
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Մեր հանդիպումը Տիգրան Մխիթարեանի հետ
Ալեք Տեկիրմենթաս
Շաբաթ, 22 Մարտին, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններով դիտեցինք Տոն Ժուան թատերախաղը Մատլէնի թատերասրահին մէջ։
Խաղը դիտելէն առաջ հարցումներ հարցուցինք Տիգրան Մխիթարեանին, որ Տոն Ժուանին բեմադրիչն է։ Հարցումներ իր կեանքի մասին, Տոն Ժուան թատերախաղի մասին եւ հայրենասիրութեան մասին։
Ես շատ սիրեցի Տիգրան Մխիթարեանի «Տոն Ժուան»ը, քանի որ այսօրուան բառերով վերանայած է Տոն Ժուանը, որպէսզի աւելի խնդալիք ըլլայ։

Նարինէ Ապելեան
Շաբաթ, 22 Մարտին դասարանով թատրոն գացինք, որպէսզի տեսնենք Տոն Ժուան թատերախաղը։ Բայց ներկայացումէն առաջ հանդիպում ունեցանք Տիգրան Մխիթարեանին հետ, որ բեմադրողն է։ 15 վայրկեան տեւեց։ Մենք անոր հարցումներ հարցուցինք թատերախաղին մասին, իր հայութեան եւ իր փորձառութեան մասին։ Յետոյ, մեզի ըսաւ, որ պէտք է պատրաստուէր թատերախաղին համար եւ 30 վայրկեան ետք սրահ մտանք, նստանք։ Թատերախաղը տեւեց մէկուկէս ժամ։
Ես սիրեցի, որովհետեւ տարբեր էր ուրիշ թատերախաղերէ եւ որովհետեւ բեմադրիչը հայ էր։
Մեր հարցումները
Էտի Պաղտասարեան, հարցազրոյցի բաժնին կը միանայ Ռաֆֆի Գարա

22 Մարտին, մեր դասարանը, 9-րդ դասարանը եւ քանի մը պապաներ, մամաներ գացինք դիտելու Տոն Ժուանը, մէկուկէս ժամուան թատերախաղ մը։ Բեմադրիչը եւ գլխաւոր դերասանը հայ էր, Տիգրան Մխիթարեան։ Ներկայացումէն առաջ ծանօթացանք Տիգրան Մխիթարեանին եւ քանի մը հարցում հարցուցինք անոր։
Հ.- Որքա՞ն ժանամակ առաւ այս թատերախաղին պատրաստութիւնը։
Պ.- Պատրաստութիւնը երեք ամիս առաւ։
Հ.- Առաջի՞ն անգամն է, որ այս թատերախաղը կը բեմադրէք։
Պ.- Ոչ, առաջին անգամը չէ, 2020-ին սկսանք։
Հ.- Ինչո՞ւ ընտրեցիք Մատլէնի թատերասրահը։
Պ.- Ընտրեցի Մատլէնի թատերասրահը, որովհետեւ մեծ սրահ է, գեղեցիկ է եւ առաջին անգամն է, որ դասական թատերախաղ կը բեմադրեն այս սրահին մէջ։


Հ.- Ֆրանսական թատերական կեանքին մէջ ինչպէ՞ս կ’ապրիք ձեր հայութիւնը։
Պ.- Պէտք չունիմ ցոյց տալու որ հայ եմ, որովհետեւ ներսէս կ’ապրիմ իմ հայութիւնս։ Թատերախաղերուն մէջ միշտ հայկական նշաններ կը դնեմ։
Հ. Ի՞նչը մղեց ձեզ, որ թատրոնը ընտրէք։
Պ.- Թատրոն սկսայ 12 տարեկանիս։ Օր մը, ուսուցիչս տեսնելով, որ լաւ նիշ չունիմ դպրոցը, ինծի ըսաւ, որ Փարիզ երթամ դերասանական դպրոց յաճախելու։ Յետոյ բեմադրիչ դարձայ։
Հ.- Ինչպէ՞ս կը բեմադրէք թատերախաղ մը եւ ի՞նչը մղեց ձեզ այս բեմազարդումին համար։
Պ.- Դերասաններուն հետ կ’աշխատինք թեքսթին եւ իմաստին վրայ։ Բեմազարդարումը բեմանկարիչը կ’ընէ։ Տոն Ժուանին համար խնդրեցի, որ կրօնական խորհրդանիշներ ըլլան։


Սիրեցի այս թատերախաղը, որովհետեւ Տիգրան Մխիթարեան ժամանակակից առարկաներ, հագուստներ եւ խօսակցութիւն աւելցուցած է թատերախաղին մէջ։ Ասի ընելով, աւելի խնդալիք ու հասկցուելիք դարձուցեր է մեր տարիքի տղոց համար։
Լուսիկ Եաքար
22 Մարտին մեր դասարանը գնաց Փարիզ, Տոն Ժուանը դիտելու համար։ Այս թատերախաղը գրած է Մոլիեռը։ Բեմադրիչը Տիգրան Մխիթարեանն է։ Ան փոխած է բնագիրը ժարկոն լեզուով եւ ռոք երգերով։
Թատերախաղը պատմութիւնն է մարդու մը, որու անունն է Տոն Ժուան։ Այս մարդը Աստուծոյ չի հաւատար եւ աղջիկներու սիրտը կը կոտրէ։ Իր ուղեկիցն է Սկանարելը եւ նախկին կինը՝ Էլվիրը վրէժ լուծել կ’ուզէ իրմէ, որովհետեւ Տոն ժուանը զինք խաբած է հմայելով ուրիշ կիներ։ Տոն Ժուան կ’ուզէ խաբել Շարլոթը եւ Մաթուրէնը, որոնք գեղջկուհիներ են։ Բայց Շարլոթ նշանուած է Փիեռոյին հետ, ան ալ գեղջուկ մը։ Թէեւ Փիեռոն ջրահեղձութենէ կ’ազատէ Տոն Ժուանը եւ Սկանարելը, սակայն Տոն Ժուան սիրտ չունի եւ կը հմայէ Շարլոթն ու Մաթուրէնը, խոստանալով անոնց հետ ամուսնանալ։ Սկանարել համաձայն չէ Տոն Ժուանի արարքներուն եւ կը զգուշացնէ աղջիկները։ Վերջապէս, Տոն Ժուան կը մեռնի, երբ Էլվիր իր եղբօր օգնութեամբ վրէժ կը լուծէ իրմէ։

Սօֆի Գրեգորով
Մարտի 22-ին, 9-րդ դասարանին հետ գացինք Մատլէն թատերասրահը, որ Տոն Ժուանը դիտենք։ Տիգրան Մխիթարեանը մեզ հրաւիրեց զինք տեսնելու, որովհետեւ ինքն ալ հայ է։ Շատ բաներ հարցուցինք իրեն։ Երբ թատերախաղը դիտեցինք, տեսանք որ շատ բաներ փոխեր է, աւելի նոր Մոլիեռ բերեր է։ Շատ սիրեցի ասիկա։
7-14 Մայիս 2025
2 Responses
Ապրիք տղաք։ Ես Մալատ իմաժիները տեսայ ձեր գրածներով Տոն Ժուանընալ դիտածի պես եղայ։ Շնորհակսլութիւն բոլորիդ։ Chers tous j’ai eu la chance de voir Le Malade imaginaire, j’avais raté Don Juan par manque de temps, grâce à vous c’est comme si je l’avais vu aussi. Je suis avec beaucoup de plaisir vos écrits. Merci et bravo à tous.
Շատ շնորհակալ ենք այս գեղեցիկ եւ քաջալերական խօսքերուն համար։