
Նաւու մէջ. Զարեհ Խրախունի
Նաւ մը կ’անցնի մօտիկէն – Դուն կեցեր ես կը դիտես
Կամ նստեր ես, թէյ կը խմես դուն քեզի
Շոգենաւ մը, նաւ մը, նաւակ մը կ’անցնի –
Ձեռք կ’ընէ մէկը յանկարծ
Թաշկինակ մը կը շարժէ –
Ով է ինչ է չես գիտեր
Չես գիտեր թէ ուր կ’երթայ –
Յանկարծ դուն ալ ձեռք կ’ընես
Թաշկինակդ կամ գլխարկդ կը շարժես
Ու կը ժպտիս՝ ամենէն
Պայծառովը ժպիտներուդ ինքնաբուխ

Թէպէտ գիտես թէ ոչ ոք
Այդքան հեռուէն քու ժպտիլդ կը տեսնէ
Բայց դուն նորէն կը ժպտիս
Ձեռք կը շարժես, թաշկինակ…
Որովհետեւ ո՜վ է ի՜նչ է – չես գիտեր
Ա՞ն ուր կ’երթայ, դո՞ւն ուր կ’երթաս – չես գիտեր
Որովհետեւ – մրջիւններն իսկ բարեւ կու տան իրարու
Որովհետեւ դուն ալ կ’ուզես օր մը այդպէս ձեռք ընել
Ու դիմացէն ձեռք ընող մը ունենալ…։
https://rb.gy/76p81f
Այս յղումով՝ բանաստեղծութեան տեսերիզը, հրատարակուած Մայիս 2020-ին։
երկու Խաղ
Գայանէ Ջումայեան. Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան.
Սահմանումներուն համեմատ գտիր բանաստեղծութեան մէջ գործածուած հետեւեալ բառերը.

Գտիր հետեւեալ բառերը.
թաշկինակ – ձեռք – նաւակ – նաւ – շոգենաւ – դիտել – ժպտիլ – պայծառ – գլխարկ


2 Responses
Կը շնորհաւորեմ Նորա. այս խաղերը իրենց ամէնօրեայ դասերու՞ն վրայ պատրաստուած են թէ դասերէն անկախ նիւթեր են: Կը կարդան, բառերուն իմասը կը սովրին, կը տրամաբանեն, կը փնտռեն,( կը նշանակէ կրկին կարդալ) եւ պատասխանը կը գրեն:
Օրական քանի՞ պահ հայերէն դաս ունիք,
Ո՞ր դասարանին գրաճանաչ կը դառնան եւ հայերէնով որեւէ մանկական գիրք կրնան կարդալ և գրել… նիւթերդ ալ ճանաչողական և այլազան են. Շատ ճիգ՝ այսքան կարդալը սովրեցնելու՝ 7 րորդ դասարանի տարիքին…: Ուրեմն՝ հաւանաբար թերեւս տան մէջհայախօս չեն, … տարբեր պայմաններ ունին…:
Շնորհակալ եմ, Զարուկ, գրառումիդ եւ հարցումներուդ համար։ Այս նիւթերը, որոնց շուրջ այլազան ձեւերով հոս կ’արտայայտուին աշակերտները, ընդհանրապէս դասարանին մէջ բոլորին կը հրամցուին։ Նիւթը մարսուելէն ետք, կ’առաջարկեմ որ արտայայտուին իրենց ուզած ձեւով՝ խաղեր, գծագրութիւն, արձանագրութիւն, եւլ.։ Այս երկրորդ բաժինը տունը կ’ըլլայ եւ դպրոցէն դուրս կ’աշխատինք միասին ի-մակներով, whatsapp-ով։ Ես մեծապէս կը գնահատեմ անոնց պատրաստակամութիւնը։ Ասկէ զատ, ոմանք ինքնաբուխ նիւթերով առաջարկներ կ’ընեն եւ կը ներկայացնեն գիտական նիւթեր կամ ՙուսումնասիրութիւններ՚ ։ Բոլորն ալ հոս կը դրուին։
Շաբաթական 3 ժամ հայերէնի պահ ունին։ Երբ միջնակարգ կը հասնին, պէտք է կարենան կարդալ, բայց ՙբայց՚երը բազմաթիւ են։
ԾԻԾԵՌՆԱԿի մէջ հրատարակուիլը զիրենք կը խանդավառէ։ Ահա թելը։