Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
Ալեքս Կիւլամիրեան
Ժիւտօ
Ժիւտօն մարտական մարզաձեւ է։ Կան մի քանի գօտիներ։ Ամէն մակարդակ ունի իր գօտին։ Վերջին գօտին սեւն է, առաջին գօտին՝ սպիտակը։ Յատակը կը կոչուի թաթամի (tatamis)։ Չէք կրնար հակառակորդի գլխուն հարուածել կամ զայն խեղդել։ Չէ թոյլատրուած։
25 Յունիս 2024
Սիլվի Յովսէփեան
Թենիս
Թենիսի կանոնները.
Թենիսը կը խաղցուի ցանցով բաժնուած դաշտի մէջ, նուազագոյնը երկու եւ առաւելագոյնը չորս հոգիով։
Սեթ շահելու համար պէտք է յաղթել 6 խաղ, 2 կէտի տարբերութեամբ։
Մրցախաղը շահելու համար տղամարդիկ պէտք է յաղթեն 2 կամ 3 սեթ (կախում ունի մրցաշարէն), իսկ կանայք՝ 2։
Թենիսի միաւորները 0-էն մինչեւ 6 կ’երթան։ Ով որ հասնի 6 միաւորի, կ’առնէ սեթը, պայմանաւ որ ըլլայ 2 միաւորի տարբերութիւն։ Հակառակ պարագային, «վճռորոշ խաղ»ով 7 միաւորի հասնողը կ’առնէ սեթը։
25 Յունիս 2024