ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեր յիշատակարանը. մաս Ա.

Շէկ ձին- Մարք Շակալ

Դպրոցասէր վարժարանի աւարտական դասարանը (9-րդ) նկարչութեան եւ արուեստի իրենց ուսուցիչին՝ պարոն Սիմոն Քոֆթիէի հետ պատրաստեցին տարիրական թանգարան մը, musée virtuel, այնտեղ զետեղելու մեծ ծնողներէն իրենց փոխանցուած յիշատակներու պատմութիւնը։ Ստորեւ, մի քանի բաժնով կը ներկայացնենք այս աշխատանքը՝ իրենց կողմէ հայերէնի վերածուած։ 

Շնորհակալութիւն պարոն Քոֆթիէին, Ծիծեռնակին տրամադրած տուեալներուն համար։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Էդուարդ Խաչատրեան

Կարի մեքենայ

Մկրտիչը՝ մեծ հայրս դերձակ էր: Ան կը բնակէր Էջմիածին եւ կը համարուէր քաղաքի լաւագոյն դերձակներէն մէկը: 1941 թուականին, երբ ան կը բանար իր արհեստանոցը, իրեն յայտնեցին որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ. Չորեքճեանի հագուստը կարելու համար զինք են ընտրած։

Այս գործը իրեն համար շատ մեծ պատիւ էր: Իր կեանքի ընթացքին Կաթողիկոսը պիտի հագնէր իր ձեռքով կարուած զգեստը:

Այսօր, իր ընտանիքը հաստատուած է Ֆրանսա եւ իբրեւ յիշատակ կը պահէ այս կարի մեքենան եւ արդուկը:

19 Ապրիլ 2024

Խնկաման

Նարեկ Ասճեան

Այս խնկամանը կը պատկանէր տատիկիս։ Ան շատ հաւատացեալ էր, ուստի գնած էր այս խնկամանը, որպէսզի ամէն Կիրակի մաքրէր իր տան իւրաքանչիւր սենեակը խաչի շարժումով։

Խնկամանը նռան տեսք ունի, քանի որ այն հայկական խորհրդանիշ է։ Այսօր այդ առարկան կը պատկանի մօրս, որ նուէր ստացաւ Ֆրանսա ճամբորդած տատիկիս կողմէ։

19 Ապրիլ 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *