Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
Մելինէ Ֆորէլ
Սահամոյկ
Սահամոյկը կօշիկի տեսակ է, որուն տակը կան անիւներ։ Զայն հնարած է պելճիքացի Ժան Ժոզէֆ Մերլէն,1760 թուականին։
Կան սահամոյկեր, որոնք ունին երկու անիւ առջեւը, երկու անիւ ետեւը։
Իսկ այն տեսակը, որուն անիւները սահամոյկին մէջտեղը շարուած են ետեւ ետեւի, հնարուած է անգլիացի Ռոպեր Ճոն Թայըրզի կողմէ, 1828 թուականին։
Սահամոյկով փոխադրուելու համար պէտք է պաշտպանենք մեր գլուխը, դաստակը, ծունկը եւ արմուկը։
Սահամոյկ ընելը խնդալիք է, բայց շատ դժուար։
25 Յունիս 2024
Լարա Ֆարհատեան
Փինկ փոնկ
Փինկ փոնկը շատ կը սիրեմ, որովհետեւ զուարճալի է։ Այս մարզաձեւին մէջ շատ զօրաւոր եմ եւ բոլորին կը յաղթեմ։
Ես փինկ փոնկ կը խաղամ խումբի մը մէջ, ուրիշ երեխաներու հետ։ Կ’երթամ քաղաքիս մարզարանը Երկուշաբթի ժամը 18։30-էն մինչեւ ժամը 20։00։
Երբ որ պզտիկ էի լաւ խաղալ չէի գիտեր, բայց հիմա շատ լաւ կը խաղամ։
26 Յունիս 2024
Շարլի Փերրօ
Ռիւկպի
Իմ մարզաձեւս ռիւկպին է։ Շատ կը սիրեմ այս մարզանքը, քանի որ ընկերներ ունիմ։ Երբ կը վերջացնենք մարզումները եւ մրցումը, կրնանք միասին խորտիկներ ուտել։ Բայց ռիւկպիի մէջ ամենէն շատ սիրածս գնդակն է։
25 Յունիս 2024