ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ինչ որ եռանդով կ’ընեմ. մաս Դ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Հայկական պար

Անի Գոգտետէ

Հայկական պարը սկիզբ առած է Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, հազարաւոր տարիներ առաջ։ Կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող ու արտայայտող միջոցներէն մէկը։

Իր միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդի մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերումը։

Սերունդէ սերունդ փոխանցուելէ եւ փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, հայկական պարը պահպանած է իրեն յատուկ շարժումները, կառուցուածքը եւ երաժշտութիւնը։

Հայկական պարի օրինակներ են Եարխուշտա, Թամզարա, Քոչարի, Գորանի եւ ուրիշներ, որոնք ես մեծ սիրով կը պարեմ արդէն մօտ 8 տարի է ֆրանսահայ «Մեծ Հայք» պարախումբին մէջ։

Տեզիրէ Քանուն

«Արարատ» պարախումբը հիմնուած է 2003 թուականին, որպէսզի ֆրանսահայ երիտասարդները հայկական պար սորվին։

«Արարատ» պարախումբին մէջ կան բազմաթիւ խումբեր, ամէն մէկուն մէջ կայ քսան պարող։ Բոլորս միասին 125 պարող ենք, 5 տարեկանէն մինչեւ 28 տարեկան։

25 Յունիս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *