիր եւ մածուն կը պատրաստէ։ Լորը, 13 տարեկան, կը սիրէ նկարել
եւ նուէրներ ղրկել։ Վերջապէս՝ ամենէն մեծը՝ Լուն, 17 տարեկան, կը սիրէ կենդանիներուն ուտելիք տալ։ Չորս քոյրերն ալ շատ կը սիրեն այստեղը։
Ես այնքան սիրեցի այս գիրքը, որ վեց անգամ կարդացի։ Եթէ դուք ալ հետաքրքրուած էք, ըսեմ, որ ես Cultura խանութէն գնեցի։
Նարեկ Եղիազարեան
Գիրքիս վերնագիրն է Օտիսէ (0dyssée)։ Հեղինակը Հոմերն է։ Փիեռ Պալմոնտ թարգմանած է գիրքը։ Լիւսի Առնու նկարազարդողն է։ Լոյս տեսած է Ֆլամարիոն հրատարակչատունէն, տպագրուած է Պարսելոնա 2024-ին ։
Պատմութիւնը ստեղծուած է հին դարերուն եւ տպագրուած է մեր ժամանակներու դպրոցական տարիքի երեխաներու համար։ Այն իրենց կը ներկայացնէ հին յունական աստուածները։
Ես այս գիրքը կարդացի, որովհետեւ ֆրանսերէնի ուսուցիչը դաս մը տուած էր ասոր մասին։ Սիրեցի այս գիրքը։ Այնքան սիրեցի, որ կրնամ անգամ մըն ալ կարդալ։ Եթէ ուզէք գիրքը գնել, կրնաք Ամազոնէն պատուիրել։

Մարտ-Ապրիլ 2025
2 Responses
Ես ալ ամենէն շատ սիրեցի ձեր ընթերցասիրութիւնը, ձեր կարդացած գիրգերը ներկայացնելու ճշգրիտ ձեւը.֊ անունները
հեղինակին, նկարաղարդողին տպագրատան և այլ մարամասնութիւնները… :
Գիրքերուն բովանդակութիւնները գրուած են շատ ամփոփ ևմաքուր արեւմտահայերէնով:
Կեցցէք դուք Նարեկ Եղիազարեան , Մելինէ Ձիւկիւնեան և ձեր բոլոր ընկեր ընկերուհիները: Կեցցէ Ծիծեռնակը և ձեր ուսուցչուհին՝ Նորա Պարութճեանը: Շատ սիրեցի ձեր աշխատանքները:
Սիրելի տիկին Զարուհի, մենք՝ Ծիծեռնակի պատանիներս եւ ուսուցչուհին մեծապէս շնորհակալ ենք, որ ո՜չ միայն մօտէն կը հետեւիք մեր աշխատանքներուն, այլեւ կ’արտայայտուիք։ Մեզ կը քաջալերէք։ Ողջ մնացէք։