
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Օֆելիա Գասպարեան
Արձակուրդին ես գացի տեսնելու աղքատ մարդ մը, որ արդէն հինգ տարի է կ’ապրի մեր տան քովը։ Իր տունը կորսնցուցած է, որովհետեւ աշխատանքի վայրէն վռնտած են զինք։
Այդ օր որոշեցի երթալ եւ իրեն օգնել։ Իմ սիրած կարկանդակներս եւ հաց- պանիր պատրաստեցի, ջուր գնեցի եւ գացի քովը։
Պատմեցի մեր ծրագիրին մասին, շատ ուրախացաւ, շնորհակալութիւն ըսաւ, շնորհաւորեցի իր Սուրբ Ծնունդը եւ Ամանորը, նստեցայ իր քովը, խօսեցանք կեանքի մասին, թէ ինչպէ՞ս հոս հասեր է, ի՞նչ կեանք ունէր առաջ, ի՞նչ է իր երազը։ Իր երազն էր գոնէ տանիք մը ունենալ ու քիչ մը գումար։ Քիչ մը լացաւ, բայց ժպիտով մեր խօսակցութիւնը աւարտի հասաւ։
Հայկ Աճամեան
Երբ որ տեսայ մուրացկան մը, շատ աղքատ վիճակի մէջ, անմիջապէս ետ գացի տուն, ուտելու բան մը սարքեցի եւ տասը եւրօ առի իրեն տալու համար։
Երբ որ վերադարձայ, իրեն մօտեցայ եւ ըսի՝ «Ասի ձեզի համար է»։ Բացատրեցի որ այս կ’ընեմ, քանի որ ես կ’ուզեմ լաւ բան մը ընել իր վիճակին մէջ գտնուող մարդոց, ասի կ’ընեմ Սուրբ Ծնունդի առիթով եւ սրտանց կ’ընեմ։ Եթէ պէտք ըլլայ նորէն կ’ընեմ։
Մուրացկանը պատասխանեց ըսելով, որ շատ ուրախ է, շատ շնորհակալ է եւ երկար կեանք մաղթեց ինծի։
Լիւքա Եարանուշ
Այն անօթեւան մարդը, որուն ուզեցի օգնել, մէկն է, որուն առաջ իմ հայրս օգնած է, ձմեռ օր մը, երբ դուրսը շատ պաղ էր։ Ան հեռաձայնած էր S.A.M.U-ին (շտապ օգնութիւն), որպէսզի աւելի տաք տեղ տանին զինք։
Ուրեմն, հարցուցի հօրս, որ ո՞ւր կրնամ գտնել զինք, ըսաւ որ խանութին առջեւն էր ։

Կիրակի, եկեղեցիէն յետոյ, գացի իրեն համար հաց եւ ջուր գնելու։ Այն ատեն, չէի գիտեր, եթէ աւելի շատ բան առնեմ՝ ծածկոց, հագուստ, եւ այլն…։ Խորհեցայ որ յաջորդ անգամ, երբ տեսնեմ զինք, իրեն պիտի ընծայեմ ծածկոց մը։
Ժպիտով բարեւ ըսի իրեն եւ հարցուցի անունը. Պեռնար։ Իրեն տուի հացը եւ ջուրը եւ բարի Ամանոր մաղթեցի։ Ան ալ բարեւեց, անունս հարցուց եւ «բարի Ամանոր» ըսաւ։ Ըսաւ նաեւ, որ օգնութիւնս ազնիւ եւ լաւ բան մըն էր։
Շատ սիրեցի այս ըրածս, որովհետեւ հասկցայ, որ շատ մարդիկ չկան որ կ’օգնեն անօթեւաններուն։ Անոնք կը ժպտին անմիջապէս, երբ նուէր կու տաս իրենց, որովհետեւ շատ նուէր չեն ստանար։ Անօթեւանին օգնելը երջանիկ դարձուց զիս։
Միհրան Աւետիսեան
Արձակուրդին, օր մը աղքատ մը տեսայ, որոշեցի իրեն ուտելիք առնել։ Երբ որ իրեն պատառ եւ խմելիք տուի, շատ ուրախ էր։ Իրեն ըսի «Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ», ինքն ալ զիս շնորհաւորեց։
Իրեն հարցուցի. « Ինչպէ՞ս ես », ըսաւ. «Հիմա լաւ եմ, քանի որ քեզի հետ կը խօսիմ»։ Շատ ուրախ էր, որ երիտասարդ մը իրեն հետ կը խօսէր։ Ըսի որ օրիորդս ըսաւ, որ ասիկա ընեմ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց։
Անայիս Կօլ
Արձակուրդին, օր մը, ամէն օրուայ պէս պտոյտի գացի, երբ որ տեսայ տիկին մը, որ մեր եկեղեցիէն կը ճանչնամ։ Այս տիկինը ընտանիք չունի եւ շատ ծեր է։ Ես մտածեցի, որ լաւ միտք կ’ըլլայ զինք ուրախացնել այս Սուրբ Ծնունդին, որ մինակը պիտի տօնէ։
Յաջորդ Կիրակի ես գացի եկեղեցի զինք տեսնելու համար։ Ես շնորհաւորեցի Սուրբ Ծնունդը եւ Նոր Տարին։ Իրեն նուիրեցի մի քանի թխուածքաբլիթներ, որ պատրաստած էի այս առիթին համար։
Ինք ուրախացաւ, ես ալ ուրախացայ։ Ինծի շնորհակալութիւն յայտնեց բազմաթիւ անգամներ։ Կ’աճապարէի, ուրեմն չկրցայ իրեն հետ շատ խօսիլ, բայց ես դեռ շատ ուրախ եմ, որ իրեն ուրախութիւն բերի այս Սուրբ Ծնունդին։

Էրիկ Յակոբեան
Արձակուրդի ժամանակ, ես գացի պապիկիս տունը զինք տեսնելու համար: Այն տեղը իմ ընկերներս կան եւ իրարու հետ գացինք տեղ մը ճաշելու: Երբ որ կերանք եւ ընկերներս կը պատրաստուէին տուն երթալ, ես ճաշ եւ ջուր պատուիրեցի, որ մէկուն տամ:
Գացի տուի պապիկի մը, դուրսը նստած։ Հետը խօսեցայ եւ շատ բան չհասկցայ։ Խօսակցութեան սկիզբը ան բարկացաւ եւ բարկանալէն յետոյ խօսեցաւ իր մասին, բայց շատ լաւ ֆրանսերէն չէր խօսեր: Հասկցայ որ գործը կորսնցուցեր էր եւ իր երեխաները չէին ուզեր զինք պահել:
Շնորհաւորեցի իր Նոր Տարին եւ ճաշը տուի, ան շատ անգամ «Merci, merci» ըսաւ ուրախ ժպիտով: Եւ ես գացի ընկերներուս մօտ։ Գացինք խաղալու:
Սարգիս Քէնտիր
Ճամբան կը քալէի, երբ տեսայ աղքատ մարդ մը, առանց ընտանիքի եւ բարեկամի, շէնքի մը առջեւ գետին նստած։ Հացատունէն անցայ, որ աղքատին հաց եւ շիշ մը ջուր գնեմ։ Աղքատին տուի եւ ըսի «Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր Տարի», ինքը ինծի նոյնը մաղթեց։ Շատ շնորհակալ եղաւ։ Հասկցայ, որ կարեւոր է միւսներուն օգնել։
Լիլիա Պօղոսով
Այդ օրը, եղբօրս հետ գացի խանութ Ամանորի նուէր գնելու համար։ Երբ դուրս եկայ, տեսայ մարդ մը նստած անկիւն մը։ Մարդիկ անոր ոչ մէկ ուշադրութիւն դարձնելով կ’անցնէին։
Ես նկատեցի իր տխութիւնը։ Որոշեցի մօտենալ ու տուի գրպանիս ամբողջ դրամը, ջուր եւ քաղցրաւենիք։ Ինծի շատ բարի խօսքեր ըսաւ ու շատ շնորհակալ եղաւ։ Ես իրեն ցանկացայ ուրախ Սուրբ Ծնունդ։ Եւ քանի որ շատ կը շտապէի չկարողացայ երկար խօսիլ իրեն հետ։ Ուրախացայ որ ես այդ մարդուն օգնեցի։
Օննիկ Ալթունեան
Օր մը գացի տեսնելու անապաստան մարդ մը, որ նստած էր խանութի դիմաց։ Ես իրեն համար գնեցի ջուր եւ պատառ։ Ան ինծի հազար անգամ շնորհակալութիւն ըսաւ։ Ես ալ շնորհաւորեցի Նոր Տարին։

Գրիգոր Մելքոնեան
Ես գացի աղքատ մը տեսայ, որ խանութի մը առջեւն էր։ Քիչ մը խօսեցայ հետը։ Ըսաւ որ ընտանիքը զինք դուրս դրած է տունէն, գործը կորսնցուցած է։ Քիչ մը դրամ տուի իրեն եւ տուն դարձայ։
Յունուար 2025