
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Աշոտ Յովսէփեան
Փորձաշրջանիս ընթացքին վերանորոգեցի ակնոցներ։
Ապակին կը դնէի մեքենայի մը մէջ, որ շրջանակին չափը առնէ, յետոյ կը տեղաւորէի մէջը։ Մեքենային մէջ կը տաքցնէի ակնոցին շրջանակը, որ ապակին աւելի հեշտ մտնէ։ Ապակին ակնոցի շրջանակին մէջ մտցնելէ ետք, վրան ալքոհոլ կը թափէի հականեխելու համար։
Լիւքա Եարանուշ
Փորձաշրջանս անցուցի սնունդի մատակարարման SOCOFRAM ձեռնարկութեան մէջ։
Ես այս գործը ընտրեցի, որպէսզի գիտնամ ինչպէս կը գործէ ընկերակցութիւնը։
Այնտեղ սորվեցայ մեքենաներ աշխատցնել, ծրարներ շարեցի ճիշդ տեղեր, ապսպրանք ընդունեցի, վաճառագիրներ շարեցի եւ հաղոդագրութիւն խմբագրեցի։ Լաւ փորձ մըն էր։

Սիրեցի աշխատիլ այստեղ։ Մարդիկ լաւ եւ ազնիւ էին ինծի հետ։ Միայն, շատ չսիրեցի գործի ժամը, որովհետեւ շատ երկար էր, 7։00-էն 17։00, եւ հանգիստի միայն 2 դադար կար, ատ ալ՝ 10 վայրկեան։

Մելինա Գոյունճու
Փորձաշրջանս մանկապարտէզի մէջ անցուցի։ Օգնեցի դժուարութիւն ունեցող երեխաներու, բաներ սորվեցուցի անոնց եւ զանոնք դիտեցի դասարանին մէջ եւ պարտէզը։ Անոնց հետ գրադարան գացի։ Այս օրերուն կը սորվին ջութակ նուագել եւ հեծանիւ քշել։ Կային հիւանդութիւն ունեցող երեխաներ, անոնց հոգ տանիլը շատ լաւ էր։
Սիրեցի պզտիկներուն հետ ժամանակ անցընել, բայց չսիրեցի այն, որ շատ կու լային եւ չէին խօսեր ինծի հետ։
Այս փորձաշրջանը շատ սիրեցի, լաւ անցաւ, բայց չեմ ուզեր ապագային այս գործը ընել, որովհետեւ համբերութիւն չունիմ։
Էրիկ Մինասեան
Փորձաշրջանս տեղի ունեցաւ 18-էն 22 Մարտ, երկու գրադարաններու մէջ, որ կը գտնուին Գլամար քաղաքը։ Մէկը Ֆրանսուա Միթերան գրադարանն է, ուր մնացի երկու օր՝ Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, միւսը՝ Պիւյանտրի գրադարանը։ Այս երկուքը նոյն քաղաքին մէջն են եւ իրարու հետ կապ ունին։

Այս ընթացքին, սորվեցայ գիրքերը դասաւորել այբբենական կարգով, որպէսզի ընթերցասէր մարդիկ հեշտ ձեւով գտնեն։ Գրադարանին մէջ կար առանձին ընթերցասրահ, ուր մարդիկ կրնային նստիլ եւ իրենց ընտրած գիրքերը կարդալ։
Գրադարանէն օգտուելու համար պէտք էր ունենալ փոքրիկ քարտ, որպէսզի կարելի ըլլար որոշ ժամանակով տուն տանիլ գիրքեր, խաղեր, տեսերիզներ (DVD), սալիկներ (CD) եւ ետ դարձնել։
Orphée կայքէջի միջոցով կը հասկնայինք, թէ խնդրուած առարկաները այս գրադարանի՞ն մէջ են, թէ ուրիշ, կամ՝ գրադարանի ո՞ր շարքերուն մէջ կը գտնուին, նաեւ՝ ո՞վ ի՞նչ վերցուցած է, ե՞րբ պիտի վերադարձնէ, եւայլն։
Շատ պահանջուած գիրքերը պէտք է որ կերպընկալ կողքով պաշտպանուէին։ Ես գիրքերը պատեցի կերպընկալով եւ շարեցի։
Գիրքերու մասին տեղեկութիւն կու տայի մարդոց։ Մասնակցեցայ նաեւ միջոցառման մը. 2էն 5 տարեկան երեխաներու պատմութիւններ պատմեցինք։

Էրիկ Յարութիւնեան
Փորձաշրջանս անցուցի գոհարաշինութեան ձեռնարկութեան մը մէջ, Martin Paris, Փարիզ, 9-րդ թաղամաս։ Աշխատեցայ մէկ շաբաթ։ Գործը, թանկագին քարերը տեղադրել էր մետաղի վրայ։ Շատ ճշգրիտ աշխատանք է, կը գործածենք խոշորացոյց։ Քարը տեղադրելու համար պէտք է մետաղը ծակել, փորել. ասիկա մեծ կեդրոնացում կը պահանջէ։
Ես պէտք է փորէի մետաղը հաւասար խորութեամբ, առաջին օրը՝ ուղիղ գիծեր, երկրորդ օրը քառակուսի, երրորդ օրը՝ կլոր։ Վերջաւորութեան քարերը վրան շարեցի։
Ամէն առաւօտ կ’արթննայի ժամը 7-ին, որ փոխադրամիջոցով երթայի Փարիզ՝ գործի։
Ապրիլ 2025