Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանի աշակերտները կը գրեն աշխատանքային իրենց առաջին փորձառութեան մասին
Էրիկա Սեդրակեան
9-րդ դասարանի բոլոր աշակերտները մէկ շաբթուան փորձաշրջան ունէին անցընելու։ 18-էն 22 մարտ մեր փորձաշրջանին շաբաթն էր։ Անհամբեր կը սպասէի, քանի որ ինծի համար շատ հետաքրքրական էր. նոր մարդիկ, նոր միջավայր։ Դիմումնագրերս ուղարկեր էի տարբեր տեղեր, համաձայնութիւն ստացայ Մոնոփրի հանրախանութէն։
Պատասխանատուն սիրով ընդունեց զիս առաջին օրը եւ ծանօթացուց միւս աշխատողներուն։ Մեր անունները փոխանակեցինք եւ անոնք ինծի ցոյց տուին, թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս են դասաւորուած ապրանքները։
Այս խանութին մէջ կան տարբեր բաժիններ՝ մթերային, խնամքի, առողջապահական, գեղագիտական, նաեւ հագուստի բաժին։
Երկրորդ օրը, իմ փափաքիս համեմատ աշխատեցայ գեղագիտական բաժինը։ Երրորդ օրը ինծի առաջարկեցին մթերային բաժինը, որպէսզի վերադասաւորեմ մթերքները ըստ ժամկէտի։ Չորրորդ օրը մաքրութեան օր էր։ Ես եւ տղայ մը մաքրեցինք սառնարաններու ապակիները եւ կարգի բերինք խառնուած մթերքները։ Հինգերորդ օրը վերջին օրն էր։
Բոլորը շատ գոհ էին ինձմէ, ես ալ գոհ էի իրենց սիրալիր ընդունելութենէն։ Ինծի համար պատրաստեր էին փոքր նուէր, որմէ անչափ զգացուած էի։ Շատ լաւ աշխատակազմ էր, բոլորս իրարմէ գոհ էինք։
7 Մայիս 2024
Նարեկ Պերպեր
Փորձաշրջանս անցուցի Մոլիթոր (Molitor) պանդոկին մէջ։ Առաջին երկու օրերը սորվեցայ, թէ ինչպէ՞ս կը մաքրենք եւ կը պատրաստենք սենեակ մը, երբ յաճախորդ մը կ’երթայ եւ ուրիշ մը կու գայ։
Մոլիթորը շատ մեծ էր եւ ես շատ սիրեցի յարդարանքը։ Կար երկու լողաւազան, որովհետեւ Մոլիթորը նախապէս լողաւազան էր։
Երեք վերջին օրերը աշխատեցայ ճաշարանի մէջ։ Յաջոխորդներուն տուի ճաշատեսակներու ցանկը, մաքերցի եւ պատրաստեցի սեղանները։
Վերջին օրը սրճարանը աշխատեցայ։ Շատ դժուար էր, որովհետեւ շատ մարդ կար եւ պէտք էր բոլոր յաճախորդներուն ապսպրանքները առնէի։
Շատ սիրեցի այս փորձաշրջանը եւ պատասխանատուներս համակրելի մարդիկ էին։
22 Մարտ 2024
Յովհաննէս Յովհաննիսեան
Հինգ օրուան փորձաշրջանս կատարեցի COS IMMOBILIER ձեռնարկութեան մէջ, որ կը գտնուի Փարիզ: Այդ անշարժ գոյքի գործակալութիւն է:
Օր 1
Ժամը 9-էն մինչեւ 12 քննեցի հաստատութեան կայքէջը (վաճառուած բնակարաններ, վարձու տուներ, աշխատակիցներ, տարբեր գործակալութիւններ եւ այլն …. ) եւ տեսայ, որ վաճառուեր է 117 տուն:
Ժամը 14:20-ին առի մէկ ժամնոց դադարս, որպէսզի ուտեմ եւ հանգստանամ:
Ժամը 15:30-ին վերսկսայ աշխատանքս։ Ժամը 17-ին աւարտեցաւ աշխատանքային օրս։
Օր 2
Ժամը 9-ին բացի համակարգիչը, յետոյ զանգեցի այն մարդոց, որոնք բնակարանի խնդրագիր ուղարկած էին։ Անոնցմէ խնդրեցի կարգ մը փաստաթուղթեր՝ անձնաթուղթ, վճարման 3 վերջին թերթիկները, աշխատանքային պայմանագիր, տուրքերու վերջին ազդ, հեռախօսահամար, քանի որ բնակարաններու այցելութիւնները տեղի կ’ունենան այսօր եւ վաղը։ Ժամը 13:10-ին դադրեցուցի գործս եւ աշխատանքի վերադարձայ ժամը 14:10-ին: Յաճախորդներուն հետ բնակարաններու այցելութիւն կատարեցինք երեկոեան ժամը 17-էն մինչեւ 18: Օգնեցի գործատիրոջ ծրարներու պատրաստութեան մէջ։
Օր 3
Այսօր պատասխանատուս շատ զբացած էր։ Ամբողջ օրը աշխատեցայ համակարգիչին վրայ փորձաշրջանիս զեկոյցը պատրաստելով։ Աշխատանքային օրս աւարտեցաւ ժամը 17-ին։
Օր 4
Սկսայ սորվիլ Excel-ի սկզբունքները։ Յետոյ նստեցայ վարձակալութեան աշխատանքը վարողին քով եւ մտիկ ըրի յաճախորդներուն խօսակցութիւնները նախորդ օրը այցելուած բնակարաններուն մասին ուղարկուած տեղեկութիւններուն շուրջ։
Այնուհետեւ գործատուս ինծի պատուիրեց նշել վարձակալներու թղթածրարին մէջ բացակայող տեղեկութիւնները՝ հասցէ, բնակարանի հարկային ազդ, ապահովագրութեան փաստաթուղթ, հեռախօսահամար եւ իմակի հասցէ։
Օր 5
ժամը 9-ին միացուցի համակարգիչը եւ շարունակեցի գրել վարձակալներու մասին բացակայող տեղեկութիւնները։ Ամբողջ օրը աս ըրի։
1 Մայիս 2024
Սիմոն Մովսիսեան
Մէկ շաբաթ գացի ճարտարապետական ձեռնարկութիւն մը փորձաշրջանս անցընելու։ Գացի նայելու թէ ինչպէս կ’աշխատէին մթերանոցի մէջ։ Աշխատողները ապրանքներու պէտք ունէին, ուրեմն գրասենեակ գացի պատկերահանելու, առարկաներ գնեցի, պահեստին մէջ տեղաւորեցի եւ մաքրութիւն ըրի։
Միւս օրերը ծանուցում բաժնելու գացի։ Հասկցայ թէ ինչ են ջերմաստիճանի պահպանման (isolation) եւ ջերուցիչի (pompe à chaleur) սկզբունքները։ Խօսեցայ գնորդներու հետ։ Հանգստանալու համար անտառ գացի։
Վերջին օրը ժամադրութեան գացի եւ հասկցայ, թէ ինչպէս պէտք է խօսիլ յաճախորդի հետ։
1 Մայիս 2024