ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Տէր Թոդիկի դպրոցը. գծանկարներ. մաս Ա.

1835, Սալմաստ՝ Պարսկաստան-1888 Թիֆլիս

Րաֆֆի իր «Կայծեր» վէպին մէջ կը ներկայացնէ Տէր Թոդիկի կերպարը։ Ան քահանայ մըն էր, տգէտ ուսուցիչ, որ՝ իր ժամանակի մտայնութեան համեմատ կը հաւատար խիստ պատժամիջոցներու եւ ծեծի դաստիարակչական մեթոտին։ Րաֆֆի հարկաւ այս կերպարով կը քննադատէր իր դարու համատարած տգիտութիւնը եւ կը բողոքէր ատոր դէմ։ Դպրոցասէրի 7-րդ դասարանի աշակերտները աշխատանք մը տարին այս նիւթով։  Այստեղ՝ անոնց գծանկարները եւ վէպէն արեւմտահայերէնով հատուածներ։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Անի Գոգդեդէ
Լարա Ֆարհատեան
Ազատ Քէշիշեան

Փոքր հասակէս մայրս հոգ կ’ընէր, որ գրել կարդալ սորվիմ եւ «մարդ» դառնամ։ Տաս տարեկան էի, երբ զիս թաղի քահանային մօտ տարաւ։ Մայրս զիս վարժապետին յանձնելու ժամանակ ըսաւ. «Տէ՜ր Հայր, ծառայ ըլլամ սուրբ աջիդ, որդիս քեզի ծառայ բերի, միսը քեզի, ոսկորը ինծի. ինչ որ կ’ուզես՝ ըրէ, միայն թէ երեխաս բան մը սորվի ու մարդ դառնայ»։

Տէր Թոդիկ էր վարժապետիս անունը։

Մեր դպրոցը Տէր Թոդիկի աւելորդ սենեակներէն մէկն էր, անասուններու ախոռին կպած։ Այն նեղ եւ խեղդուած խուցին մէջ լեցուած էին մօտ քառասուն աշակերտներ՝ զանազան տարիքի ու հասակի։ Բացի աշակերտներէն՝ այնտեղ կապուած էին տէր հօր նորածին հորթերը։ Ձմեռը շատ հաճելի էր։ Թէեւ վառելիք չունէինք, բայց ախոռը դասարանին միացնող պատուհանները բաց կը ձգէինք եւ անասուններու գոլորշին ներս կը թափուէր եւ մեր դասարանը բաղնիքի պէս կը տաքնար։ 

Լարա Ֆարհատեան


Սակայն ամառը անտանելի էր, որովհետեւ մէկ կողմէն կը փչէր անախորժ հոտը, միւս կողմէն՝ զանազան միջատներ կը մտնէին դասարան ու կը խայթէին մեզ։

Աթենա Փերրօ

Մեր դասատունը բոլորովին մերկ էր։ նստարան, աթոռ, սեղան կոչուած բաները այնտեղ չկային։ Աշակերտները այնտեղ ծալապատիկ կը նստէին խոնաւ յատակին վրայ, առանց տախտակամածի, որ ծածկուած էր խսիրներով։ Վարժապետը իր տակը այծի մորթ կը փռէր։ Մի քանի հարուստներու որդիներ նոյնպէս ունէին փոքրիկ օթոցներ, զորս իրենց տուներէն կը բերէին։

Տեզիրէ Քանուն-Տէր Թոդիկի դպրոցը՝ ամռան
Լեւոն Պօղոսով - գիւղի եկեղեցին
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *