ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեր փորձաշրջանը. մաս Գ.

Առաջին անգամ՝ գործի ասպարէզին մէջ. կը գրեն Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանի աշակերտները.

Լիլահ Գրըքճեան. Գրատան մէջ

Գրատան մէջ  անցուցած իմ փորձաշրջանիս ընթացքին շատ բաներ սորվեցայ. ինչպէ´ս բանեցնել ծրագրաւորման գործիքը (logiciel), ինչպէ´ս ապսպրել գիրքեր եւ արձանիկներ, յաճախորդի հետ յարաբերութեան կարեւորութիւնը։

Գիրքերը շարեցի եւ տեղաւորեցի։ Բացայայտեցի շատ հետաքրքրական գիրքեր, ինչպէս՝ Thunder 3, Look back։ Գտայ գիրք մը, որ կը պատմէ Մանուշեանի խումբին կռիւը։ Ասիկա շատ հետաքրքրական գտայ: Նաեւ ունեցայ բազմաթիւ ծանօթութիւններ։

Երախտապարտ եմ խնամակալիս եւ պաշտօնակիցներուս։ 

2 Մայիս 2024

Գայանէ Ֆորէլ

Մէկ շաբաթ փորձաշրջան անցուցի Rosebud productions ընկերութեան մէջ։ Այն ֆրանսական ընկերութիւն մըն է, որ ֆիլմեր եւ հեռատեսիլային հաղորդումներ կ’արտադրէ։ Կը գտնուի Փարիզի 15-րդ թաղամասը։ Հիմնուած է 18 Յունիս 2009 թուականին լրագրող, հաղորդավար, գրական քննադատ Ֆրանսուա Պիւնէլի եւ Ատրիէն Սոլանտի կողմէ, որ ընկերութեան նախագահն է։

Rosebud pruductions կ’արտադրէ նաեւ La grande librairie գրական հաղորդումը։  

Ես այնտեղ գրադարանի գիրքերը շարեցի, ընթերցումի մրցումի մը համար հատուածներ ընտրեցի, ուրեմն՝ շատ ուրախ էի։ Իսկ Հինգշաբթի օր, երկու հոգի՝ Փոլին ու Փիեռ, ինծի բացատրեցին թէ ինչպէ´ս կը պատրաստեն տեսերիզները անսթակրամի եւ ընկերային ցանցերու վրայ հրատարակելու համար։

Փորձաշրջանիս առաջին օրը չգացի, քանի որ պատասխանատուս հիւանդ էր։ Փոխարէնը, յաջորդ Չորեքշաբթի դպրոցէն ետք France TV հեռատեսիլի կայանը գացի եւ տեսայ La grande librairie-ի հաղորդավար Օկիւստէն Թրափընարը։ Հետը խօսեցայ, նկարուեցանք, յետոյ ուղղակի ձեւով հաղորդումը դիտեցի։

Գայանէն La grande librairie-ի հաղորդավար Օկիւսթէն Թրափընարի հետ

Նարեկ Ասճեան

Մարտի 18-էն մինչեւ 22 փորձաշրջան անցուցի Փարիզի 9-րդ թաղամասը, ոսկերիչի մօտ։ 

Աշխատանոցի տէրը մարդ մըն էր Էտկար անունով։ Կային 6 աշխատողներ։

Հոն սորվեցայ քար փայլեցնել։ Սկիզբը երկանաքարի վրայ պիտի դարձնէի քարը, որ բոլոր բիծերը երթային, յետոյ աւելի փափուկ երկանաքար գործածէի, որպէսզի փայլէր քարը, վրան ջուր ու ալիւմինիոմի փոշի դնէի, որ պաղէր եւ քարը աւելի հեշտութեամբ փայլեցնէի։ 

Այս փորձաշրջանի ժամանակ մի քանի քար տաշեցի, օնիքս էին։

Ես սիրեցի այս փորձաշրջանս։ Աշխատողներուն հետ կը զրուցէի ընկերներու պէս։ Ինչ որ սորվեցայ, ինծի համար հետաքրքրական էր։  

12 Մայիս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *