ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ողիմպիական կրակին պատմութիւնը

Ռաֆֆի գարա
Դպրոցասէր վարժարան, 7-ր դասարան

Ողիմպիական կրակը Ողիմպիական խաղերու մեծ խորհրդանիշներէն մէկն է։ Անոր ստեղծումը կու գայ հին յունական խաղերու աւանդոյթէն, ուր աստուածներու պատուին սրբազան կրակ կը վառէին:

 Կրակին անցած ճանապարհը տարբեր մայրցամաքներու եւ երկիրներու մէջ կ’ազդարարէ Ողիմպիական խաղերու սկիզբ։

Ջահակիրները կը փոխանցեն կրակը վառելով միմիանց ջահերը, այնուհետեւ վերջին ջահակիրը կը մօտենայ Ողիմպիական կաթսային՝ զայն վառելու իր ջահով: Երթուղին սկիզբ կ’առնէ Յունաստանի Ողիմպիա քաղաքէն՝ Հերայի տաճարի աւերակներէն:

Կրակին առաջին ճանապարհորդութիւնը տեղի ունեցած է 1936 թուականին, Պերլինի մէջ ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ։

Այսօր կրակը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն, բարեկամութիւն եւ միութիւն:

27 Մայիս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *