ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Գիրք կը կարդանք. մաս Ա.

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Անժելի Գոմանտեան 

Ձեզի ներկայացնեմ գիրք մը, որ շատ սիրեցի։ Դիցաբանութիւն է եւ շատ հետաքրքրական։

Վերնագիր. Արիանը ընդդէմ Մինոթորին (Ariane contre le Minotaure).
Հեղինակ. Մարի Օտիլ Հարթման
Հրատարակչատուն. Նաթան (Nathan)

Նիւթ. Արիանը աղջիկն է Կրետէի թագաւոր Մինոսին։ Այս թագաւորը մահուան կը դատապարտէ Աթէնքի իշխան Թէզէին։ Քաջ Արիանը կ’ուզէ օգնել իշխանին, որ Մինոթորը զայն չսպաննէ։

Դաւիթ Յակոբեան

Պիտի ներկայացնեմ գիրք մը, որու անունն է Ուրուականներու ամրոցը (Le château des fantômes)։ Լոյս տեսած է 2010-ին։

Հեղինակ. Միրէյ Սաւըր
Նկարազարդում. Լոյիք Ֆոժուր.
Հրատարակչութիւն. Կարդալը մեկնիլ է (Lire c’est partir)

Նիւթ. աղջիկ մը իր ընտանիքին հետ արձակուրդի համար կը ճամբորդէ Սքոթլանտա։ Աղջկան անունն է Գանտիս։ Կը մոլորուին եւ կը գտնեն հիւրանոց մը, որ տարօրինակ կերպով կորած հին ամրոց մըն է։ Այնտեղ, գիշերը Գանտիսը ձայներ կը լսէ։   

Անահիտ Ղազարեան

Իմ գիրքս Գապօ Գապօշ (Cabot Caboche) կը կոչուի։ Հեղինակը Դանիէլ Փենաքն է։

Լոյս տեսած է 1982-ին, նկարազարդումը ըրած է Քաթրին Րէյսէր։

Այս գիրքը յարմար է 11 տարեկանէն վեր տարիքի համար։ Կը պատմէ շան մը մասին, որ կ’ուզէր սիրուհի ունենալ, որուն սիրէր եւ երջանիկ ըլլար։ Հետաքրքրական պատմութիւն է։

Եթէ երջանիկ աւարտով գիրքեր կը սիրէք, կրնաք գնել այս մէկը։ Ինծի շատ դուր եկաւ։

Մարտ-Ապրիլ 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *